«Ազատ Օր»ի երկարամեայ վաստակաւոր խմբագիր ընկ. Յովսէփ Պարազեանի մահուան առիթով, հանգուցեալի ընտանիքը ամբողջութեամբ թերթիս նուիրեց ընկ. Յովսէփի գրադարանը, որ կը պարունակէ մեծ թիւով գիրքեր ազգային, գրական, պատմական եւ գաղափարական նիւթերով, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»ի հաւաքածոներով: Անոնք տարիներու ընթացքին հաւաքուած էին հանգուցեալին կողմէ եւ այժմ պիտի տեղադրուին «Ազատ Օր»ի գրադարանին մէջ։
Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէն եւ «Ազատ Օր»ը խորին շնորհակալութիւններ կը յայտնեն Մայտա Պարազեան ընտանիքին, իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի յիշատակին՝ թերթիս կատարած նկատառելի նուիրատուութեան համար։
Արժէքաւոր նուիրատուութիւն մը՝ «Ազատ Օր»ին
Արժէքաւոր նուիրատուութիւն մը՝ «Ազատ Օր»ին