Ա­ւան­դա­բար, ­Նոր ­Տա­րո­ւան գա­լուս­տը կը նշա­նա­ւո­րէ նոր յոյ­սեր փայ­փա­յե­լու ա­ռի­թը։ ­Մաղ­թանք­նե­րով լե­ցուն այս օ­րե­րը, նաեւ սպա­սում­նե­րու շարք մը կը ստեղ­ծեն՝ հո­գե­կան, զգա­ցա­կան ու մտա­յին, ո­րոնց ի­րա­գործ­ման ակնկա­լու­թիւ­նը քիչ մը ա­ւե­լի խան­դա­վառ կը դարձ­նէ մարդ­կա­յին էա­կը ան­հա­տա­բար եւ կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ միաս­նա­բար։
Ա­հա այս երկ­րոր­դին մէջ է, որ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն եւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը կը մտա­ծեն նաեւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած գա­լի­քի մը գա­ղա­փա­րին։ ­Սա­կայն, կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մեզ կը յու­շէ, թէ գործ­նա­կան քայ­լե­րը պէտք է ըլ­լան հե­տե­ւու­մը այն հա­րուստ մտա­ծում­նե­րուն, ո­րոնք յա­ճախ յոր­դա­ռատ կը տա­րա­ծո­ւին ու կը գե­րա­զան­ցեն միտ­քը գոր­ծի վե­րա­ծե­լու հրա­մայակա­նին։
­Վե­րա­նո­րոգ­ման ու ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն յար­մա­րե­լու ստի­պո­ղա­կա­նու­թեան մէջ կ­՚իյ­նայ նաեւ մա­մուլն ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տը վե­րա­նա­յե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Այ­լեւս, ընդ­հան­րա­կան կա­պը վերս­տին ար­ժե­ւո­րե­լու եւ այս ան­գամ տար­բեր մեկ­նարկ­նե­րէ հաս­տա­տե­լու կա­րի­քը ու­նի մեր գա­ղու­թա­յին տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հա­մա­կար­գը։
Այ­սօր, դա­սա­կան մա­մու­լը՝ այ­սինքն թեր­թը չէ միայն, որ կը կա­րօ­տի վե­րա­նայ­ման։ Ա­նոր կող­քին, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծո­ւած ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կը եւս պէտք է ա­ւե­լի զտո­ւած ներ­կա­յա­նայ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ։
Ա­ռա­ջի­նը, տա­կա­ւին պա­հե­լով իր ա­ւան­դա­կան ձե­ւը, այ­սօր այն­քան հրա­պու­րիչ ըն­կա­լում չու­նի ե­րի­տա­սարդ ու մի­ջին սե­րուն­դէն։ Երկ­րոր­դը, ա­ւե­լի սան­ձար­ձակ ի­րա­կա­նու­թիւն մը կը ներ­կա­յացնէ, որ թէ­կուզ ըն­թեր­ցո­ղին ու դի­տո­ղին առ­ջեւ ան­մի­ջա­կան ըլ­լա­լու ա­րա­գու­թեան մէջ կը շար­ժի, այ­սու­հան­դերձ ան­կազ­մա­կերպ, յա­ճախ անն­պա­տակ ու ի­րար հա­կա­սող պա­տե­րուն վրայ կը բա­խի։
Անց­նող ­Դեկ­տեմ­բե­րին, տե­ղա­կան կու­սակ­ցա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան շրջա­գի­ծէն ներս մա­մու­լին մա­սին գու­մա­րո­ւած խորհր­դա­ժո­ղո­վը ե­կաւ բա­ւա­կան ախ­տա­ճա­նա­չում­ներ ը­նե­լու եւ ա­ռատ լոյս սփռե­լու այ­սօ­րո­ւան հա­մա­կար­գին վրայ, միա­ժա­մա­նակ զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­նե­րով ու մտա­ծում­նե­րով հաս­տա­տեց մեր գա­ղու­թա­յին տե­ղե­կա­տո­ւա­կան փոր­ձա­դաշ­տը վե­րա­նա­յե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Ա­ռա­ջարկ­նե­րու շար­քը ա­ւե­լի ման­րա­մասն քննե­լու ու զա­նոնք բա­նա­ձե­ւե­լու կա­րի­քը կայ տա­կա­ւին։ Ա­նոնց մէջ կը նշմա­րո­ւի մա­մու­լին հան­դէպ տար­բեր ըմբռ­նում­ներն ու սպա­սում­նե­րը միա­ւո­րուած տես­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ ­Միա­ժա­մա­նակ, կը զգա­ցո­ւի նոր լու­ծում­նե­րու մա­սին խօ­սե­լու պայ­մա­նը։ Ա­ւե­լին, պէտք է զարկ տալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կար­ծիքն ու սպա­սում­նե­րը ա­ւե­լի լսե­լի դարձնե­լու ճի­գին, միա­ժա­մա­նակ նա­խա­ձեռ­նո­ղի դե­րին մէջ տես­նե­լով ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը։ ­Լու­ծում­նե­րը յա­ճախ կը պա­հան­ջեն կոտ­րել կա­ղա­պա­րո­ւած պա­տեան­նե­րը, վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լով մի­ջո­ցը, ձե­ւը ու հեր­թա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քը։
­Նաեւ, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ցիր ու ցան աղ­բիւր­նե­րը զտե­լու ու հա­մա­կար­գե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը խորհրդա­ժո­ղո­վին գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ։
­Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը ու ա­նոր կող­քին հայ­կա­կա­նը եւս մտած են ի­րենց գոր­ծե­լաոճն ու ներ­կա­յաց­ման մի­ջոց­նե­րը վե­րա­նա­յե­լու հու­նին մէջ։ Այ­սօր, ա­ռօ­րեայ լու­րը ա­րագ ու ժա­մը ժա­մուն տա­րա­ծե­լու տի­րա­կան դաշ­տը ե­լեկտ­րո­նա­յինն է, իսկ դա­սա­կա­նը հետզ­հե­տէ կը վե­րա­փո­խո­ւի ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­կան ու քննա­կան ձե­ւա­չա­փի։ Եր­կու տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րը ի­րար շաղ­կա­պե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը մեծ է, յա­ճախ խո­չըն­դոտ­նե­րու մէ­ջէն անց­նող ու­ղի մըն է, որ «Ա­զատ Օր»ն­ ու գա­ղու­թա­յին տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը պար­տին ճեղ­քել։
­Մեր թեր­թի է­ջե­րը բաց կը մնան՝ այ­սու­հե­տեւ միաս­նա­բար քննար­կե­լու եւ խօ­սակ­ցե­լու մեր գա­ղու­թա­յին լրա­տո­ւա­կան ու քա­րոզ­չա­կան մթնո­լոր­տի վե­րա­նո­րոգ­ման մա­սին։
­Թեր­թը, իր տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ա­ռա­քե­լու­թե­նէն ան­դին, այն գլխա­ւոր հաս­տա­տու­թիւնն է, որ իր ու­նե­ցած կշի­ռով ու ըն­դու­նե­լու­թեամբ, գա­ղու­թի ա­ռօ­րեա­յին ու պատ­մու­թեան, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րու շա­ղախն ու դարբ­նո­ցը պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ։
Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րը կը պար­տադ­րեն նոր ըմբռ­նում­ներ ու ձե­ւա­ւո­րում­ներ՝ յստակ ու նպա­տա­կասլաց ուղ­ղու­թեան մը վրայ քա­լե­լու տես­լա­կա­նով։ ­Կար­ծիք­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը այդ ու­ղին հե­զա­սահ հար­թե­լու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ։