Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919)

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919). ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տի­չը. ­Հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դի­րը Ն.

0
1816

­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ՝ 29 ­Յու­նո­ւար 1919ին, Ե­րե­ւա­նի իր հա­մեստ բնա­կա­րա­նին մէջ, մարմ­նա­պէս լրիւ հիւ­ծած, բծա­ւոր տի­ֆէ վա­րա­կո­ւած ու ան­կող­նին գա­մո­ւած, բո­ցա­վառ աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց ԱՐԱ­Մը, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տիչն ու հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դի­րը։
Ինչ­պէս որ կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, բծա­ւոր տի­ֆը այդ օ­րե­րուն իս­կա­կան ա­ւեր կը գոր­ծէր ամ­բողջ շրջա­նին մէջ։ ­Հա­զիւ 11 օ­րեր ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, միեւ­նոյն վա­րա­կով վախ­ճա­նած էր հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դար­բի­նը՝ նոյ­նինքն Ա­րա­մի եւ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կան սերն­դա­կից­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան Ու­սու­ցի­չը՝ ան­զու­գա­կան ­Ռոս­տո­մը։
­Թէ՛ տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման ա­ռու­մով, թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-պե­տա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի դժո­ւա­րին եր­թը ա­ռաջ­նոր­դե­լու ի­մաս­տով՝ ծան­րա­գոյն կո­րուստ ու հա­րո­ւած էին ե՛ւ ­Ռոս­տո­մի, ե՛ւ Ա­րա­մի այ­դօ­րի­նակ, ան­ժա­մա­նակ մա­հե­րը։
Ա­րա­մի մա­հով՝ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յան­կարծ զրկո­ւե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող եւ հու­նա­ւո­րող ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծի­չէն։
Ա­րա­մի նո­ւի­րո­ւած մե­նագ­րու­թեան հե­ղի­նա­կը՝ Ար­շա­լոյս Աս­տո­ւա­ծատ­րեան այն­քա՜ն դի­պուկ նկա­րագ­րա­կա­նը կը կա­տա­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ Ազ­գա­յին ­Ղե­կա­վա­րի ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րած Ա­րա­մի հա­մա­ժո­ղովրդա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան.
«Ա­րա­մի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­կան մեծ սգի ար­տա­յայ­տու­թիւն էր։ ­Հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ ե­կել էին վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցա­նե­լու այն մար­դուն, ո­րին վստա­հել էին ի­րենց բախ­տը ա­մե­նա­ծանր օ­րե­րին։ Ես գի­տեմ, թէ ի՛նչ է ե­ղել Ա­րա­մը՝ Ե­րե­ւա­նի հա­մար, բայց եւ այն­պէս, երբ դա­գա­ղը դուրս բե­րինք բնա­կա­րա­նից, այն, ինչ տե­սայ դուր­սը՝ մի վայր­կեան սթա­փեց­րեց մեծ կո­րուս­տի ազ­դե­ցու­թիւ­նից ու զար­մանք պատ­ճա­ռեց — աչքդ որ կողմ ուղ­ղում էիր՝ ծով բազ­մու­թիւն. փո­ղոց, տա­նիք, լու­սա­մուտ, պատշ­գամ — բո­լո­րը բռնո­ւած էին մեծ տա­րա­ծու­թեան վրայ. ամ­բողջ քա­ղա­քը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին ե­կել փո­ղոց։ ­Պօ­ղոս-­Պետ­րոս ե­կե­ղե­ցուց սկսած մին­չեւ հանգս­տա­րան, դիա­կառ­քը մնաց դա­տարկ. դա­գա­ղը տա­նում էին ձեռ­քե­րի վրայ. եւ տա­նող­նե­րը գլխա­ւո­րա­պէս վա­նե­ցիք էին, ո­րոնք յա­տուկ սէր ու գուր­գու­րանք ու­նէին Ա­րա­մի հան­դէպ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Տան առ­ջեւ դամ­բա­նա­կան­ներ խօ­սո­ւե­ցին։ ­Հո­յա­կապ էին եւ ան­մո­ռա­նա­լի ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի խօս­քե­րը։ ­Հանգս­տա­րա­նում խօ­սե­ցին Յ. ­Քա­ջազ­նու­նին եւ Ա. ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նը։ Այդ օ­րը ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը խո­րունկ սու­գի մէջ էր…»։
Ա­րա­մի մա­հով մեր ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց գա­ղա­փա­րա­պաշտ այն ե­զա­կի գոր­ծիչ, որ 1915ի ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տը յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լով եւ 1918ին նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան դար­բինն ու հաս­տա­տա­կամ ո­գին ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր նկա­րագ­րով եւ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի մղու­մով, ­Սար­դա­րա­պա­տեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րը կեր­տած «­Դիկ­տա­տոր»ի իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը վար դրաւ եւ վար­չա­պետ Յ. ­Քա­ջազ­նու­նիի գլխա­ւո­րած անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստանձ­նեց ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
­Հա­րիւր տա­րի­ներ ան­ցած են Ա­րա­մի տա­րա­բախտ վախ­ճա­նէն աս­դին, բայց ա­նոր լու­սա­ւոր կեր­պա­րը, գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չը եւ հայ­րե­նա­կերտ գոր­ծը կը շա­րու­նա­կեն մեր սե­րունդ­նե­րը ներշն­չել ու դաս­տիա­րա­կել՝ հա­յոց Ազ­գի, ­Հայ­րե­նի­քի եւ ­Պե­տա­կա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնուե­լու ան­վե­հեր ­Յանձ­նա­ռու­թեամբ։
Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ներշնչ­ման աղ­բիւր չու­նե­նալ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քը թե­ւա­կո­խած ­Սեր­գէյ ­Յով­հան­նի­սեա­նի լու­սա­ւոր օ­րի­նա­կը, որ կրա­կի մկրտու­թիւ­նը դեռ նոր ստա­ցած իբ­րեւ Ա­րամ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին պայ­քա­րու­նա­կու­թեան պաշ­տա­մուն­քով, օ­րագ­րա­յին իր գրա­ռում­նե­րուն մէջ, պի­տի պատ­գա­մէր.-
«Ես չէի կա­րո­ղա­նում հաս­կա­նալ այն մեծ գաղտ­նի­քը, այն մեծ ու­ժը, որ սո­վո­րա­կան մարդ­կանց, շատ ան­գամ կրթու­թիւն չու­նե­ցող­նե­րին, գիւ­ղա­ցի­նե­րին, ստի­պում էր տա­րի­ներ շա­րու­նակ անտր­տունջ հան­դուր­ժել այս տա­ռա­պանք­նե­րին։ Մ­տա­ւո­րա­կան­նե­րի հա­մար ա­սում էին ի­տէալն ու գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թիւնն է, իսկ միւս­նե­րին մնում էր ըն­դու­նել հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, որն ու­նէր եւ գաղտ­նի, ա­նըմբռ­նե­լի ոյժ՝ այդ­քա՜ն զո­հա­բե­րու­թիւն­ներ վերց­նող»։
Այդ մեծ գաղտ­նիքն ու ան­սա­կարկ ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան հրա­շա­զօր ու­ժը մարմ­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ վա­րա­կիչ դար­ձաւ Ա­րա­մի ան­ձով, գոր­ծով եւ շուն­չով։
Ա­րամ ­Մա­նու­կեան յի­սուն տա­րե­կա­նին հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն, բայց իր ա­նու­նին կա­պեց այն­պի­սի՛ մե­ծա­գոր­ծու­թիւն, որ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տը պայ­ծա­ռաց­նող լու­սա­ւոր աստ­ղե­րու ա­մէ­նէն ճա­ռա­գայ­թող ար­ժա­նա­ւոր­նե­րէն մէ­կը։
Ա­րամ ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց մէկ ու միակ դա­ւա­նան­քով, որ կը խտա­նար սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ պարտ­քի ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով գոր­ծե­լու դաշ­նակ­ցա­կան յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին պա­տա­նի տա­րի­քէն զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած՝ Ա­րամ շա­րու­նակ ծա­ռա­յեց ու գոր­ծեց հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան այն ան­կեղծ սկզբուն­քայ­նու­թեամբ, թէ՝
«Ես մի բա­նից եմ վա­խե­նում։ ­Վա­խե­նում եմ՝ մենք սե­ւե­րես դուրս գանք մեր ժո­ղովր­դի առ­ջեւ, չկա­րո­ղա­նանք կազ­մա­կեր­պել գոր­ծը եւ կորց­նենք նրա հա­ւատն ու վստա­հու­թիւ­նը»։
