­Հինգ­շաբ­թի օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Պ­րոֆ­պա­նել» ըն­կե­րու­թեան ա­րե­ւա­յին վա­հա­նակ­ներ ար­տադ­րող գոր­ծա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցող այս գոր­ծա­րա­նի ար­տադ­րու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի SolarOn ապ­րան­քա­նի­շով:
­Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան:
­Վար­չա­պե­տին զե­կու­ցո­ւե­ցաւ, որ SolarOn ա­րե­ւա­յին վա­հա­նակ­ներ ար­տադ­րող եւ տե­ղադ­րող գոր­ծա­րա­նի ար­տադ­րա­կան հզօ­րու­թիւ­նը կը կազ­մէ տա­րե­կան 10 մե­կաո­ւաթ, աշ­խա­տող­նե­րու թի­ւը լրիւ ար­տադ­րա­կան ծան­րա­բեռ­նո­ւա­ծու­թեան պա­րա­գա­յին՝ 50 մարդ:
Սկզբ­նա­կան ներդ­րում­նե­րու ծա­ւա­լը կը կազ­մէ 2 մի­լիոն տո­լար:
Ըն­կե­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ նախ ա­րե­ւա­յին վա­հա­նակ­ներ մա­տա­կա­րա­րել ներ­քին շու­կա­յին, ա­պա կազ­մա­կեր­պել ար­տա­ծում դէ­պի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ այլ եր­կիր­ներ: