Կիրակի՝ 22 Հոկտեմբեր 2017ին տեղի ունեցաւ Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի մանկապարտէզին «Արթին Գալուստեան» անուանակոչութեան հանդիսութիւնը։
Անուանակոչութիւնը եկաւ յունահայութեան յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը ընծայելու ազգային բարերար հանգուցեալ փրոֆ. Արթին Գալուստեանին, որ գաղութի կառոյցներուն, միութիւններուն եւ մանաւանդ վարժարաններուն մեծագումար կտակ մը ժառանգ ձգեց։
Հանդիսութեան ներկայ էին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ կրօնաւոր դասը, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետ Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Ալիք Սարգսեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ հայրենակիցներ։
Կրօնական դասին կատարած օրուան պատշաճ արարողութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան կողմէ պրն. Նազար Աւագեան։
Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի Ազգային «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի շէնքային կառոյցի նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը, որ իրականացաւ բարերար փրոֆ. Արթին Գալուստեանի կտակին շնորհիւ։
Աւելի քան 50 տարուան ժամանակի մաշումին ենթարկուած շէնքը անհրաժեշտ էր վերանորոգել, փայտէ դռները եւ պատուհանները փոխարինել ալումինէ սարքերով, երկաթեայ ցանկապատը նորոգել եւ ամրացնել, բակին յատակը նորոգել, պատերը եւ սիւները ծեփել եւ ներկել, նոր վարագոյրներ զետեղել եւ այս բոլոր աշխատանքները ամառուան շրջանին, ժամանակի բուռն ճնշումի տակ։
Շնորհիւ լաւագոյն ձեւով աշխատանքներու համադրումին՝ յաջողուեցաւ զանոնք լրումին հասցնել եւ այսօր մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի բոլորովին նորոգուած վարժարանի մը տեսարանը։
Ապա՝ պրն. Ն. Աւագեան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն պրն. Ռիքարտօ Երկանեանին, որ օրուան առթիւ իր խօսքը արտասանեց։ Ան ըսաւ.- Յիսուն հինգ տարիներ առաջ, 1962 թուականին, այս նոյն բակին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդը՝ ցնծութեան եւ յուզումի պահեր կ՚ապրէր: Արդարեւ, Փոքր Ասիոյ հայութեան վերջնական տեղահանումէն 40 տարիներ ետք, Աթէնքի Ֆիքսի շրջանին մէջ ապաստան գտած մեր ընտանիքները հայկական նոր վարժարանի շէնքին բացումը կը կատարէին: Տարիները սակայն անխուսափելիօրէն իրենց հետ բերին նաեւ շէնքային բարելաւումի անհրաժեշտութիւնը: Եւ ահաւասիկ, երկար ժամանակ դիմանալէ ետք, այսօր անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այս բակին մէջ, մեր նորոգուած եւ արդիականացած շէնքին պաշտօնական բացումը կատարելու նպատակով:
Այսօր, Յակոբեան եւ Ճէնազեան ազգային բարերարներու կողքին կը միանայ բարերար Արթին Գալուստեանի անունը, որու կտակի շնորհիւ կը վայելենք Մանկապարտէզի, Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի վերանորոգման իրագործումը: Անկասկած, իր յիշատակը յաւերժացնելու ազգավայել միակ ձեւը՝ մեր Մանկապարտէզի անուանակոչութիւնը կը հանդիսանայ: Մեր շնորհակալական խօսքը Արթին Գալուստեան կտակին, Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անցած ամառուան ընթացքին նիւթական ու բարոյական ամէն ջանք թափեցին եւ այս խիստ անհրաժեշտ գործը իր լրացումին հասցուցին: Վարձքը կատար բոլորին:
Հ. Կ. Խաչի կողմէ խօսք առնելով Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Գիրազեան շեշտեց, որ Հ. Կ. Խաչը բարեսիրական-մարդասիրական ծրագիրներուն առընթեր իր գլխաւոր նպատակներուն մէջ ունի առաւելագոյն չափով իր նպաստը բերել հայակրթութեան։
Հ. Կ. Խաչի անուան տակ գործող վարժարանները իր անմիջական հետաքրքրութեան-հոգածութեան առարկայ են, որովհետեւ կը գիտակցին, որ հայ ազգի գոյութիւնը հիմնուած է նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայակերտումին վրայ։
Ազգային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ատենադպիր եւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, որ անգամ մը եւս նշեց սահմանափակ ժամանակի մէջ կատարուած մեծածաւալ աշխատանքները, որոնք յաջող արդիւնքի հասան շնորհիւ նորոգութիւնները ստանձնած ընկերութիւններու պատասխանատու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ օրը-օրին տարուած աշխատանքներու ընթացքին հետեւելու եւ համադրելու ջանքերուն։
Իր կարգին Ազգ. Վարչութիւնը բոլոր աշխատանքներու ընթացքին իրազեկ պահեց Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը՝ միասնաբար տեղւոյն վրայ այցելութիւններ տալով։
