­Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 9 ­Յու­նի­սին, ­Գո­մո­թի­նիի ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս, Հ. Յ. Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Միջ-­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ:
­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Հ. Գթ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան շրջա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, եւ բո­լոր թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րէն ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի բո­լոր գա­ղութ­նե­րէն ազ­գա­յին­ներ: ­Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ըն­կեր ­Թագ­ւոր ­Գու­յում­ճեան, որ իր խօս­քին մէջ ը­սաւ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րի մե­ծա­գոյն պաշտ­պան­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ եւ ­Մա­յիս 28ն­ այդ գա­ղա­փա­րին վկա­յու­թիւնն է:
Օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Ա­թէն­քէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ըն­կեր ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան: Ան իր խօս­քին մէջ ը­սաւ.-
«1918ի ­Մարտ 3ին, ­Պե­լո­ռու­սիոյ Պ­րեստ-­Լի­տովս­կի քա­ղա­քին մէջ, ռուս պոլ­շե­ւիկ­նե­րը (մե­ծա­մաս­նա­կան­նե­րը) խայ­տա­ռակ դա­շինք մը ստո­րագ­րե­ցին ­Գեր­մա­նիոյ ու ­Թուր­քիոյ հետ, ո­րով «մե­ծա­մաս­նա­կան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ «մե­ծա­հո­գու­թեամբ» թուր­քե­րուն կը բաշ­խէր ոչ միայն ամ­բողջ թրքա­հա­յաս­տա­նը, այ­լեւ ­Ռու­սա­հա­յաս­տա­նի խո­շոր մէկ բա­ժի­նը՝ ­Սա­րի­ղա­միշ, Օլ­թի, Ար­տա­հան, ­Կարս մին­չեւ Ար­փա­չայ:
1918ի ­Մարտ 27ին, թուրք ­Վէ­հիբ փա­շան՝ ան­զի­ջող պայ­ման­նե­րու մի­ջո­ցաւ 48 ժա­մո­ւան վերջ­նա­գիր մը ներ­կա­յաց­նե­լով՝ կը պա­հան­ջէր ըն­դու­նիլ Պ­րեստ-­Լի­տովս­կիի պայ­ման­նե­րը եւ ան­մի­ջա­պէս մաք­րել ­Թուր­քիոյ վե­րա­դար­ձո­ւե­լիք բո­լոր շրջան­նե­րը:
­Թուրք բար­բա­րոս­նե­րը, երբ 1918ի ­Մա­յի­սին ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի կ­՚անց­նէին, շատ լաւ հա­շո­ւած ու տե­սած էին, որ ա­մէն ինչ ի­րենց օգ­տին էր.- ժա­մա­նա­կը, ի­րադ­րու­թիւ­նը, դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը եւ ու­ժը:
­Սա­կայն թուր­քե­րը մէկ բան նկա­տի չէին ա­ռած կամ ալ ի­րենց նկա­տո­ղու­թե­նէն վրի­պած էր՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­գոյն գաղտ­նի­քը, ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը, ո­գին ու այդ ո­գիին իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը լաւ չէին հա­շո­ւած կամ ալ սեր­տած չէին:
­Լաւ չէին հա­շո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թիւնն ու մա­նա­ւանդ այն վեհ բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, որ խտա­ցած էր հա­յու­թեան մէջ:
Ա­նոնք չէին գի­տեր նաեւ մեր ձգտում­նե­րը՝ ա­զա­տու­թիւն, ինք­նու­թիւն, գո­յա­տե­ւում:
«Երբ չի մնում ելք ու ճար
խեն­թերն են գտնում հնար»
Ա­յո՛ «խեն­թերն» էին, ո­րոնք ի­րենց հո­գի­նե­րուն խո­րը պա­հած անձ­նո­ւի­րու­մի եւ անձ­նա­զո­հու­թեան հնար­նե­րով՝ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի հինգ հա­րիւր յի­սուն տա­րի­նե­րու ե­րա­զը, ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը»:
Ա­պա՝ ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Մա­թեո­սեան Ս­տե­փան բա­նա­խօ­սին նուի­րեց, առ ի յի­շա­տակ, «­Գո­մո­թի­նիի հա­յե­րը» խո­րագ­րով գիր­քը:
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը կը պա­րու­նա­կէր եր­կու եր­գեր՝ ­Գո­մո­թի­նիի երգ­չա­խում­բին կող­մէ, եւ եր­կու պա­րեր՝ մշա­կու­թա­յին միու­թեան փոք­րե­րու խում­բին կող­մէ:
­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն: