«ՓՐԵՆՍԱ ԱՐՄԵՆԻԱ»

Եր­կու­շաբ­թի՝ 5 ­Յու­նի­սին, Ար­ժան­թի­նի խորհր­դա­րա­նի «­Փա­սոս ­Փեր­տի­տոս» սրա­հին մէջ, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Պա­լա­տը յի­շա­տա­կեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող ­Թիւ 26.199 Օ­րէն­քի 10ա­մեա­կը։
­Մի­ջո­ցա­ռու­մը կազ­մա­կեր­պած էին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Պա­լա­տի նա­խա­գահ Է­մի­լիօ ­Մոն­սօ եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ խորհրդա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի նա­խա­գահ Ո­ւալ­տօ Ո­ւոլֆֆ (որ խօսք ա­ռաւ), ե­րես­փո­խան­ներ ­Ռէ­մօ ­Գար­լոթ­թո­յի եւ Պ­րէն­տա Օս­թի­նի, ու Հ.Յ.Դ. ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Ժա­նիկ ­Քէ­չեա­նի կող­քին։
Ե­րես­փո­խան Ո­ւալ­տօ Ո­ւոլֆֆ յայտ­նեց, որ «ե­թէ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի օ­րով աշ­խար­հը հայ ժո­ղո­վուր­դին ող­բեր­գու­թեան առ­ջեւ ե­րես չդարձ­նէր, հա­ւա­նա­բար այ­սօր մենք ա­կա­նա­տես պի­տի չըլ­լա­յինք 20րդ ­դա­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած այս­քան մեծ թի­ւով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու»։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ ինք հպարտ կը զգայ պատ­կա­նե­լու այս երկ­րին, որ միա­ձայ­նու­թեամբ քո­ւէար­կեց ի խնդիր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին, ու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն յայտ­նեց հա­յե­րու վրդով­մուն­քին հա­մար՝ ի տես ժխտո­ղա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։
Իր կար­գին, ­Գոր­տո­պա ­Նա­հան­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Ռա­տի­քալ ­Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խա­նու­հի Պ­րէն­տա Օս­թին հաս­տա­տեց, թէ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­ւա­նա­բար ա­մե­նա­խիստ օ­րի­նակն է, որ մին­չեւ ո՛ւր կա­րող է հաս­նիլ պե­տու­թիւն մը, որ կը ճնշէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ զայն ոտ­նա­կոխ կ­՚ը­նէ»։ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մեղ­սակ­ցու­թիւն հա­մա­րե­լով՝ ե­րես­փո­խա­նու­հին յայտ­նեց, թէ մեծ պա­տիւ կը զգայ տե­ղեակ ըլ­լա­լու մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ Ար­ժան­թի­նի կող­մէ այս ուղ­ղու­թեամբ խաղ­ցած դե­րի մա­սին։ Օս­թին շեշ­տեց, թէ «մեր եր­կի­րը պէտք է պա­տո­ւէ ար­դար դա­տե­րու հան­դէպ իր յանձ­նա­ռու ա­ւան­դու­թիւ­նը, ու շա­րու­նա­կէ թի­կունք կանգ­նիլ ­Հայ ­Դա­տին, որ­պէս­զի ան դառ­նայ Ար­ժան­թի­նի ու հա­մայն մարդ­կու­թեան դա­տը»։
­Ռէ­մօ ­Գար­լոթ­թօ հպար­տու­թեամբ յի­շա­տա­կեց, թէ ինք անձ­նա­պէս մաս կազ­մած էր 2006 թո­ւա­կա­նին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին ի նպաստ քո­ւէ տո­ւած 165 ե­րես­փո­խան­նե­րու խում­բին՝ ա­ւելց­նե­լով, թէ «յոտն­կայս ծա­փա­հա­րե­ցինք մարդ­կու­թեան առ­ջեւ գե­րա­զանց նշան մը տա­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը»։ «­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վե­րա­դար­ձէն ի վեր, Ար­ժան­թին ա­ւան­դու­թիւն դար­ձու­ցած է, որ պե­տա­կա­նու­թեան ե­րեք հա­մա­կար­գե­րը ճանչ­նան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ առ այդ դիրք որ­դեգ­րած են։ ­Պէտք է զգոյշ ըլ­լանք միշտ, ո­րով­հե­տեւ յի­շո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կեն­դա­նի պա­հե­լը ա­ռիթ կու տայ, որ նման դէպ­քեր չկրկնո­ւին»,- ը­սաւ ­Փե­րո­նիս­մօ փա­րա լա ­Վիք­թո­րիա կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խա­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Ժա­նիկ ­Քէ­չեան իր պատ­գա­մը սկսաւ՝ ը­սե­լով, թէ այս մի­ջո­ցա­ռու­մը կը հաս­տա­տէր տա­սը տա­րի­ներ ա­ռաջ այս նոյն ­Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ստանձ­նո­ւած յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման։ «­Հարկ է նշել, թէ ­Թիւ 26.199 Օ­րէն­քը շրջա­դար­ձե­լու, նո­ւե­զեց­նե­լու կամ ան­տե­սե­լու փոր­ձե­րուն դէմ յան­դի­ման՝ խորհր­դա­րա­նը միշտ զօ­րա­վիգ մնաց պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան դա­տին»։ ­Քէ­չեան յի­շա­տա­կեց օ­րէնսդ­րա­կան նախ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը՝ նշե­լով նոյն­պէս 1987 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­գահ ­Ռաուլ Ալ­ֆոն­սի­նի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, Ար­ժան­թի­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան պա­լա­տի ու ­Ծե­րա­կոյ­տի ճա­նա­չո­ղա­կան զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ յի­շեց 1995 թո­ւա­կա­նին խորհր­դա­րա­նին եր­կու պա­լատ­նե­րուն կող­մէ միա­ձայն ճա­նաչ­ման օ­րէն­քի մը նա­խագ­ծի հաս­տա­տու­մէն ետք նա­խա­գահ ­Գար­լոս ­Մէ­նէ­մի վե­թոն՝ հաս­նե­լով Օ­րէն­քի հռչակ­ման 2007 թո­ւա­կա­նին նա­խա­գահ ­Նէս­թոր ­Քիրչ­նէ­րի կող­մէ, «քա­ջու­թիւն ցո­լաց­նող քայլ մը, որ ար­դէն տա­սը տա­րի է մե­զի ա­ռիթ կու տայ յի­շա­տա­կե­լու Ապ­րիլ 24ը որ­պէս «­Հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ­Յար­գան­քի Օր», ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան»։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նը՝ Էս­թէր Մկր­տու­մեան իր խօս­քին մէջ հարց տո­ւաւ, որ «քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը կրնա՞յ ըն­դու­նիլ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը, որ ար­դէն դար­ձած է պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն»։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ «տա­սը տա­րի­ներ ա­ռաջ Ար­ժան­թի­նի խորհր­դա­րա­նը իր խօս­քը յայ­տա­րա­րեց։ Ար­դէն տա­սը տա­րի­ներ է, որ Ար­ժան­թի­նի մէջ այս հար­ցի մա­սին կաս­կած չկայ։ Օ­րէն­քը պէտք է յար­գուի ըն­կե­րու­թեան եւ պե­տու­թեան բո­լոր խա­ւե­րուն կող­մէ»։ Եզ­րա­փա­կե­լով՝ Մկր­տու­մեան շեշ­տեց, որ «1915 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ Ար­ժան­թի­նի հայ հա­մայն­քի օ­րի­նա­կե­լի կեան­քը պատ­ճառ դար­ձան ճա­նաչ­ման յայ­տա­րա­րու­թեան, որ բարձր կը պա­հէ այս եր­կիրն ու ա­նոր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը»։
Ա­պա՝ Հ.Յ.Դ. ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը յու­շա­նո­ւէր­ներ յանձ­նեց ­Թիւ 26.199 Օ­րէն­քի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան եւ ճա­նաչ­ման ըն­թացք­նե­րուն հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն.- ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պիէլ­սա, ­Հէր­մէս ­Պին­նէր, ­Գար­լոս ­Ռայ­մուն­տի, ­Ֆէ­տէ­րի­քօ ­Փի­նէ­տօ, ­Մի­կէլ Ան­խէլ ­Փի­չէ­թօ, ­Ռու­պէն ­Ճիւս­թի­նիա­նի, Էր­նէս­թօ ­Սանս, ­Վիլ­մա Ի­պա­ռա, Ա­կուս­թին ­Ռոս­սի եւ ­Լի­լիա­նա ­Նէկ­րէ տէ Ա­լոն­սօ։
­Մի­ջո­ցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը, իսկ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց կար­գին՝ Ար­ժան­թի­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պիէլ­սա, նախ­կին դա­տա­խազ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նախ­կին նա­խա­րար տոքթ. ­Լէոն ­Գար­լոս Արս­լա­նեան, ե­րես­փո­խան տոքթ. ­Ռի­քար­տօ Ալ­ֆոն­սին, Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի փոխ-նա­խա­գահ ընկ. ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Պա­լա­տի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց ընդ­հա­նուր տնօ­րէն ­Խո­ւան տէ ­Տիոս ­Սին­քու­նէ­կի, ­Բազ­մա­կար­ծու­թեան եւ ­Բազ­մամ­շա­կու­թայ­նու­թեան ազ­գա­յին գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն ­Խու­լիօ Գ­րո­չի, ­Լի­բա­նա­նի դես­պան Ան­թո­նիօ Ան­տա­րի, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­պա­տոս Է­լէն Ար­զու­մա­նեան, ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­պա­տոս Ք­րիս­տոս ­Չաթ­ցո­փու­լոս, Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նա­խա­գա­հի նախ­կին փո­խա­նորդ եւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Գե­րա­գոյն ­Յանձ­նա­կա­տա­րի մաս­նա­գէտ ընկ. ­Փետ­րօ ­Մու­րա­տեան, Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի նախ­կին նա­խա­գա­հու­հի եւ ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէս քա­ղա­քի նախ­կին ե­րես­փո­խա­նու­հի ­Մա­րիա ­Խօ­սէ ­Լու­պէր­թի­նօ, Աէ­րէօ­փո­ւէր­թոս Ար­խեն­թի­նա 2000 ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ ­Մար­թին Էուռ­նէ­քեան, ­Ռի­վէր Փ­լէյթ ֆութ­պո­լի խում­բի փոխ-նա­խա­գահ ու Աէ­րէօ­փո­ւէր­թոս Ար­խեն­թի­նա 2000 ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն ­Մա­թիաս ­Փա­թա­նեան, ինչ­պէս նաեւ հայ հա­մայն­քի զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։