Շնորհակալութիւններ յայտնուեցան, յատկապէս Ճրագեան ընկերութեան, ինչպէս նաեւ Գարլօ Աքսարլեանին, Յարութիւն Սերոբեանին, Յովհաննէս Թերզեանին, որ ամէն մէկը իր աշխատանքի ասպարէզին եւ մասնագիտութեան սահմաններէն ներս, նուազագոյն գիներով, նոյնիսկ առանց աշխատանքի վարձատրութեան՝ յաջող արդիւնքի հասցուցին իրենց ստանձնած գործը։
Հանդիսութեան պատուոյ հրաւէր ունէր ներկայ գտնուելու Թեսաղոնիկէի համայնքին գործօն անդամներէն փաստաբան պրն. Սեպուհ Սահաթճեան, որ սակայն առողջական պատճառներով չկարողացաւ ընդառաջել։
Փրոֆ. Արթին Գալուստեանի հետ իր ծանօթութեան շնորհիւ՝ պրն. Ս. Սահաթճեան կտակի ապահովման ճամբուն վրայ վճռական դերակատարութիւն ունեցաւ։
Իր մասնագիտութեան շնորհիւ, նաեւ իբրեւ կտակի լրիւ ամբողջացման յանձնակատարներու խումբին անդամ, ան օգտակար հանդիսացաւ կտակի ամբողջացման դժուար ճամբուն վրայ։
Հաճելի անակնկալ էր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներու ելոյթը՝ խմբային արտասանութիւններով եւ երգերով։
Վերջին խօսքը առնելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ զայն իրականացնողները։
Սրբազան Հայրը խօսեցաւ համեստ նկարագրին եւ արժանիքներուն մասին փրոֆ. Արթին Գալուստեանի, որուն առիթը ունեցած էր անձամբ ծանօթանալու Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին հովուութիւնը վարած շրջանին։
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ հայ վարժարանի կարեւորութեան՝ յաջորդական սերունդներու հայակրթութեան նպատակին իրականացման համար։
Եզրափակելով՝ Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսք ուղղեց Հ. Կ. Խաչին, որ չի բաւարարուիր իր բարեսիրական-մարդասիրական ասպարէզով, ինչպէս Հ.Օ.Մ.ի այլ միաւորներ, այլ իր անուան տակ գործող վարժարաններուն սատար կը հանդիսանայ՝ սպառելով բոլոր իր կարելիութիւնները։
Վերջաւորութեան, Սրբազան Հօր ձեռամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ բարերարի անունը կրող յուշատախտակին։
Թղթակից
Արթին Գալուստեան
Հայկ եւ Հայկանոյշ Գալուստեաններու ընտանիքը, իրենց երեք զաւակներով, երկու աղջիկ՝ Արուսեակ եւ Արմինէ եւ կրտսերագոյնը՝ տղան Արթին, Թուրքիոյ եւրոպական ցամաքամասին պատկանող Էտիրնէ (Ատրիանուպոլիս) քաղաքէն, տեղահանումէն ետք, եկան հաստատուելու Թրակիոյ Օրէսթիատա քաղաքը։ Հայկ Գալուստեան իր նոր նստավայրին մէջ շարունակեց վաճառականի իր ասպարէզը։
Արթին պատանի տարիքէն իր հօրը գործերուն օգնական հանդիսացաւ։
Քաղաքի երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսում ստանալու մարմաջը զինք առաջնորդեց համալսարան։ Հետեւեցաւ Թեսաղոնիկէի Արիսթոթէլի անուան համալսարանի տնտեսական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին։
Ուսումը աւարտելէ ետք, վերադարձաւ իր ծնողքին մօտ։ Սակայն քանի փոքր քաղաքը չէր կրնար գոհացում տալ իր ասպարէզի ընդլայնման փափաքին՝ հաստատուեցաւ Թեսաղոնիկէ։
Բացաւ հաշուապահական գրասենեակ եւ շնորհիւ իր նախանձախնդրութեան ու պատասխանատուութեան զգացումով գործելու ձեռնհասութեան՝ մեծ համբաւի տիրացաւ քաղաքի առեւտրական շրջանակներէն ներս։
Քաղաքի մեծ եւ ծանօթ ընկերութիւններ իրենց հաշուապահութեան հսկողութիւնը վստահեցան իր գրասենեակին։
Շատ գործունեայ նկարագրի տէր՝ Արթին Գալուստեան չբաւարարուեցաւ միայն հաշուապահի ասպարէզով։ Հիմնեց եւ ղեկավարեց Ամարիլիս անունով հաշուապահական ուսուցարաններ։ Իր արժէքը բարձր գնահատելով՝ Թեսաղոնիկէի տնտեսական եւ քաղաքական գիտութեանց համալսարանը զինք նշանակեց տնտեսութեան-հաշուապահութեան դասախօս։
Փրոֆեսոր Արթին Գալուստեան երկար տարիներ պաշտօնավարեց համալսարանէն ներս՝ արժանանալով իր պաշտօնակիցներու սէրին ու յարգանքին։
Ուսանողներու եւ իր միջեւ յարաբերութիւնները յատկանշուեցան փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ մանաւանդ գուրգուրանքի զգացումներով։
Արթին Գալուստեան ամբողջովին նուիրուեցաւ իր առաքելութեան։ Ընտանիք չկազմեց եւ յետ մահու իր միակ ազգականը իր քրոջորդին՝ Արիստակէս Վարժապետեանն էր, որ երիտասարդ տարիքին մահացաւ, ինքն ալ առանց ընտանիք կազմելու։
Բարերարը՝ փրոֆ. Արթին Գալուստեան ազգային-գաղութային կեանքին մասնակցութիւն չբերաւ։
Կլանուած ըլլալով իր ասպարէզով՝ ան չկարողացաւ ժամանակ տրամադրել գաղութին։ Նպատակ ունէր իր հարստութիւնը ամբողջապէս կտակելու համալսարանին եւ զանազան հաստատութիւններու։
Թեսաղոնիկէի համայնքի գործօն անդամներէն փաստաբան պրն. Սեպուհ Սահաթճեան, որ տարիներու ընթացքին բարեկամական կապեր հաստատած էր բարերարին հետ, յաջողեցաւ տարհամոզել զինք, որ ի միջի այլոց հարստութեան կարեւոր մասը կտակէ յունահայ համայնքի կառոյցներուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն։