Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ՝

Արիւնատուութիւն
Կիրակի, 14 Մայիս 2023
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան»,
ժամը 10:00-14:00

Կոչ կ’ուղղենք բոլոր մեր հայրենակիցներուն,
մասնակցիլ այս մարդասիրական,
կարեւոր արշաւին, որ գործնական արդիւնքներ կ’ապահովէ բոլորին անխտիր։

Փութա՛ արիւն տալու, կեանք մը փրկէ
***

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ներ­կա­յա­նա­լէ ա­ռաջ
նկա­տի ու­նե­նանք հե­տե­ւեալ պայ­ման­նե­րը

*Ա­րիւ­նա­տու­նե­րը ի­րենց հետ պէտք է ու­նե­նան ինք­նու­թեան թուղթ եւ Ըն­կե­րա­յին Ա­պա­հո­վագ­րու­թեան ի­րենց թի­ւը (ΑΜΚΑ):
*­Ձեր հետ ու­նե­ցէք անձ­նա­գիր եւ ա­րիւ­նա­տուի գար­դը:
*Ա­րեան մա­տու­ցու­մը պէտք չէ կա­տա­րուի ա­նօ­թի ստա­մոք­սով. անհրա­ժեշտ է թե­թեւ նա­խա­ճաշ մը ը­րած ըլ­լալ եւ մա­նա­ւանդ ա­ռատ ջուր կամ հիւ­թեր խմել: Ան­շուշտ ա­կում­բին մէջ միշտ կը տրա­մադ­րո­ւի անհ­րա­ժեշտ սնուն­դը ա­րիւն տա­լէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ եւ յե­տոյ:
*Նա­խորդ գի­շե­րը նուա­զա­գոյ­նը 5-6 ժամ լաւ քնա­ցած ըլ­լալ:
*­Նա­խորդ ի­րի­կուն խմիչք սպա­ռած պէտք չէ ըլ­լալ (մէկ գա­ւաթ խմիչ­քը խնդիր չէ):
*­Չենք կրնար ա­րիւն տալ, ե­թէ ան­թի­պիո­թիք դեղ կ’առ­նենք:
*Ե­թէ դա­ջո­ւածք (tattoo) ու­նիք ձեր մարմ­նին վրայ, նուա­զա­գոյ­նը վեց ա­միս պէտք է ան­ցած ըլ­լայ այն օ­րէն որ դա­ջո­ւած­քը ը­րած էք:
*Ա­րիւն տա­լու թո­ւա­կա­նէն նո­ւա­զա­գոյ­նը 24 ժամ ա­ռաջ ո­րե­ւէ դե­ղօրայք չգոր­ծա­ծել, նոյ­նիսկ աս­փի­րին:
*Ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մը կեան­քի թան­կա­գին նո­ւէր է՝ ա­նոր կա­րի­քը ու­նե­ցող հայ­րե­նա­կի­ցի մը հա­մար: