Արա Ճանիկեան Ju-Jitsu համաշխարհային մրցաշարքի ոսկեայ շքանշանին արժանացաւ

Յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան անգամ մը եւս Ju-Jitsu համաշխարհային մրցաշարքի ոսկեայ շքանշանին արժանացաւ

0
22131

Ուր­բաթ՝ 23 ­Նո­յեմ­բեր 2018ին, ­Շո­ւէ­տի ­Մալ­մէ քա­ղա­քին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Ju-Jitsuի հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­շար­քի մրցում­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին յու­նա­հայ մար­զիկ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան բարձ­րա­ցաւ ա­մէ­նէն բարձր հար­թա­կին վրայ՝ գրա­ւե­լով ոս­կեայ շքան­շա­նը։
Մր­ցա­շար­քի ըն­թաց­քին՝ ե­րէց­նե­րու 56 քի­լոկ­րամ կշիռ­քով խում­բին մաս­նակ­ցե­լով, 4 մրցում­նե­րէ ետք, հա­սաւ ա­ւար­տա­կան մրցու­մին, ո­րու ըն­թաց­քին մրցե­ցաւ Ֆ­րան­սա­ցի մար­զիկ ­Ժիւլ ­Սի­մո­նի դէմ, որ հա­մեւ­րոա­պա­կան ոս­կեայ շքան­շա­նա­կիր է ու յաղ­թեց ա­նոր՝ 21-13 ար­դիւն­քով, գրա­ւե­լով ա­ռա­ջին դիր­քը: Ա­միս­նե­րու եր­կար մար­զում­նե­րու եւ խիստ սննդա­կա­նո­նի հե­տե­ւե­լով՝ Ա­րա ­Ճանկեան հա­սաւ ­Մալ­մէ, ուր մրցե­ցաւ, յաղ­թեց եւ Ju-Jitsu մար­զա­ձե­ւին ­Յու­նաս­տա­նի ոս­կեայ շքան­շան մը եւս ա­պա­հո­վեց 2017ի իր յաղ­թա­նա­կէն ետք։
Ա­րա ա­միս­ներ շա­րու­նակ կը մար­զո­ւէր՝ «­Լէֆ­քա­րոս» մար­զա­կան խում­բին մաս­նակ­ցե­լով ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ, հան­դար­տու­թեամբ, վստա­հու­թեամբ հե­տե­ւե­լով իր մար­զիչ­նե­րու՝ Եոր­ղօ ­Զան­տիո­թի­սի, Եան­նի ­Քոս­տի­կիա­տի­սի, քա­րա­թէ մար­զա­ձե­ւի մար­զիչ­նե­րու Իոան­նիս ­Քա­նե­լի­սի եւ Ա­կե­լոս ­Կոր­կա­սի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն:
­Փօլ ­Ֆա­րա­ճեա­նի սննդա­կա­նո­նին հե­տե­ւե­լով՝ Ա­րա կա­րո­ղա­ցաւ իր մար­մի­նը ամ­րաց­նել յար­մար ճա­շա­ցու­ցա­կով, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ տո­կալ ծանր մար­զում­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լի մար­զա­վար­ժու­թեանց։
Ա­րան յաղ­թա­նա­կէն ետք ը­սաւ, որ դժո­ւա­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին դիր­քին հաս­նի­լը չէ միայն, այլ ա­ռա­ջին դիր­քին վրայ մնա­լը:
Ա­րա իր այս յաղ­թա­նա­կը նո­ւի­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ ա­նոր հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով:
­Կը մաղ­թենք ա­ռող­ջու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն Ա­րա­յի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն։