Այսու կը ծանուցանենք մեր հաւատացեալներուն, թէ Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի արեւագալի ժամերգութիւն:
Արարողութիւնը պիտի կատարէ եկեղեցւոյս նոր հոգեւոր հովիւ
հոգշ. Տ. Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեան:
Կը հրաւիրուին յարգոյ հաւատացեալները մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան:
Հոգաբարձութիւն