ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Վերջերս` հաւաքոյթի մը առիթով հանդիպեցայ հին ուսուցիչիս։ Թէեւ տարիները կ՚անցնին, աշակերտը միշտ հնարաւորութիւնը ունի նոր դասեր քաղելու, որ հորիզոններ կը բանան նոր մտորումներու։
«Կիլիկիոյ իշխանութեան ժամանակէն, որ Լեւոն Մեծագործի օրով դարձաւ թագաւորութիւն, մեր հայեացքը Արեւմուտքին եղած է, փոխանակ մեր թշնամիներուն հետ լեզու գտնենք», ըսաւ։ «Ժամանակին Անգլիոյ ղեկավարը մեզի յստակացուց` նաւերս չեն կրնար Արարատ լեռ բարձրանալ… Բայց մենք կը շարունակենք նոյն սխալը»։
Իսկապէս` որտեղէ՞ն մեզի այս «արեւմտասիրութիւնը»։ Արդէօ՞ք կը բխի, Կիլիկիայի, Մեծն Տիգրանի կամ ալ աւելի հին ժամանակներէն։ Միւս կողմէն, ունակութիւն չէ՞ ազգի մը համար զարգացնել դիւանագիտութիւնը իր մշակոյթին մէջ ներառնել ու յարմարացնել տարբեր քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւնը։
Գիտակի՞ց ենք մեր պատմութեան ներքին ուժերուն։
Հայաստանը աշխարհագրական տեսակետով կը պատկանի Ասիային, իսկ իբրեւ քաղաքակրթութիւն` Եւրոպա։ Գտնուելով երկու ցամաքամասերու խաչմերուկին, հինաւուրց ծաւալեց հարուստ մշակոյթ սակայն յաճախ դարձած է գերուժերու միջեւ պատերազմներու թատերաբեմ։
Օտար ուսումնասիրութիւններ ու հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ հայկական բարձրաւանդակը կը հանդիսանայ համաշխարհային պատմութեան ակունքներէն մէկը։ Ապացոյ՞ց։
Պորտասարը, աշխարհի ամենահին կրօնական կառոյցը, շինուած մօտաւորապէս 12.000 տարի առաջ, որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստան։ Պեղումներէն յայտնաբերուած են երկու արձաններ, որ կը ցոլացնեն Արմենոյիտ մարդու կերպարը շինութիւններ որոնց կմախքը նման է հետագայ խաչքարերուն։
Համալիրը եռանկիւն կը կազմէ Մեծամորի Զօրաց քարերու աստղադիտարաններուն հետ։ Վերջինը, կառուցուած 7.000 տարի առաջ, աշխարհի առաջինն է` շատ աւելի հին քան անգլիական «Սթոունհետս»-ը։
Ուրարտուի ժամանակէն Հայաստան կ՚ունենայ յարաբերութիւններ եւ ազդեցութիւններ Յունաստանէն։ Անոնք կը խորանան Երուանդունիներու թագաւորութեան օրով։
Ապա, Մեծն Տիգրան իր «ծովից ծով» կայսրութեան մէջ կը հաստատէ յունական լեզուն ու մշակոյթը, Հայաստանը «վերջնականապէս անցընելով Եւրոպա»։ Իրաւայաջորդը Արտաւազդ նոյնպէս յունապաշտ էր։
Այդ ժամանակներուն Յուլիոս Կեսար կ՚ըսէ. «Երբ այդ մարդիկ՝ այդ հայերը, ձեռք ձեռքի ուս ուսի տուած կը դփեն գետինը իրենց թմբուկներու ու ծիրանափողերու նուագի տակ, աւելի շուտ իմ պալատի սիւները փոշու կը վերածուին, քան հնարաւոր կ՚ըլլայ անոնց կանգնեցնել»։
11-րդ դարուն Հայաստան կ՚անցնի Սելճուկ Թուրքերու տիրապետութեան տակ։ 1080 թուականին` Բագրատունիներու տոհմի Ռուբէնը Կիլիկիոյ մէջ կը հիմնէ Իշխանութիւն, որ յաջորդաբար կը դառնայ թագաւորութիւն։ Ծովային Հայաստանը ջերմ կապեր կը հաստատէ եւրոպական միապետութիւններու, Խաչակիրներուն անոնց հիմնած պետական կազմաւորումներուն հետ։
Հեթում Ա., ճկուն դիւանագիտութիւն վարելով, համաձայնութիւն կը կնքէ մոնկոլներուն հետ կ’ամրապնդէ թագաւորութեան դիրքերը։ Իր մահէն ետք անոնք մուսուլման կը դառնան, իսկ Խաչակիրները կը հեռանան։ 14-րդ դարուն, ամուսնութիւններու շնորհիւ գահ կը բարձրանան Ֆրանսացի ազնուական Լուսինեանները, մինչեւ որ Կիլիկիան Հայաստանը, մեկուսացուած, կ՚իյնայ Մամելուք Եգիպտացիներուն ձեռքը 1375-ին։
1700-ականներուն Իսրայէլ Օրին ամէն ջանք թափեց համոզելու Արեւմտեան Եւրոպայի մեծ ուժերուն Ռուսաստանի Մեծն Պետրոս ցարին, հիմնուած քրիստոնէական կրօնքին, որ աջակցին Հայաստանին ազատագրման ծրագրին, բայց ի զուր։ Սիւնեցի ազնուականը մահացաւ անյայտ պայմաններու տակ։
1878-ին, Պեռլինի վեհաժողովին, հայերը «չկրցան ուտել հրամցուած ապուրէն, որովհետեւ թուղթէ շերէփ ունէին»։ Ժողովասրահէն դուրս թուրք ներկայացուցիչը մօտենալով Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորած պատուիրակութեան, անոնց վրայ կը խնդայ ըսելով` «պոռնիկ Եւրոպայէն աջակցութիւն կը սպասէի՞ք»։
Եւրոպան անտարբեր մնաց նաեւ Համիտեան ջարդերու, առաւել ցեղասպանութեան ընթացքին։ Սարտարապատի հրաշքը կատարուեցաւ հայկական միասնական ոգիին շնորհիւ։ Միակ արտաքին օգնութիւնը` Վլատիմիր Սագիլլարիս յոյն գնդապետի զօրախումբի ներկայութիւնը։ Այն ժամանակներուն, երբ որ Անդրանիկը քալեց դէպի Շուշի, Անդրկովկաս հաստատուած անգլիական զօրքը կասեցուց յառաջխաղացումը։
Արեւմտեան գերուժերը, որ ծրագրեցին ու ստորագրեցին Սեւրի Դաշնագիրը, ոչ մի միջոց գործադրեցին իր իրագործման համար։ «Պատմութիւնը ի զուր պիտի փնտռէ Հայաստան անունը», կ՚ըսէր 1920 թուականին Ուինսթոն Չերչիլ, Անգլիոյ խորհրդարանի նիստի մը ընթացքին։ Միացեալ Թագաւորութիւնը կը հետաքրքրուէր Մոսուլի (Միջագետք) հանքերուն համար. «Քարիւղը աւելի ծանր կշռեց քան Հայերու արիւնը»։
Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական բանակի ներկայութիւնը յուսադրիչ էր հայերուն համար. կողք կողքի կռուած էին ֆետայիները, շատ օգտակար եղած էին լեռնային գործողութիւններուն համար։ Ֆրանսացիները համաձայն կը գտնուէին յանձնելու Կիլիկիան հայերուն։ Կառավարիչ նշանակուած էր Միհրան Տամատեան, հնչակեան քաղաքական գործիչ։ Սակայն, դրժելով իրենց խոստումը, նախընտրեցին այն նուիրել քեմալականներուն, ահագին զինամթերքով միասին։