­Բուն ա­նու­նով ­Սեր­գէյ ­Յով­հան­նի­սեան՝ Ա­րամ դիւ­ցազ­նա­կան ­Զան­գե­զու­րի զա­ւակ է, ծնած՝ 1879ին, ­Ղա­փա­նի ­Զէյ­վա գիւ­ղը։ Ա­ւար­տած է ­Շու­շիի ­Թե­մա­կա­նը, որ ժա­մա­նա­կի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­ւոր­ման հնոց էր։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու խնդիր չու­նե­ցաւ Ա­րամ, ո­րով­հե­տեւ Երկ­րի կան­չը պա­տա­նի տա­րի­քէն ար­դէն գրա­ւած էր ա­նոր միտքն ու սիր­տը։
1901ին, ար­դէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րուած, Ա­րամ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Բա­գու, ուր լծո­ւե­ցաւ հայ պան­դուխտ բա­նո­ւոր­նե­րու ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ կազ­մա­կերպ­ման ե­ռուն աշ­խա­տան­քի՝ իր կար­գին Եր­կիր անց­նե­լու եւ ա­զա­տագ­րա­կան կեն­դա­նի պայ­քա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով։ ­Բայց ­Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէն նա­խընտ­րեց իր մօտ պա­հել գա­ղա­փա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր եւ կազ­մա­կեր­պա­կան մեծ շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ե­րի­տա­սարդ Ա­րա­մը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ դէ­պի Եր­կիր ուխ­տա­ւոր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծը։
Ի վեր­ջոյ 1903ին Ա­րամ յա­ջո­ղե­ցաւ անց­նիլ ­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր մուտք գոր­ծե­լու հա­մար, բայց ­Կար­սի Հ­նո­ցը ղե­կա­վա­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ի­րենց կար­գին նա­խընտ­րե­ցին ­Կար­սի մէջ պա­հել մար­դոց իր շուրջ հա­մախմ­բե­լու եւ ընդ­հա­նուր գոր­ծին լծե­լու բնա­ծին տա­ղան­դով ա­ռանձ­նա­ցող ե­րի­տա­սարդ այս գոր­ծի­չին։
Ա­րամ միայն տա­րի մը մնաց ­Կարս, բայց տա­րաւ այն­քան գործ՝ սահ­մա­նը անց­նող­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան ու մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ զէն­քի փո­խադ­րու­թեան գոր­ծի ար­դիւ­նա­ւոր կազ­մա­կերպ­ման ի­մաս­տով, որ դաշ­նակ­ցա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը բարձ­րա­կէ­տի ա­ռաջ­նոր­դեց՝ ­Կար­սի ­Սեր­գէ­յի հռչա­կով։
Ա­րա­մի սիր­տը Երկ­րին կա­պո­ւած էր, սա­կայն։ 1904ին վեր­ջա­պէս ար­տօ­նո­ւե­ցաւ Ա­րա­մի, որ անց­նի ­Վան եւ հոն­կէ ­Սա­սուն, բայց հասկ­նա­լիօ­րէն ­Վա­նը ամ­րօ­րէն փա­րե­ցաւ ար­դէն Ա­րամ ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցող դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծի­չին, որ այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ 1916 թո­ւա­կա­նը, շատ կարճ ընդ­հա­տու­մով, ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի մէջ։
­Վա­նի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան այս եր­կա­րա­տեւ շրջա­նը Ա­րա­մի կեան­քին ա­ռանց­քա­յին բա­ժի­նը կազ­մեց՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ա­նոր մեծ վաս­տա­կին ամ­րա­կուռ պա­տո­ւան­դա­նը հան­դի­սա­նա­լով։
Սկզբ­նա­պէս «պա­րոն Ա­րամ» ճանչ­ցո­ւե­ցաւ եւ ե­կուոր նկա­տո­ւե­ցաւ վա­նե­ցի­նե­րուն կող­մէ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ըլ­լան ա­նոնք թէ ար­մե­նա­կան։ ­Բայց ժա­մա­նա­կը շատ ա­րագ վա­նե­ցի­նե­րու հա­րա­զատն ու ա­ռաջ­նոր­դը դար­ձուց ողջ էու­թեամբ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ միա­ձու­լո­ւած այս գոր­ծի­չին։
Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. ­Դու­րան-­Վաս­պու­րա­կա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ, այ­լեւ ողջ ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան մօտ «պա­րոն Ա­րամ» տա­րա­ծեց ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու, հա­մա­հայ­կա­կան ու հա­սա­րա­կաց շա­հի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն սկզբուն­քէ եւ օ­րէն­քէ վեր դա­սե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ուս­մուն­քը։
Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան աչ­քի փու­շը դար­ձած Ա­րա­մին որ­քան ա­տե­ցին, այն­քան ալ պատ­կա­ռան­քով նա­յե­ցան ­Վան ե­կած ու գա­ցած թուրք թէ քիւրտ իշ­խա­նա­ւոր պէ­կերն ու փա­շա­նե­րը։ Այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նինքն թշնա­մին Ա­րա­մի մէջ տե­սաւ իր մե­ծա­գոյն ա­խո­յեա­նը եւ «­Փա­շա» ա­նո­ւա­նեց զայն։
­Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ պատ­մա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րով յղի այդ եր­կար ժա­մա­նակշր­ջա­նին, Ա­րամ դար­ձաւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան ուժն ու կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող ան­վի­ճե­լի ղե­կա­վա­րը։ Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման եւ պե­տա­կան տա­րո­ղու­թեամբ են­թա­կա­ռոյ­ցի ստեղծ­ման ա­ռու­մով՝ Ա­րամ բախ­տո­րոշ գործ կա­տա­րեց ­Վա­նի մէջ։
Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1915ին ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կա՛ն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րու, այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։
­Յատ­կա­պէս Ա­րա­մի ե­րե­ւա­նեան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ տե­սա­նե­լի ու ճա­ռա­գայ­թող է ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան ա­ռու­մով ա­նոր մե­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։
1917ին իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձաւ։ Որ­բի եւ ող­բի, գաղ­թա­կա­նու­թեան եւ յու­սալ­քու­մի, ար­շա­ւող թուր­քէն սար­սա­փա­հար եւ դէ­պի ­Ռու­սաս­տան հա­յեաց­քը յա­ռած ցա­նուց­րիւ հա­յու­թե­նէն, ա­միս­նե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւող իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ գե­րե­լու եւ ի մի բե­րե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ Ա­րամ շունչ եւ մար­մին տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն մղիչ ոյ­ժը դառ­նա­լով։
­Պա­տա­հա­կան չէր, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը «­Դիկ­տա­տոր» կար­գեց Ա­րա­մին եւ ա­նոր վստա­հո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին մեր ճա­կա­տագ­րին դարբ­նու­մը։ Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ դար­ձաւ հիմ­նա­դի­րը ­Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից վե­րա­կանգ­նու­մին։
­Կեն­սա­գիր­նե­րու միա­հա­մուռ վկա­յու­թեամբ՝ ե­թէ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը չտա­նէր Ա­րա­մին, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այս հսկան ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար նաեւ ա­ռող­ջաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ներ­քին շա­ղա­խը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամքն ու ու­ժը ջլա­տող ցե­ցե­րու դէմ պայ­քա­րի մեծ աս­պա­րէզ բա­ցո­ւած էր եւ յատ­կա­պէս Ա­րամ ի վի­ճա­կի էր պա­տո­ւով յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­լու այդ պայ­քա­րը։ Այդ նկա­տա­ռու­մով ալ ստանձ­նած էր ­Քա­ջազ­նու­նիի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
­Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ընդ­հա­տեց ա­նոր կեան­քը եւ ա­նա­ւարտ թո­ղուց ա­նոր ձեռ­նար­կած մեծ գոր­ծը։
Ա­րա­մի մա­հո­ւան հա­րիւ­րա­մեա­կին ո­գե­կո­չու­մը կ­՚ար­ժէ եզ­րա­փա­կել ա­նոր պատ­մա­կերտ դե­րին եւ տե­ղին կա­պո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.
Ա­րա­մի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խո­րա­գոյն հա­մո­զու­մը ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ռազ­մա­կան տա­ղան­դին բա­ցա­ռիկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն զօ­րա­վար ­Սի­լի­կեան՝ 1918ի ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը։ Երբ 1917ի ձմեռ­նա­մու­տին ­Թիֆ­լի­սի մէջ բուռն քննար­կում­ներ տե­ղի կ­þու­նե­նա­յին ռու­սա­կան բա­նա­կին կող­մէ լքո­ւած հայ-թրքա­կան սահ­մա­նին հա­մար ­Զի­նո­ւո­րա­կան ­Վա­րի­չի պաշ­տօ­նին յար­մար թեկ­նա­ծու գտնե­լու հար­ցին շուրջ, Ա­րա­մի նշա­նակ­ման ընդ­դի­մա­ցող եւ փո­խա­րէ­նը իր անձ­նա­կան թեկ­նա­ծու­թեան վրայ պնդող շրջա­նակ­նե­րուն զօր. ­Սի­լի­կեան կը պատ­գա­մէր.-
«Դժ­գոհ­նե­րը չեն ճա­նա­չում Ա­րա­մին։ Երբ ճա­նա­չեն, կը հա­մո­զո­ւեն, որ ներ­կա­յումս նա ՄԻԱԿ կա­րող մարդն է այդ պաշ­տօ­նին հա­մար։ Ես ին­չո՞ւ եմ հրա­ժար­ւում. ո­րով­հե­տեւ մէկ է՝ ես ինքս ա­ռանց Ա­րա­մի ո­չինչ չեմ ա­նե­լու։ Ես այժմ էլ ա­ռանց Ա­րա­մի հետ խորհր­դակ­ցե­լու՝ ոչ մի կա­րե­ւոր քայլ չեմ առ­նում. իսկ վա­րի­չի պաշ­տօ­նը յանձն առ­նե­լու պա­րա­գա­յում, գրա­սե­նեակս տե­ղա­փո­խե­լու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զի­նո­ւո­րա­կան վե­րար­կու ո՛չ ո­քի չի տայ այն՝ ինչ որ ու­նի Ա­րա­մը»։
Ազ­գա­յին ղե­կա­վա­րի ու քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դի այ­սօ­րի­նա՛կ մարմ­նա­ւո­րումն է Ա­րամ եւ կեն­սա­գիր­նե­րը միա­հա­մուռ կը վկա­յեն, որ ե­թէ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը չկտրէր կեան­քի թե­լը Ա­րա­մին, հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այս հսկան ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար նաեւ ա­ռող­ջաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մե­րը՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան միաս­նու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան ներ­քին շա­ղա­խը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամքն ու ու­ժը ջլա­տող ցե­ցե­րու դէմ պայ­քա­րի մեծ գործ կար տա­կա­ւին եւ յատ­կա­պէս Ա­րամ ի վի­ճա­կի էր պա­տո­ւով յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­լու այդ պայ­քա­րը։