«­Մես­րոպ, հայ դա­րե­րու
դի­մաց կե­ցող, դուն
ա­դա­ման­դեայ ա­պա­ռաժ…»
­Սիա­ման­թօ

­Շա­բաթ՝ 1 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ի ե­րե­կոն տար­բեր ե­րե­կոյ մըն էր հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար. ե­րե­կոյ մը՝ նո­ւի­րո­ւած մեր լե­զո­ւին, մեր ինք­նու­թեան, մեր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ «Ա­րե­ւիկ» գրա­տան։
­Յայ­տա­գի­րը սկսաւ մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տուած թատ­րո­նով մը, նո­ւի­րո­ւած՝ «Ս. ­Մես­րո­պին — ­Գի­րե­րու գիւ­տին»։
­Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը՝ ­Սօ­նա ­Գալս­տեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, եւ նո­րա­կազմ ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը՝ ­Տիկ.­Կա­րի­նէ ­Մար­գա­րեա­նի եւ ­Տիկ. Ան­նա Աֆ­րի­կեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ի­րենց աս­մունք­նե­րով եւ եր­գե­րով ան­մա­հա­ցու­ցին Ս. ­Մես­րո­պը։ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց փոքր տա­րի­քէն կը կար­դար եւ կ­՛ա­ղօ­թէր՝ խնդրե­լով «­Լոյս տուր ին­ծի, Աս­տո­ւած ան­հեր­քե­լի…», օգ­նէ՝ որ գտնեմ հա­յե­րէն գի­րե­րը» եւ, ո՜վ հրաշք, «­Մար­դը եւ Աս­տո­ւած ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած» հնա­րե­ցին հա­յե­րէն այ­բու­բե­նը, այն գի­րե­րը՝ ո­րոնք 15 դա­րէ ի վեր կը ծաղ­կին մեր ե­րե­խա­նե­րու շրթնե­րուն վրայ, ո­րոնց ա­ղօթք­նե­րը եւ եր­գե­րը կը բարձ­րա­նան մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ։ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց հնա­րեց այն գի­րե­րը, ո­րոնք կեր­տե­ցին «­Թա­գու­հի ­Թարգ­մա­նու­թեանց»ը՝ կնքե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­մա­հու­թիւ­նը։ Ե­րե­խա­նե­րը ապ­րե­ցան ի­րենց դե­րե­րուն մէջ, պան­ծա­ցու­ցին մեր մե­ծաս­քան­չը՝ խլե­լով ծա­փող­ջիւն­ներ։
Ա­պա՝ պաս­տա­ռի վրայ տո­ղան­ցե­ցին տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը, որ­մէ վերջ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լին իր բա­րի գալս­տեան եւ ող­ջոյ­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց։ ­Ներ­կայ էին ­Պա­րէտ Քհնյ ­Խա­չե­րեան, Հ­րայր Ա. Քհնյ ­Նի­կո­լեան, ­Թե­մա­կան ­Խոր­հուր­դի, միու­թեանց եւ կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։
­Մե­զի հա­մար բա­ցա­ռիկ պա­տիւ եւ ու­րա­խու­թիւն էր մեր մէջ ող­ջու­նել պրն. ­Թոմ ­Հոկ­լին­տը, ծնած՝ հե­ռա­ւոր ­Շո­ւէ­տի մէջ, հա­յա­խօս, որ մեծ սի­րով կա­պո­ւած է հա­յու­թեան։
1969ին էր, որ ­Շո­ւէ­տի մէջ ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ւե­տա­րան­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը որ­պէս ան­դամ, խում­բով կը ճամ­բոր­դէ ­Լի­բա­նան՝ ­Պէյ­րութ, կը սի­րէ ­Լի­բա­նա­նը, ուր կը ծա­նօ­թա­նայ նաեւ իր ա­պա­գայ կո­ղա­կի­ցին՝ տիկ. Ա­նի ­Չե­լէ­պեա­նի։ Պ­սա­կո­ւե­ցան հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ ան­դա­մակ­ցե­ցաւ էշ­րէ­ֆիէի հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ։
Իր սէ­րը ըլ­լա­լով Ա­ւե­տա­րա­նը եւ Ա­ւե­տա­րա­նին բա­րի լու­րը տա­րա­ծե­լը՝ կը հրա­ւի­րո­ւի ­Լի­բա­նա­նի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րու­թեան կող­մէ եւ կը դառ­նայ պա­տաս­խա­նա­տու տնօ­րէ­նը Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տա­րած­ման բաժ­նին։
­Թէեւ 5 տա­րի ա­ռաջ հանգս­տեան կո­չո­ւած է, բայց իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ բե­րել՝ յատ­կա­պէս օգ­տա­կար ըլ­լա­լով ­Սու­րիոյ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րու­թեան։
Այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, մեծ ե­ռան­դով, շատ ան­գամ­ներ ճամ­բոր­դած է ­Սու­րիա, Ի­րաք եւ ­Յոր­դա­նան իր «վան»ով, Աս­տո­ւա­ծա­շունչ­ներ լեց­նե­լով եւ բաժ­նե­լով զա­նոնք ա­մէն քա­ղաք եւ գիւղ։
Պրն. ­Թո­մին ա­մե­նա­մեծ ներդ­րում­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տա­րա­ծու­մը իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ։
­Սո­նա մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պրն. ­Թո­մին՝ ա­նոր սի­րա­յօ­ժար գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, որ մեծ սի­րով իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կ­՚ըն­ձե­ռէ մե­զի՝ ճո­խաց­նե­լով մեր գրա­տու­նը նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով եւ այլ գիր­քե­րով։
­Յա­ջոր­դեց՝ զրոյց։ Ե­ղան հար­ցում­ներ — պա­տաս­խան­ներ։
Պրն. ­Թոմ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ՝ ը­սե­լով, որ յոյժ գնա­հա­տե­լի է, որ շատ սի­րա­լիր գոր­ծակ­ցու­թիւն եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի հայ­կա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեանց, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ՝ Ս. ­Գիր­քի թարգ­մա­նու­թեան եւ տա­րած­ման գոր­ծով։
­Յու­զում­նա­խառն պահ մը ստեղ­ծուե­ցաւ, երբ ­Վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ «Ա­րե­ւիկ» գրա­տան ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց պրն. ­Թո­մը՝ պար­գե­ւե­լով ար­ժա­նա­վա­յել «բլա­քաթ»ը, առ ի գնա­հա­տանք ա­նոր այս­քան եր­կար տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան եւ գրա­տան հա­մար կա­տա­րած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն՝ ճո­խաց­նե­լով գրա­տան գիր­քե­րը տար­բեր հրա­տա­րակ­չա­տուն­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տա­րած­ման հա­մար ոչ միայն հայ, այլ եւ ա­րաբ, իս­լամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մէջ։
­Վեր. ­Չո­լա­քեան փառք տո­ւաւ Աս­տու­ծոյ՝ ­Թո­մին հե­րո­սա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­մար եւ շնորհա­կա­լա­կան խօսք մա­տու­ցեց յայ­տագ­րին մէջ բա­ժին ու­նե­ցող­նե­րուն՝ ­Թո­մին, ­Սո­նա­յին եւ կի­րակ­նօ­րիայ դպրո­ցի մա­նուկ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Կա­րի­նէին եւ Ան­նա­յին՝ երգ­չա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։
Ա­պա՝ բարձ­րա­նա­լով «­Հայ­կա­զեան» սրահ, որ գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րո­ւած էր ճոխ գիր­քե­րով, մուտ­քին պրն. ­Թոմ կտրեց ժա­պա­ւէ­նը, որ­մէ ետք սկսաւ գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէս վա­ճառ­քը։

­Ցու­ցա­հան­դէս — վա­ճառ­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018.
Երկ. ­Հինգ. Ուր­բաթ օ­րե­րը՝ ժա­մը 10։00 — 13։00։ ­Կի­րա­կի՝ 11։00 — 13։00
եւ 17։00 — 19։00։