Արարատ Միրզոյեանի աշխատանքային այցելութիւնը Յունաստան. տեսակցութիւններ՝ հելլէն քաղաքական ղեկավարութեան հետ
Երկուշաբթի, 27 Յունիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեց Յունաստան եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի քաղաքական ղեկավարութեան հետ, իսկ իր հելլէն պաշտօնակիցին հետ ան ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր։ Բոլոր հանդիպումներուն ներկայ եղաւ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։
Յունաստանի նախագահին մօտ
Իր կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծէն ներս Ա.Գ. նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլուի հետ:
Հանդիպումին, որուն ներկայ եղաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս, շեշտուեցան երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած երկարամեայ եւ ամուր բարեկամական կապերը, յատկապէս ժամանակահատուածի մը, որ ունի յատուկ նշանակութիւն, քանի որ ներկայ տարին կը յատկանշէ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 30-ամեակը։
Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Յունաստանի վարչապետին հետ
Հայաստանի Ա.Գ. նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ:
Երկու զրուցակիցները ընդգծեցին, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, փոխաջակցութեան եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ: Քիրիաքոս Միցոթաքիս եւ Արարատ Միրզոյեան գոհունակութիւն յայտնեցին փոխգործակցութեան հարուստ օրակարգին եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին առնչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով միացեալ ջանքեր գործադրել գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ տնտեսական կապերու հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն, իրաւապայմանագրային դաշտի հնարաւորութիւններու օգտագործման, հայ-յունական միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքին եւ գործարար շրջանակներուն միջեւ շփումներու աշխուժացման միջոցով։ Քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափի փոխգործակցութիւնը։
Հայ նախարարը ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի ընթացիկ զարգացումները: Կողմերը միտքեր փոխանակած են մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանային տնտեսական կապերու ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբերու աշխատանքներուն վերաբերող հարցերուն շուրջ:
Արարատ Միրզոյեան անդրադարձ կատարեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներու ուղղութեամբ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ բանեցուած ռազմական յարձակողականութեան պատճառած մարդասիրական հետեւանքներուն:
Հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներու շարքին, շեշտուած է հայ ռազմագերիներու եւ այլ գերեվարուած անձերու հայրենադարձման, Ատրպէյճանի գրաւումին տակ անցած տարածքներուն վրայ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Հայաաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Յունաստանի կառավարութեան՝ Հայաստանին համար դժուարին ժամանակաշրջանին՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու յաղթահարման ուղղուած օգնութիւնը: Արարատ Միրզոյեան Յունաստանի վարչապետին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի զարգացումները:
Հայաստանի եւ Յունաստանի Ա.Գ. նախարարներու հանդիպումը
27 Յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ Աթէնք գտնուող Հայաստանի Ա.Գ. նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Ա.Գ. նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։
Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ այցելութիւնը կ՚արտացոլայ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու եղբայրական բնոյթն ու միջպետական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։
Արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եռանդին եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան առնչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աւելի խորացնելու առկայ փոխգործակցութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է շարք մը ռազմավարական ուղղութիւններով երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։
Արարատ Միրզոյեան եւ Նիքոս Տենտիաս միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական, բարձր արհեստագիտութիւններու, ռազմական, մշակութային, գիտութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ուղղութիւններով գործակցութեան հետագայ ընդլայնման հեռանկարներուն վերաբերեալ՝ ուրուագծելով իրականացուելիք քայլերը։
Յատկապէս կարեւորուած է տնտեսութեան եւ նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ գործակցութեան խորացման, փոխադարձ ներդրումներու խթանման եւ գործարար շրջանակներու շփումներու աշխուժացման ուղղութեամբ նպատակամղուած աշխատանքներու իրականացումը։
Անդրադառնալով Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս գործակցութեան եռակողմ ձեւաչափին՝ Ա.Գ. նախարարները համոզում յայտնեցին, որ այդ ձեւաչափին մէջ շփումներու շարունակականութիւնը եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը լաւագոյն կերպով պիտի ծառայեն գործընկեր երկիրներու կենսական շահերու ապահովումին։
Քննարկուած են տարածաշրջանային փոխադրական ենթակառուցուածքներու հարցով գործակցության աշխուժացման հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս` «Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրական միջանցքի» ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Արձանագրուած է գործընթացը վերջնակէտին հասցնելու ուղղութեամբ յստակ քայլեր իրականացնելու քաղաքական կամքը:
Զրուցակիցները քննարկած են միջազգային բազմակողմանի հարթակներուն վրայ, այդ պարագային՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ գործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւնները։
Երկու նախարարները անդրադարձ կատարած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին վերաբերող ղարք մը հարցերու։
Հայկական կողմը բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով յունական կողմի աջակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան կը շարունակէ հետեւողական ջանքերը՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրակարգը առաջ մղելու ուղղութեամբ։
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Արարատ Միրզոյեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։
Միրզոյեան առանձնայատուկ ընդգծած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահութեան առանցքային դերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած խաղաղ գործընթացի յառաջմղման գործին մէջ, բարձր գնահատած է Յունաստանի դիրքորոշումը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելով Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանագիծէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման:
Անդրադառնալով Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակողականութեան հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Միրզոյեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Յունաստանի կառավարութեան՝ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման համար։
Հայ նախարարը անընդունելի համարած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ռազմատենչ ու սադրիչ հռետորաբանութիւնը ու գործողութիւնները՝ ընդգծելով նաեւ այն փաստը, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու կոպիտ խախտումով՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիներ։
Կարեւորուած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ատրպէյճանական գրաւումին տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրման եւ ոչնչացման քաղաքականութեան կանխումը։ Արարատ Միրզոյեանը նաեւ շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղին մէջ համապատասխան միջազգային կառոյցներու մասնակցութեան, յատկապէս՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան անարգել իրականացման հրատապութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։
Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութիւն
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ Եւրոպական միութեան վերաբերող հարցերու շուրջ գործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութեան:
Երկու նախարարներու մամլոյ յայտարարութիւնները
Հանդիպումի արդիւնքներուն համար Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարները հանդէս եկած մամուլին համար յայտարարութիւններով: Նշենք, որ մամուլին ուղղուած իր խօսքին մէջ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը ջերմ խօսքերով արտայայտուած է երկու երկիրներու փոխադարձ բարձր կապերուն, յատուկ անդրադարձ ընելով Յունաստանի հայկական գաղութին եւ երկրին մէջ ապրող բազմահազար հայերուն մասին։ Արդէն, երկար տարիներէ ի վեր, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին միջեւ ստեղծուած են ջերմ գործակցական կապեր, որոնց մէկ արտայայտութիւնը եղաւ նաեւ յոյն նախարարի արտասանած ուղերձը նախորդ տարիներուն կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առցանց ելոյթին։
Մեր վաղուան թիւով մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք մամուլի ասուլիսի ընթացքին երկու նախարարներու ներկայացուցած խօսքերուն։