Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծաւալած իր գործունէութեամբ եւ հակահայ տրամադրութիւններով յայտնի թրքական «ASİMDER» միութեան նախագահ Կէոքսել Կիւլպէյ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ բնակող ծպտեալ հայերու հարցին:
«Էրմենիհապեր»ի փոխանցմամբ, Կիւլպէյ նշած է, որ «հայերու տեղահանութեան» (այսինքն` Հայոց Ցեղասպանութեան) ժամանակ իրենց տուներէն հեռանալ չցանկացող հայերը քողարկուած են քիւրտերու, ալեւիներու, թուրքերու անուան տակ եւ այսօր ծպտեալ հայերը Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւ կը կազմեն: Որպէս ապացոյց՝ թուրք գործիչը յիշեցուցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Թունջելիի բնակչութեան 90 տոկոսը հայեր են:
«ASİMDER»ի նախագահին խօսքով` տարբեր ուսումնասիրութիւններու եւ հաշուարկներու համաձայն, Թուրքիոյ մէջ այժմ ընդհանուր առմամբ կ՛ապրի 37.055 ծպտեալ հայ ընտանիք:
«Այսպէ՛ս, Տիարպեքիրի մէջ 1000 հայ ընտանիք կ՛ապրի քիւրտի, ասորիի կամ ալեւիի անուան տակ. Մալաթիոյ մէջ՝ 3655 հայ ընտանիք, Էլազըղի մէջ` 1000, Թունջելիի մէջ` 2000, Սիիրթի (Սղերդ) մէջ` 1200, Երզնկայի մէջ (թրք. Էրզինջան)` 1300, Սեբաստիոյ մէջ (թրք. Սիւաս)` 2000, Քահրամանմարաշի մէջ` 3000 հայ ընտանիք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ քիւրտ կամ ալեւի:
Կեսարիոյ մէջ կան 5000 հայ ընտանիք, որոնք քողարկուած են իբրեւ թուրք, Վանի մէջ՝ 4000, Ատըեամանի մէջ` 1600 հայ ընտանիք ծպտուած է քիւրտի անուան տակ, Շանլըուրֆայի մէջ 3000 ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ կամ քիւրտ, Մարտինի մէջ 1500 հայ ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ, Ատանայի մէջ 2000 հայ ընտանիք կը քողարկուի քիւրտի, արաբի կամ ալեւիի անուան տակ»,- յայտարարած է Կիւլպէյ:
Հայատեաց գործիչին պնդումով` մեծ թիւով հայեր կան Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսկացութեան (Ժ.Ժ.Կ.-HDP) եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Ք.Ա.Կ.-PKK) կազմին մէջ:
Կիւլպէյ նշած է նաեւ, որ իրենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին ծպտեալ հայերուն եւ կը ցանկան, որ պետական կառոյցները համապատասխան միջոցներ ձեռք առնեն` զանոնք բացայայտելու ու վերահսկելու համար:
Արեւմտեան Հայաստան
Հակահայ թուրք գործիչին համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ այսօր կայ 37.055 ծպտեալ հայ ընտանիք