Ուր­բաթ՝ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, ­Քո­լոմ­պիոյ ­Պո­կո­թա քա­ղա­քին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Ju-Jitsuի հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­շար­քի մրցում­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին յու­նա­հայ մար­զիկ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան բարձ­րա­ցաւ ա­մէ­նէն բարձր հար­թա­կին վրայ՝ գրա­ւե­լով ոս­կի շքան­շա­նը։
Մր­ցա­շար­քի ըն­թաց­քին՝ ե­րէց­նե­րու 56 քի­լոկ­րա­մէն նո­ւազ կշիռ­քով խում­բին մաս­նակ­ցե­լով, Ա­րա յաղ­թեց Իս­րա­յէ­լի եւ ­Քո­լոմ­պիոյ մար­զիկ­նե­րուն եւ հա­սաւ ա­ւար­տա­կան մրցու­մին, ո­րու ըն­թաց­քին յաղ­թեց ­Ղա­զախս­տա­նի մար­զի­կին։
Ա­միս­նե­րու եր­կար մար­զում­նե­րու ու խիստ ճա­շա­ցու­ցա­կի հե­տե­ւե­լով՝ Ա­րա ­Ճան­կեան հա­սաւ ­Պո­կո­թա, ուր քա­ղա­քի կլի­մա­յա­կան տար­բեր ու դժո­ւար պայ­ման­նե­րու տակ գտնո­ւե­լով հան­դերձ՝ մրցե­ցաւ, յաղ­թեց եւ Ju-Jitsu մար­զա­ձե­ւին ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին ոս­կի շքան­շա­նը ա­պա­հո­վեց։
Ա­րա ա­միս­ներ շա­րու­նակ կը մար­զո­ւէր հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ, հան­դար­տու­թեամբ, վստա­հու­թեամբ հե­տե­ւե­լով իր մար­զիչ­նե­րու՝ Եոր­ղօ ­Զան­տիո­թի­սի, Եան­նի ­Քոս­տի­կիա­տի­սի, Ա­կե­լոս ­Կոր­կա­սի եւ ­Տի­միթ­րի ­Մու­լա­վա­սի­լի­սի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Փօլ ­Ֆա­րա­ճեա­նի սննդա­կա­նո­նին, որ իր մար­մի­նը ամ­րա­ցուց յար­մար ճա­շա­ցու­ցա­կով, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ տո­կալ ծանր մար­զում­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լի մար­զա­վար­ժու­թեանց։
Հ­պար­տու­թիւն, յու­զում, ու­րա­խու­թիւն՝ քա­նի մը զգա­ցում­ներ, ո­րոնք կը տի­րա­պե­տեն Ա­րա­յին նկար­նե­րը եւ վի­տէօ¬ե­րիզ­նե­րը դի­տող­նե­րուն։
­Կը մաղ­թենք ա­ռող­ջու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն Ա­րա­յի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն։