Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբի եւ ուսուցչուհիներու ամիսներու ջանքերէն ետք հասաւ տօնակատարութեան օրը՝ Հիւսիսային Յունաստանի հինգ գաղութներու պատկանող միօրեայ վարժարաններուն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ալեքսանտրուպոլիս քաղաքի յունական առաջնորդարանի մշակութային հանդիսասրահէն ներս, Կիրակի՝ 11 Նոյեմբեր 2018ին:
Հանդիսասրահի մուտքին բաժնուեցաւ յայտագրէն զատ գրքոյկ մը՝ պատրաստուած Ազգային Վարչութեան նախկին անդամ տիկ. Մաննիկ Աշրեանի կողմէ, ուր ամփոփ ձեւով կը ներկայացուէր Հիւսիսային Յունաստանի հինգ գաղութներու մէջ գործող վարժարաններու հին եւ նոր պատկերը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին միօրեայ վարժարաններու 100է աւելի աշակերտները՝ բեմի վրայ կանգնած, երգելով մեր ոգերգը՝ «Մեր հայրենիք»ը:
Յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ վարժարանի անցած 20 տարիներու հայակերտումի ճանապարհը ներկայացնող:
Օրուան հանդիսավար ուսուցչուհի տիկ. Արմինէ Մխիթարեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեանը՝ ընթերցելու Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի «Օրհնութեան գիր»ը:
Յաջորդաբար՝ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Գարմէն Վահեւնունի, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Միջ-թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբի ատենապետուհի տիկ. Հերմինէ Գույումճեան:
Հանդիսութեան ներկայ էին Հ. Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ատրիկ Ստեփանեան եւ շրջանիս բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տիկ. Մաննիկ Աշրեան՝ փոխանցելու համար օրուան պատգամը, «Հայ վարժարան՝ գերագոյն արժէք» նիւթով: (Խօսքը կը հրատարակուի առանձին):
Շարունակելով՝ առանձին ելոյթներ ունեցան՝ Գաւալայի, Քսանթիի, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուփոլիի եւ Տիտիմոթիխօ-Օրեսթիատայի վարժարաններու աշակերտները՝ երգերով, ասմունքներով, ողջոյնի խօսքերով, դաշնակի վրայ Շարլ Ազնաւուրի յօրինում մը ներկայացնելով:
Գոմոթինիի վարժարանի աշակերտները, որոնք մաս կը կազմեն Գոմոթինիի մշակութային միութեան «Ուրարտու» պարախումբին, ներկայացուցին մէկ պար: Ելոյթներու աւարտին՝ հանդիսավար տիկին Ա. Մխիթարեան հրաւիրեց տիկին Հերմինէ Գույումճեանին՝ յուշանուէրներ յանձնելու 20ամեակի ընթացքին իրենց ներդրումին համար բոլոր նախկին ուսուցիչներուն.- Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանին, Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանին, երիցուհի տիկ. Նազիկ Եսոյեանին, տիկին Լաուրա Ալթունեանին, տիկին Մարինէ Վասիլեանին, տիկին Գայիանէ Գամալեանին, տիկին Գոհար Մինասեանին:
Յուշանուէր ստացան նաեւ հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբի նախկին անդամներ տիկին Լուսի Սարգիսեան, տիկին Նատիա Գաւաֆեան: Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ տիկին Մաննիկ Աշրեան, որ իր յուշանուէրը ստացաւ Հայր Սուրբին կողմէ իր երկարամեայ ծառայութեան համար այս վարժարաններու ծրագրին:
Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին՝ Հայր Սուրբի փակման խօսքով ու բոլոր աշակերտներու «Ազգ փառապանծ» երգով:
Վարձքը կատար՝ բոլորին:
Զ. Ա.
Օրուան պատգամը փոխանցող Մաննիկ Աշրեանի խօսքը
Հայ վարժարան՝ գերագոյն արժէք
«Հայ լեզուն տունն է Հայուն
Աշխարhիս չորս ծագերուն
Ուր կը մտնէ ամէն Հայ
Իբրեւ տանտէր հարազատ»:
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ,
Յարգելի պաշտօնատար ներկայացուցիչներ՝ ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու,
Սիրելի հայրենակիցներ,
Խնդրեմ, ներողամիտ եղէք, որ շրջանցելով արարողակարգը, դիմեցի առաջին հերթին Մուշեղ Իշխանի ներշնչումին`
«Հայ լեզուն տունն է Հայուն
«Աշխարhիս չորս ծագերուն…»
Քանզի այսօր պիտի չուզէի գեղեցիկ բառերով տպաւորիչ ճառ մը արտասանել, այլ ձեզ հետ միասին մտնել հայ լեզուի մեր տունը «իբրեւ տանտէր հարազատ»:
Խորին շնորհակալութիւն հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբին, որ առիթը կ’ընծայէ ինձ, այսօր, ձեզ հետ բաժնելու մտածումներս եւ զգացումներս, որոնք անտարակոյս ուղղակի արձագանգ կը գտնեն ձեր բոլորի նոյն կշռոյթով բաբախող հայո՛ւ սրտերուն մէջ:
Եկէ՛ք, ուրեմն, միասնաբար արժեւորենք քաղցրահնչիւն մեր մեծասքանչ լեզուն ու պատշաճօրէն գնահատենք անոր ամրակուռ դարբնոց հայ վարժարանը՝ իբրեւ գերագոյն արժէք:
Արեւելեան մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանը ունի հայակրթութեան իւրայատուկ իր պատմութիւնը, որուն շատ ամփոփ ձեւով պիտի անդրադառնամ, որովհետեւ մեր միօրեայ վարժարաններու 20ամեակը հաշուեյարդարի պահ ըլլալէ աւելի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Թարգմանչաց կտակը իբր պատգամ փոխանցող Նոր Զարթօնքի մեկնակէտ պէտք է դառնայ:
Մեր շրջանէն ներս, յուշագիրքերու տուեալներուն հիման վրայ, նոյնիսկ փոքր համայնքներ, 19րդ դարէն սկսեալ, հայեցի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ նկատելով, հիմնած են հայ վարժարան, թէկուզ միայն 10-15 աշակերտներով եւ մէկ քահանայով իբր ուսուցիչ: Հետագային, 1922էն ետք, երբ գաղութները 1000-2000 հայեր կը հաշուէին, կառուցուած են շէնքեր, ընդհանրապէս եկեղեցւոյ կից եւ դպրոցները գործած են 100է աւելի աշակերտներով, դասաւանդութեամբ արեւմտահայերէնի եւ Յունարէնի կամ Պուլկարերէնի, տիրող քաղաքական պայմաններուն համաձայն, մինչեւ 1946ի դէպի Հայաստան ներգաղթը:
Կը յաջորդէ 1946-1997 հայապահպանման տեսակէտէ ծանր ժամանակաշրջանը, երբ համայնքները կը դառնան խիստ փոքրաթիւ, առանց դպրոցի եւ միայն մէկ հոգեւոր հովիւով հինգ եկեղեցիներու համար: Օրինաչափօրէն, բոլորովին կորստեան դատապարտուած այս շրջանը, սակայն, մերժելով մերժեց նահանջը եւ տոկաց հայօրէն: Այսպէ՛ս, կառչելով եկեղեցիներուն ու նաեւ ամէն քաղաքի մէջ, շնորհիւ կղերականներու, նախկին ուսուցիչներու եւ որոշ գիտակից ու կարող անհատներու նուիրումին, մայրենիին բոլորովին անհաղորդ չթողուց յաջորդող սերունդները, մինչեւ իսկ ի հարկին թղթակցական ճամբով պատրաստուած հայերէնի դասերով:
Գաղութային պայմանները փոխուեցան անշուշտ 90ական թուականներուն, երբ արտագաղթի հետեւանքով մեր շրջանը հաստատուեցան զգալի թիւով հայրենակիցներ: Տեղական բնոյթ կրող ջանքերը յստակօրէն բաւարար չէին այլեւս: Ուստի՝ 1997-98 տարեշրջանէն հիմը դրուեցաւ միօրեայ վարժարաններուն, որոնք 20 տարիէ ի վեր կը գործեն անխափան՝ Թաղային Մարմիններու եւ Հ.Օ.Մ.ի միաւոր Հ.Գթ. Խաչի նիւթաբարոյական ներդրումով:
Այժմ կը դասաւանդուին արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն՝ որոշ պարագաներու: Վերահսկող դաստիարակութեան յանձնախումբը կը բաղկանայ հինգ քաղաքներու ներկայացուցիչներէ, Ազգային Վարչութեան հեռանիստ անդամին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին:
Հակիրճ տողերով պատմական այս անդրադարձը փոքր ապացոյց մըն է հայ ազգի աշխարասփիւռ զաւակներուն բացառիկ ճիգերով մղած գոյապայքարին, որ կուգայ անգամ մը եւս արդարացնելու Ֆրանց Վերֆէլի մեր մասին որակումը՝
«Անկարելի է Հայ մնալ Սփիւռքի մէջ:
«Հայերը, սակայն, անկարելիին ազգն են»:
Այդ անկարելին յաջողցնելու, ուրեմն, կոչուած ենք մենք եւս՝ բոլորս, իւրաքանչիւրս՝ իր դերին յանձնառութեամբ:
Հայ մնալ:
Ինչպէ՞ս:
Սփիւռքի տարածքին մենք լեզուի մը զաւակներն ենք, քանզի մեզմէ խլուած հայրենի հողին ոյժը փոխարինած է մայրենի լեզուն՝ դառնալով մեր տունն ու հայրենիքը:
Ամենայն հասկացողութեան զգացումով՝ հայ անձերու հանդէպ, որ պայմաններու բերմամբ լեզուն չեն սորված, նոյնիսկ իսլամացուած հայերու հանդէպ, կը պարտիմ շեշտելու, թէ իբր ազգ մեր գոյատեւման հիմնական երաշխիքը մեր լեզուն է: Ինչպէս կը գրէ Ֆինլանտացի բանաստեղծ Մայիլա Թալվիօ՝ «լեզու մը երբ կը մեռնի իր գոյներով ու նրբերանգներով, ազգն ալ կը մեռնի»: Միջազգային ուսումնասիրութեանց հիման վրայ, աշխարհի տարածքին 420է աւելի լեզուներ այլեւս չեն խօսուիր: «UNESCO»ի համաձայն՝ վտանգուած է նաեւ արեւմտահայերէնը: Փաստօրէն, սփիւռք կոչուող քաղաքական աքսորը եւ համաշխարհայնացումը կը սպառնան մեր ազգային լինելութեան:
«Հաննիպալը դրանն է»:
Անցեալին, երբ մեր ազգային գոյատեւումը վտանգի տակ էր, մեր հոգւոյն Լուսաւորիչ՝ Գրիգորի եւ օրուան իշխանաւորներուն իմաստուն որոշումներուն շնորհիւ, մենք առաջինը՝ ազգովին քրիստոնեայ մկրտուելով 301ին, տուեալ պատմական պայմաններուն ներքեւ հաստատեցինք մեր ազգային ինքնութիւնը:
Իսկ երբ 387ին Արեւելեան Հայաստանը պարսկական եւ Արեւմտեանը Բիւզանդական տիրապետութեան տակ ինկան, Մեսրոպ Մաշտոց՝ անդրադառնալով, որ Հայաստանը աստիճանաբար պիտի կորսնցնէր իր ազգային դիմագիծը առանց սեփական հայերէն գիրերու և գրաւոր մշակոյթի, հոգևորական ծառայութեան որոշումով, նուիրուեցաւ հայ գիրերու գիւտին: Այսպէս, 405ին, շնորհիւ մեր մտքի Լուսաւորիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ Թագաւորի տեսլապաշտ իրատեսութեան՝ հայ գիրերու գիւտով մենք ՀԱՅ մկրտուեցանք եւ ունեցանք գրաւոր ուրոյն լեզու:
Ունեցանք 5րդ դարուն Հայ Գիրերու Ոսկեդար՝ շնորհիւ Եղիշէի, Կորիւնի, Խորենացիի, Շնորհալիի, Դաւիթ Անյաղթի, Նարեկացիի եւ բոլոր թարգմանչաց հանճարեղ ստեղծագործութիւններուն եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած թարգմանութիւններուն, յատկապէս Աստուածաշունչինը, որ կը նկատուի «թարգմանութիւններու թագուհին»:
«Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն Հայերէնն է»,- ըսած է Լորտ Պայրըն:
Ու մեծասքանչ այդ լեզուն մերն է միայն եւ անով կանք ու կը մնանք:
Ինչպէս կը գրէ Յովհաննէս Շիրազ՝
«Որդի՛ս, գիտե՞ս, ինչից է որ
«Այս էլ դարեր հազարաւոր,
«Հայոց ազգի ծունկը ծալլուեց,
«Յոյսի վերջին խունկը հալուեց,
«Ծունկը ծալլուեց,
«Մէջքը փլուեց,
«Հողը խլուեց,
«Ցրուեց ազգը, բայց չձուլուեց…»
Շնորհիւ Հայոց հրաշք՝ Մեսրոպ Մաշտոցի:
Իսկ Պարոյր Սեւակ կը հաստատէ նոյն անժխտելի ազգափրկիչ իրողութիւնը՝
Շատ բանից է մեզ զրկել թշնամին:
«Իր ձեռքով նա մեր ձեռքերն է հատել,
«Հատել է ականջ ու ոտնաթաթեր,
«Աչքեր է հանել դաշոյնով իր սուր,
«Կտրել է նաեւ արմատից լեզուն,
«Եւ սակայն… ի զուր.
«Չի հատուել լեզուն,
«Մնացել է նա՝ հատուելո՛վ անգամ…»։
«Լինելու թէ չլինելու» վճռորոշ պահերուն, ինչպէս դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին, մէ՛կ է միայն այսօր եւս ճանապարհը՝ ինքնաճանաչում հիմա, Վերածնունդ հիմա, ազգային Նոր Զարթօնք հիմա: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ:
Այսօր, ուրեմն, ազգային խոր գիտակցութեամբ, կոչուած ենք բոլորս դառնալու «Մայրենիի պահապան», աչքի լոյսի նման պահելով հայ վարժարանը ամէն տեսակի տնտեսական թէ այլ տագնապներէ հեռու: Որովհետեւ ան, ինչպէս իր հայրապետական պատգամին մէջ կը շեշտէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը 2006ին, եկեղեցւոյ կողքին ազգային սրբավայր է եւ գաղութի մը ողնասիւնը:
Ուստի, մեզ համար եւս մեր եկեղեցիներու կողքին դպրոցները համայնքներու ողնասիւնն են, հայակերտումի օճախ սրբավայրներ են մեր միօրեաները, ուր ուսուցչուհիները ջանք չեն խնայեր նուազագոյն ժամերու մէջ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար:
Յստակ է, անշուշտ, թէ միօրեաները աւելի արդիւնաւէտ կրնան դառնալ, եթէ մեր ազգային կառոյցներուն եւ ծնողաց անվերապահ աջակցութիւնը վայելեն:
Հաւատացէ՛ք, թէ ո՛չ մէկ արգելք այնքան խոշոր է, որ օտարամոլութիւնը, անտարբերութիւնը կամ թուլութիւնը պատճառաբանելը: Հարկ է, որ մեր բոլորին մօտ խոր համոզում դառնայ, թէ հայ վարժարանը գերագոյն արժէք է, թէ ա., բ., գ.ն Ազգի կեանքին թելն է, զոր մեծ դահիճին եաթաղանն անգամ չկարողացաւ կտրել:
Դպրոցներու այս 20ամեակին եւ հայրենիքի Անկախութեան 100ամեակին բարեբաստիկ զուգադիպութեան առիթով՝ եկէ՛ք ուրեմն ըսե՛նք, այսօր, մեր պատմական «Այո՛»ն անցեալի կոչին, մոխիրներէն վերածնուած մեր հայրենիքին, տակաւին շղթայուած մեր ալեհեր Մասիսին, թէ ի գին ամէն զոհողութեան, պիտի կատարենք մատղաշ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու սրբազան մեր պարտականութիւնը:
