Անցեալ ամսուան մէջ, իր աչքերը փակեց Գոքինիոյ շրջանի ծանօթ եւ պատուաւոր ազգայիններէն՝ Արիս Գափլանեան։ Ան սիրուած էր բոլորէն, մասնաւորապէս իր հեզ ու բարեհամբոյր նկարագիրին համար, այլեւ մօտ 50 տարուան մասնակցութեան համար Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին մէջ, որ շարունակուեցաւ մինջեւ իր կեանքի վերջին շրջանը։
Հանգուցեալը ծնած էր Ամարուսիոյ մէջ՝ 1938-ին, երբ այն տարիները գաղթականութեան հայաշատ հիւղաւանները տարածուած էին Աթէնքի զանազան շրջանները։ Զրկուած էր հայեցի կրթութեան բարիքներէն, սակայն ընտանեկան օճախի հայաշունչ մթնոլորտը Արիսը կապուած կը պահէր հայկական արժէքներուն։
Կեանքի բերումով փոխադրուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Գոքինիա, ուր սկսաւ զարգացնել իր սեփական գործը եւ աստիճանաբար մասնակից դառնալ հայ կեանքին։
Ունէր կաշիի վաճառատուն եւ ստեղծեց բարեկեցիկ կեանք մը։ Կազմեց հայկական շունչով ընտանիք մը իր կողակիցին՝ Արմենուհիին հետ, եւ բախտաւորուեցաւ զաւակներով ու թոռներով, որոնց փոխանցեց իր սէրն ու հոգատարութիւնը։ Իրար յարգանքի եւ սիրոյ մթնոլորտը անպակաս եղաւ իր տան մէջ, սակայն, քանի մը տարի առաջ դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կողակիցը, որուն հանդէպ կը տածէր անսահման գուրգուրանք եւ հիացում։
Երիտասարդ տարիքին գործեց Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութեան մէջ, այլ հաւատաւոր եղբայրներու կողքին, եւ այն տարիները վայելեց միութեան ոտնագնդակի խումբի յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուաճումները Գոքինիոյ գաղութին մէջ։ Ներկայ եղաւ շրջանի եւ կեդրոնական ելոյթներուն ու ամէն առիթով իր նիւթական նուէրներով զօրավիգ կանգնեցաւ գաղութային գործունէութեան։ Երբ առաջին անգամ Արցախի զոհուած ազատամարտիկներու որբացած զաւակները խմբովին այցելեցին Յունաստան՝ Հայ դատի յանձնախումբի կարգադրութեամբ, Արիս նուէրներով ուրախացուց բոլոր պատանիները ու անոնց հրճուանքով ինք եւս գոհացում ստացաւ։
Իր կեանքի նուիրումը եղաւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին, որուն ծառայեց ամենայն հաւատարմութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ։ Ամէն Կիրակի, ներկայ եղաւ որպէս թաղական, հաւատալով հոգեւոր հաստատութեան դերին, տքնեցաւ եւ մտահոգուեցաւ զայն շէն պահելու համար, նախանձախնդրութեամբ հետամուտ եղաւ, որպէսզի Կիրակի մըն իսկ չանցնի առանց եկեղեցին բաց ըլլալու եւ ժողովուրդ ընդունելու։
Մեր հայրենակիցները կը յիշեն իր երկիւղած շփումը ժողովուրդին հետ՝ «ողջոյն» առնելու եւ փոխանցելու ժամանակ ներկայ հաւատացեալներուն։ Մասնաւորապէս, եկեղեցւոյ տօնախմբութեան օրը կամ մեծ տօնական պահերը բերկրանքի առիթներ եղան Արիսին համար, որուն սիրտը ուրախութեամբ կը ցայտէր ի տես ժողովուրդի բազմամարդ ներկայութեան։
Հակառակ, որ տարիքի բերումով կը գանգատէր իր ֆիզիքական կացութեան ծանրացման մասին, Թաղային խորհուրդի ժողովներուն ու ամէն Կիրակի եկեղեցի ներկայ ըլլալու հանգամանքը մխիթարութիւն կը պատճառէր իր յոգնաբեկ էութեան, որ սակայն ընդհատուեցաւ անսպասելի արկածի մը պատճառով ու իրեն քամեց անկողինին վրայ։ Չկարողացաւ դիմանալ կացութեան ու կարճ ժամանակ յետոյ անցաւ անդենականին։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Ապրիլին։ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ արժանաւորապէս խօսեցաւ Արիս Գափլանեան անձի ու ազգային մարդու յատկութիւններուն մասին, ընդգծելով իր եկեղեցասիրութիւնը եւ համեստօրէն տալու բարոյական ու նիւթական առատաշնորհ նուիրումը։ Ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն կողքին, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը եւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութեան անդամները պատուեցին իրենց անդամի վերջին հրաժեշտը։
Հողը թեթեւ ըլլայ սիրելի հայրենակիցի մարմինին վրայ։
Ք.Է.