Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընի ստանձնումով, Արեւմուտքը նախանշաններ կու տայ, թէ մտադիր է անյապաղ վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման սեղանին։
Նախորդ վարչակարգի՝ Թրամփի ծանօթ կառավարման շրջանին, Միացեալ Նահանգներ մեկուսացման քաղաքականութիւն որդեգրեցին միջազգային իրադարձութիւններուն հանդէպ, որ ի շարս այլ խնդիրներու, իր անդրադարձը նաեւ ունեցաւ Արցախի վերջին պատերազմին ու անկէ յետոյ ընթացող զարգացումներուն վրայ, յատկապէս Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի բացակայութեամբ ու խնդիրը հեռուէն դիտելու կրաւորականութեամբ։
Այժմ, Պայտընի կողմէ նախագահական պարտականութիւններու ստանձնումէն անմիջապէս ետք, երկու կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւններ կու գան մատնանշելու Արեւմուտքի վերադարձը կովկասեան եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի հիմնախնդիրներու կարգաւորման գործընթացին։
Առաջինը, ամերիկեան դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին՝ արտաքին գործոց նախարար էնթընի Պլինքընի՝ Գոնկրէսին ուղղուած ծանօթ պատասխաններու հնչեղութիւնն է, որով ան կը յայտարարէ, թէ Ուաշինկթըն հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենայ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի միջնորդական ջանքերուն մէջ, նպատակ ունենալով երաշխաւորել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը։ Ան նշած է՝ «Միացեալ Նահանգներ պէտք է առաջնորդեն դիւանագիտական ջանքերը՝ հակամարտութեան յարատեւ լուծում գտնելու համար, աշխատելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ: Ես նոր թափ պիտի տամ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան՝ այնպիսի մշտական լուծում գտնելու համար, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ պիտի օգնէ երաշխաւորել, որ նոր պատերազմ չի բռնկի: Այս պիտի ներառնէ մեր գործուն մասնակցութիւնը Մինսքի խումբի շրջանակէն ներս եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք՝ երրորդ կողմերու նոր միջամտութիւնը կանխելու համար»։
Երկրորդը, անցեալ շաբթուան ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի յատուկ բանաձեւի որդեգրումն է, որ ընդգծած է, թէ Արցախի հիմնախնդիրի յարատեւ կարգաւորումը դեռ գտնուած չէ, խաղաղութեան հասնելու տարածաշրջանի ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման գործընթացը պէտք է իրականացուի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս եւ հիմնուած ըլլայ վերջինի Հիմնարար սկզբունքներուն վրայ:
Նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է ապահովուի հայկական բնակչութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը, ներքին տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու՝ իրենց նախկին բնակութեան վայրերը անվտանգ վերադարձը:
Թէեւ, Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւերը պէտք չէ դիտել որպէս անմիջական քաղաքական գործընթացի մը կիրարկման որոշում, սակայն կարելի է զանոնք ընկալել որպէս յստակ ուղերձ եւրոպական աշխարհի կեցուածքներուն համար, որոնք ամերիկեան միջազգային քաղաքականութեան հետ համընկնելու նշանները ցոյց կու տան։
Արեւմուտքին համար, ընդհանուր յայտարարը ռուսական գործօնն է, իսկ նուազ մտահոգութիւն չի ներկայացներ նաեւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տարածաշրջանէն ներս, ապա նաեւ վերջին տարիներուն այնքան ջուր վերցուցած ռուս-թրքական ռազմաքաղաքական մերձեցումը՝ ի հեճուկս Ատլանտեան Ուխտի զինակցութեան եւ Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական ըմբռնումներուն։
Թէ՛ ամերիկեան նոր ղեկավարութեան յայտարարութիւններէն, թէ՛ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի էութենէն յստակ կը դառնայ, թէ Արեւմուտքը պիտի փորձէ զսպել Ռուսիոյ գերակայութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Միաժամանակ, յատկանշականօրէն երկու բանաձեւերը կը քննադատեն Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը, որ ալ աւելի կը խաթարէ Հարաւային Կովկասի փխրուն կայունութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու դէպի միջազգային քաղաքականութիւն վերադարձի նախանշանները ցոյց կու տան, թէ կովկասեան տարածաշրջանի հիմնախնդիրները պիտի ընթանան Արեւմուտք-Ռուսիա նոր հակամարտութեան մը յորձանուտին մէջ, որմէ սակայն՝ դրական ակնկալիքներ ունենալու հնարաւորութիւնները կրնան բացայայտուիլ արցախեան հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ, Լ. Ղարաբաղի ինքնորոշման հաստատումով եւ հողային խնդիրներու կարգաւորմամբ։ Հոս, գլխաւոր դեր կոչուած է ունենալու Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի վերադարձը բանակցային սեղանին, գործընթաց մը, որ սերտօրէն կը քաջալերուի համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ, վերջինը որպէս եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան արտայայտիչ։
Արեւմուտքի կեցուածքները լուսարձակի տակ առնելով, հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է յստակ քայլերու դիմէ, պահանջելու համար Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերադարձը Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի ձեւաչափին մէջ։
Պարտուողական ծանր մթնոլորտի ազդեցութեան տակ, Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը կը բաւականանայ հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած եռակողմ ձեւաչափի սահմանումներէն ներս Ատրպէյճանի յառաջ բերած՝ Հայաստանի համար լուրջ վտանգներ պարունակող պահանջներու գոհացումին, առանց Հայաստանի ու Արցախի համար հիմնական գերխնդիրներու լուծման, սկսած ռազմագերիներու անմիջական վերադարձէն մինչեւ Արցախի ինքնորոշման հաստատումը։
Արեւմուտքի վերաշխուժացումը Արցախի հիմնախնդիրի լուծման մէջ եւ մեր հանդէպ դրական կեցուածքներու զարգացումը, ա՛լ աւելի հրամայական կը դարձնեն Հայաստանի համար նոր ղեկավարութեան մը երեւումը, որ մեր դիւանագիտութիւնը դուրս պիտի բերէ վերջին տարիներու լճացումի եւ ձախողութիւններու փոթորիկներէն, որոնց գինը այսօր սուղ կը վճառէ Արցախը։
Հայկական դիւանագիտութիւնը շատ առիթներ փախցուց անցնող երկու տարիներու ընթացքին։
Արեւմուտքին կողմէ վերամշակուող միջազգային հետաքրքութեան լոյսին տակ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորումը եւ բանակցային նոր ռազմավարութեան մը մեկնարկը կը պահանջեն նաեւ ունենալ պարտուողական եւ անհակակշռելի զիջումներու հոգեբանութենէն ձերբազատած, ապա ազգի ու պետութեան համար կենսական շահերը սպասարկող նոր ու յանդուգն ղեկավարութիւն։