Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)` հայութեան զարկերակի արիւնատուն

0
1827

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Բ­նու­թեան մէջ, երբ ա­ռո­ւա­կէ մը ա­ճա­պա­րա­նօք կ­՛ու­զես օգ­տո­ւիլ, նախ հա­յեացքդ մէյ մը հո­սանքն ի վեր նե­տէ՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ ան ուր­կէ՞ կը հաս­նի մօտդ` հան­քա­գոր­ծա­րա­նի մը թու­նա­ւոր թա­փօն­նե­րու խո­ղո­վա­կէ՞ն, ա­նա­սուն­նե­րու սպան­դա­նո­ցի մը աղ­տո­տու­թիւն­նե­րու կո­յու­ղիէ՞ն, թէ՞ բարձ­րա­դիր լեռ­նե­րու ձիւ­նին ու անձ­րե­ւին գո­յա­ցու­ցած զու­լալ ու կեն­սա­տու աղ­բիւր­նե­րէն:
­Նոյն­պէս ալ, ­Հա­յաս­տա­նի «Ա­ռա­ւօտ» թեր­թի 28 ­Յու­նիս 2017ի թի­ւին մէջ, գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի «­Խորհր­դա­նիշ դնե­լու ժա­մա­նա­կը չէ» յօ­դո­ւա­ծին մէջ տեղ գտած գա­ղա­փար­նե­րուն հո­սանքն ի վեր հա­յեացք պէտք է նե­տել` ի­մա­նա­լու հա­մար հիմ­քը, տես­նե­լու հա­մար ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն տուն տո­ւող հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ծննդո­ցը:
29 ­Յու­նիս 2017ի «­Հայ­րե­նիք»ի է­ջե­րով ­Կա­րօ Ար­մե­նեան («­Հա­մա­կար­գը կը խօ­սի») եւ ­Վա­չէ Բ­րու­տեան («Ո՛չ, պրն. Աբ­րա­հա­մեան, հի­մա՛ է «խորհրդա­նիշ դնե­լու» ժա­մա­նա­կը») լա­ւա­գոյն ձե­ւով ցոյց տո­ւած են «Ա­ռա­ւօտ»ի յօ­դո­ւա­ծին իւ­րա­քան­չիւր ար­տա­յայ­տու­թեան ան­խո­հեմ եւ վտան­գա­ւոր բնոյ­թը, խորհր­դա­յին կար­գե­րուն ու ա­նոնց ցա­նած­նե­րուն իբր թէ դէմ, բայց թեր իր դիր­քո­րո­շու­մին:
­Մէկ գլխա­ւոր պատ­մու­թեան ըն­թացք եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն կ­՛ու­զեմ յի­շեց­նել այս խմբա­գի­րին եւ իր նման­նե­րուն. Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը (­Սեր­գէյ) եւ իր դաշ­նակ­ցա­կան սերն­դա­կից­նե­րը, ե­թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ողջ պա­հե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը չու­նե­նա­յին, ո՛չ ին­քը, ո՛չ ալ նմա­նա­տիպ այլ «գրիչ­ներ» ո՛չ ­Հա­յաս­տան, ո՛չ Ար­ցախ, ո՛չ ալ ­Ջա­ւախք պի­տի ապ­րէին ու այ­սօ­րո­ւան նման ա­զա­տօ­րէն գրէին, այլ պի­տի ըլ­լա­յին Աս­տու­ծոյ տնօ­րի­նու­թեամբ ծնած ան­հատ­ներ, երկ­րա­գուն­դի մէկ շրջա­նի մէջ, որ նա­խա­պէս ­Հա­յաս­տան կո­չո­ւած էր:
Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տանն ալ, Ար­ցա՛խն ալ, ­Ջա­ւա՛խքն ալ բնաջն­ջո­ւած կ­՛ըլ­լա­յին թուր­քե­րուն եւ թա­թար­նե­րուն կող­մէ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ զան­գո­ւածն ալ են­թար­կո­ւած կ­՛ըլ­լար իր ա­րեւմ­տա­հայ ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն վի­ճա­կին:
­Բա­րե­բախ­տա­բար, հայ ժո­ղո­վուր­դը, Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի (­Սեր­գէյ) ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հի կո­չին հե­տե­ւե­լով ու ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեամբ, փրկեց իր գո­յու­թիւ­նը եւ ի­մաս­տա­ւո­րեց իր գո­յա­տե­ւու­մը:
Այս ան­վի­ճե­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը երբ կ­՛ըն­դու­նուի ու հին թոյ­նե­րը կը հա­կասրս­կո­ւին, այն ա­տեն միայն մարդ կա­րող է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ խօ­սիլ, ­Թուր­քիոյ ու խորհր­դա­յին կար­գե­րուն կող­մէ հա­ւա­քագ­րո­ւած եւ այժ­մու շա­ղակ­րատ­նե­րուն կող­մէ զար­դա­րո­ւած, Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի (­Սեր­գէյ) ու այդ սե­րուն­դի «սխալ­նե­րուն» մա­սին:
Ո­գե­ղէն ­Հա­յաս­տա­նը եւ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կ­՛ար­մա­տա­ւո­րո­ւին, երբ ­Հա­յաս­տա­նի իս­կա­կան շա­հե­րը վեր կը բարձ­րա­նան, երբ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը ցո­լան, երբ ի­րա­կան «դիկ­տա­տոր»ն­ ու հրա­մա­նա­տար­նե­րը ար­ժա­նա­վա­յել յար­գան­քը կը ստա­նան երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րը սո­ւի­նա­հա­րած պատ­մա­կան թէ ապ­րող «հե­րո­սա­ցո­ւող­նե­րուն» փո­խա­րէն:
Այժմ, վեր­լու­ծու­մի կար­գով, իր ըն­տա­նի­քին ու իր ժո­ղո­վուր­դին կեանք շնոր­հած Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի (­Սեր­գէյ) յու­շար­ձա­նը ո՞ւր եւ ե՞րբ պի­տի տե­ղադ­րո­ւիին մա­սին տե­ղին է, որ խմբա­գի­րը վե­րա­տե­սու­թիւն եւ խոր­քա­դարձ կա­տա­րէ:
­Տա­կա­ւի՛ն, Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի (­Սեր­գէյ) ո՛չ միայն յու­շար­ձա­նը իր ար­ժա­նա­վա­յել տե­ղը` ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին սիր­տին հարկ է զե­տե­ղել, նաե՛ւ իր գե­րեզ­մանն ալ ­Թոխ­մա­խի այդ թփուտ­նե­րէն պէտք է տե­ղա­փո­խել Ե­ռաբ­լուր կամ ­Կո­մի­տա­սի պան­թէոն, գլխա­ւոր մուտ­քին դի­մաց, ո­րով­հե­տեւ այն բո­լոր ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք հոն կը հանգ­չին, ա­ռանց իր գեր­մարդ­կա­յին սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն` գո­յու­թիւն նոյ­նիսկ պի­տի չու­նե­նա­յին կամ պի­տի ստեղ­ծա­գոր­ծէին թրքե­րէ­նով, ա­ռա­ւե՛լ` իր տու­նը, ինչ­պէս բազ­մա­թիւ իր ե­րախ­տա­պարտ­նե­րը կը պա­հան­ջեն, պէտք է ար­ժա­նա­ւո­րինս վե­րա­ծո­ւի յաղ­թա­նա­կի թան­գա­րա­նի:
Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը (­Սեր­գէյ) միայն պատ­մա­կան դէմք չէ. պատ­մու­թիւ­նը հա­յան­պաստ դար­ձու­ցած եւ ապ­րող դէմք է, ա­րիւ­նա­տու` նոյ­նինքն խմբա­գի­րին, հա­մես­տիս եւ ա­մէն ինք­զինք հայ զգա­ցո­ղի զար­կե­րա­կին:
­Պատ­մու­թեան նեն­գա­փո­խու­մի եւ ա­ռանց­քա­յին ան­ձին վար­կա­բե­կու­մի փոր­ձը միշտ ալ կը բա­խի ճշմար­տու­թեան ան­զի­ջող հա­կա­դար­ձու­թեան: