1973ին սկիզբ առած ու 44 տարի անխափան շարունակուող կարեւոր այս ձեռնարկը իր ուրոյն պատգամները կը փոխանցէ ամէն անգամ՝ մարդասիրական ազնիւ գաղափարները յառաջ մղելով։
Կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու նպատակով, ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը, միշտ իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ, որոնցմէ շատեր ամէն տարի ներկայ կ’ըլլան արիւնատուութեան արշաւին, հոգեկան բարձր գոհունակութիւն ստանալով իրենց կատարած մատուցումով։
Կիրակի 12 Մարտ 2017ին առաւօտեան ժամը 10։00էն 14։00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած արիւնատուութիւնը՝ կանուխէն նշանաւորելով Ապրիլեան ձեռնարկներու սկիզբը։ Կարելի եղաւ 29 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ:
Ստացուած արեան քանակութիւնը, այս տարի դարձեալ, տրամադրուեցաւ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան քանակը: Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր այս տարիներու ընթացքին, որ Հ. Կ. Խաչը արիւնատուութեան իր արշաւը կը կազմակերպէ, պահ դրուած արեան քանակը՝ չափազանց մեծ թիւով հայրենակիցներու օգտին տրամադրուած է, անոնց դիմագրաւած առողջապահական դժուար պարագաներու ժամանակ։
Գոքինիոյ մէջ արիւնատուութեան օրուան պատասխանատուները՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» տեղական մասնաճիւղի վարչութիւններու ընկերուհիները, ներկայ գտնուեցան առտուան կանուխ ժամերէն, օգտակար հանդիսանալով կամաւորներուն, բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն՝ հսկելով արիւնատուութեան լաւագոյն կազմակերպման։
Հարկ է նշել, թէ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի տուեալ նախաձեռնութիւնը՝ մարդասիրական մատուցում մըն է մեր բոլոր հայրենակիցներու օգտին: Անձնազոհութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացող կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը իր հաւատարիմ շրջանակը ունի, որ տարիէ տարի կը նորոգուի՝ ազնիւ գաղափարին հաւատացող հայրենակիցներու մասնակցութեամբ։
Նշենք, թէ արիւնատուութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի՝ 19 Մարտ, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս:
Արիւնատուութիւն
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան արիւնատուութեան արշաւի առաջին փուլը տեղի ունեցաւ