«Սարոյեան եղբայրներ» ժապաւէնին մէջ, որ կը ներկայացնէ 1918-20 տարիներու Հայաստանի պետութիւնը պոլշեւիկեան տեսանկիւնէն, Ֆրունզէ Տովլաթեան կ՚ըսէ իր եղբօր. «կը գայ ամերիկացի զինուորը, քեզ համար կռի՞ւ կ՚անի»։ Թէեւ ուրուագիծը կը դրսեւորէ ակնյայտ հակադաշնակցական քարոզչութիւն, չենք կրնար անտեսել «համայնավար եղբօր» խօսքը, նկատի ունենալով մեր հայրենիքի ռազմավարական ու աշխարհագրական դիրքը։
2-րդ Համաշխարհային պատերազմին` Յունաստանի ֆաշիստ ղեկավար Իոաննիս Մեթաքսաս, պատճառաբանելով իր դիրքորոշումը աջակցիլ Անգլիային, կը նշէ. «Յունաստանը ծովային ուժ է»։
Աշխարհամարտի աւարտին կը մշակուի ծրագիր` որպէսզի Խորհրդային Միութիւնը յարձակի Թուրքիոյ վրայ։ Հայաստան ու Վրաստան կը հաւաքեն բանակ, բանակցելով նոր հողերու բաժանման համար։ Սթալին կ՚ուշանայ շարժիլ, Արեւմտեան գերուժերը կը հակառակին։
1988-ին սփիւռքի հայութիւնը ոգեւորուած կը դիտէ հեռատեսիլէն 1 միլիոն ժողովուրդ հեղեղել Երեւանի փողոցները, «Հայեր միացէք» լոզունգով։ Եւ իսկապէս։ «Իւրաքանչիւր պետութիւն ունի մեծ եղբայր։ Մենք ոչ մեծ եղբայր ունէինք, ոչ փոքր։ Մեր ուժը մեր հաղթանակը եղաւ՝
մեր միասնութեան շնորհիւ», ըսաւ Գոմանտոսը, Շուշիի ազատագրման գործողութեան հրամանատարը։ Ազգային հերոսը նաեւ նշեց. «Ես ոչ դաշնակցական եմ, ոչ ալ Հ.Հ.Շ.-ական, բայց պիտի ասեմ, Շուշիի ժամանակ գլխաւոր դերը Հ.Յ.Դ.-ն էր խաղում, Հ.Յ.Դ.-ի գիծը ճիշդ գիծ էր, իրենք պաշտպանում էին Ղարաբաղը, ուզում էին, որ շարժումը համաժողովրդական լինի…»։
Իսկ գալով վերջին ժամանակներուն, օտար մամուլին մէջ գրուեցաւ որ Գրեմլինը սկիզբէն լաւ աչքով չտեսաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» իշխանափոխութիւնը։ Կիպրացի Էլենի Թէոխարուս, Եւրոխորհրդարանի նախկին երեսփոխան, հայութեան մեծ բարեկամ, 44-օրեայ պատերազմին ատեն բացայայտեց որ նախազգուշացուցած էր Հայաստանի վարչապետին, որ չուղղէ հայեացքը դէպի Արեւմուտք. «Հիմնուեցաւ մեծ խոստումներու, առանց ոչ մէկ երաշխիքի։ Հիմա միւսերը հարաւէն կը յառաջանան»։
Միջազգային հանրութիւնը մինչեւ հիմա անտարբեր կը մնայ, արեւմտեան մամուլն ալ կը շարունակէ լռել ատրպէյճանական ոճիրներու դիմաց։
Իսկ Եւրոպա՞ն։ Կը բաւարարուի անիմաստ կոչերով, յայտարարութիւններով։
Այս իրականութեան մէջ Հայաստանի վարչապետը, որ կը բացագանչէր, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է վերջ» ու կը մերժէր Ռուսաստանի, Ֆրանսայի միջնորդութիւնը պատերազմի ընթացքին, հիմա կը յայտարարէ, որ պատրաստ է ընդունիլ Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս։
Անգամ մը եւս հայութիւնը մնաց առանձին։
Աւելի քան երբէք, ժամանակակից է Եղիշէ Չարենցին խօսքը. «Ով Հայ ժողովուրդ՝ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։