Հայ մայր ու հայր եւ հայ ուսուցիչ կը պարտինք ամէն օր կաթիլ մը հայութիւն կաթեցնել Ազգին յոյսն ու ապագան՝ մեր նոր սերունդներուն հոգւոյն մէջ: Հայակերտում՝ օրօրոցէն սկսեալ: Այսպէ՛ս, պիտի ծանօթանան մեր պատմութեան ու մշակոյթին, գիտակցօրէն կապուած իրենց արմատներուն՝ պիտի սիրեն ազգային իրենց ժառանգութիւնը եւ վստա՛հ եղէք, որ այդ ատեն ո՛չ մէկ ոյժ կարող է խլել զիրենք իրենց Ազգին ծոցէն: Պիտի ապրին իբր օրինակելի քաղաքացիներ, սիրով եւ երախտագիտութեամբ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, ինչպէս ասպնչական Հելլադան, հպարտ իրենց հարազատ դիմագիծով, միշտ բարձր պահելով հայ անունը: Պիտի ապրին որպէս հայեր, թէկուզ օտար քաղաքացիութեամբ, բայց ո՛չ իբր օտարներ՝ հայկական ծագումով:
Քաջ գիտեմ, թէ օտարութեան մէջ չափազանց դժուար է հայրենիքը բերել մեր տուներէն ներս: Կրնանք բերել, սակայն, Համաստեղի ներշնչումով այն ոգին՝
«… որ կը գաղթէ, կ՛ ելլէ ճամբայ
«Մեր երկինքէն ու մեր հողէն…»։
Մեր հոգիներուն մէջ պիտի գտնենք զայն «արձագանգի պէս թաքնուած» Հայու Ոգին:
Պէտք է դառնանք արժանի ժառանգորդները այն Հայ Մօր, որ դէպի ստոյգ մահ քալելով հանդերձ՝ անապատի կիզիչ արեւուն տակ, իր կմախացած մատներով ա, բ, գ.ն կը սորվեցնէր իր զաւկին: Ինչպէս կը պատմէ Յովհաննէս Շիրազ իր «Հայոց Տանթէական»ին մէջ՝
«Ու երբ սոսկահար ելանք Պաղտատից, Միջագետք հասանք՝
«Հայոց օթեւան մեծ անապատը, տեսէք՝ ի՛նչ տեսանք.
«Տեսանք հայ մի կին՝ վշտով իմաստուն
«Հայոց ոգին էր ցոյց տալիս որդուն,
«Աւազի վրայ գրելով գրերն հայոց սուրբ ոգով…
«Բայց քամին գալիս՝ ջնջում էր հայոց գրերն հնօրեայ…
«Ջնջում էր քամին, բայց ջնջածները գրում էր տղան…
«Գրում էր մայրը աւազի վրայ այբուբենն հայոց…
«Մասիս էր գրում, որ չմոռանար որդին Մասիսին,
«Որ չմոռանար անապատում էլ՝ հայրենին խլուած…
«Բայց նորից գալիս՝ նորից էր ջնջում քամին խելագար…
«Մայրը ցոյց տալիս՝ գրում էր որդին մահից էլ յամառ…
«-Չե՛ս կարող ջնջել,- մռնչաց Մեսրոպ Մաշտոցի ոգին,-
«Ջնջել չես կարող, ո՜վ հողմածնունդ, վա՜յ քո մողոքին,
«Չես կարող կտրել հայոց մատները, ո՜վ թուր անիրաւ,
«Քանզի Աստծոյ տասը մատներից մէկն է Հայն իրա՛ւ…
«Ու Մեծ Մաշտոցը համբուրեց այն մօր մատները դողդոջ,
«Ապա պատանու ճակատն համբուրեց ոգով էլ մեր ողջ»:
Մաննիկ Պէօրէքճեան-Աշրեան
Աղեքս./պոլիս, 11/11/2018
Շնորհակալիք
Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայեցի Դաստիարակութեան Յանձնախումբը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան իր սիրայօժար աջակցութեան համար շրջանի միօրեայ վարժարաններու 20ամեակի առիթով պատրաստուած գրքոյկի հրատարարութեան:
Նուիրատուութիւն
Այս առիթով Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայեցի Դաստիարակութեան Յանձնախումբը «Ազատ Օր»ին կը նուիրէ 100 եւրօ: