Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը այ­սու կու գայ հայ գրա­սէր հան­րու­թեան եւ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման մար­զին մէջ մաս­նա­գէտ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լու, թէ առ ի գոր­ծադ­րումն ­Հա­մազ­գա­յի­նի Է. ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րուն, իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ հա­մա­ցան­ցա­յին ո­լոր­տին մէջ հա­յե­րէ­նի տա­րած­ման, ինչ­պէս նաեւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի հա­յե­րէ­նի ճա­նա­չո­ղու­թեան գոր­ծին։
Առ այդ, այ­սու կը յայ­տա­րա­րենք թո­ղար­կու­մը ման­կա­կան ձե­ռա­գիր «ԱՐԴԻ» տա­ռա­տե­սա­կին, զոր կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել տպագ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, մա­նուկ­նե­րու յա­տուկ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տո­ւող գոր­ծե­րու խմբա­գիր­նե­րուն, եւ մա­նա­ւանդ հե­տե­ւեալ տպագ­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար CoralDraw, Quarkxpress, Indesign, Illustrator, Photoshop, ե­ւայլն: «ԱՐԴԻ»  տա­ռա­տե­սա­կի օգ­տա­գործ­մամբ, մա­նու­կը պի­տի կա­րե­նայ հա­յե­րէն գի­րե­րը տես­նել այն­պէս, ինչ­պէս ինք կը սոր­վի դպրո­ցին մէջ, ինչ որ ա­ւե­լի դիւ­րըմբռ­նե­լի կ­՛ըլ­լայ մա­նու­կին հա­մար եւ մտքին մէջ եր­կո­ւու­թիւն չի ստեղ­ծո­ւիր։ ­Յայտ­նենք, որ այս տա­ռա­տե­սա­կի օգ­տա­գործ­մամբ միան­մա­նու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի թէ՛ դպրո­ցա­կան գիր­քե­րու, թէ՛ քո­վն­տի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու եւ թէ «ԱՐԴԻ»  գոր­ծիք­նե­րու վրայ զա­նա­զան խա­ղե­րու (app) հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւած տա­ռա­տե­սակ­նե­րուն մէջ։
«ԱՐԴԻ»  տա­ռա­տե­սա­կը կա­րե­լի է ներ­բեռ­նել անվ­ճար, դի­մե­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նի կայ­քէ­ջին, հե­տե­ւեալ հաս­ցէով՝

ԱՐԴԻ տառատեսակ


Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն