Աշխարհահռչակ եւ հայ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 120-ամեակին առիթով, գործակցութեամբ Թեսաղոնիկէի համերգասրահին ընդհանուր տնօրէնուհիին եւ գեղարուեստական տնօրէն Քրիս Ղալիլէասի, Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2023-ին երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Մեղարօ Մուսիքիս» սրահէն ներս, Հայաստանի ազգային նուագախումբը ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Էդուարդ Թոփճեանի եւ դաշնակահարութեամբ Սէրկէյ Պապայեանի տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Սոյն ոգեւորիչ ելոյթին ներկայ գտնուեցան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Թեսաղոնիկէի Հ.Հ. պատւոյ հիւպատոսը, յոյն պատուաւոր հիւրեր եւ բազմաթիւ հայ եւ յոյն ներկաներ:
Բացման Խօսքով հանդէս եկաւ համերգասրահի գեղարուեստական տնորէն Քրիս Ղալիլէաս: Ան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, անդրադարձաւ օրուան ելոյթին նպատակին եւ իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց համերգասրահի ընդհանուր տնօրէնուհի Էւղէնիա Ալէքսանտրափուլուին: Ապա, բեմ հրաւիրեց տնօրէնուհին, որպէսզի ան եւս իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Ան անդրադարձաւ Արամ Խաչատուրեանի գործունէութեան:
Իսկ, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ խօսք առաւ եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան: Նկատի ունենալով, որ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին կը զուգադիպի նաեւ Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ օծման 120-ամեակը, ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան մասին եւ ամփոփ գիծերով ներկայացուց դարաւոր պատմութիւնը: Յաջորդաբար, Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանի թարգմանը հանդիսացաւ Թեսաղոնիկէի պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան:
Խօսքերէն անմիջապէս յետոյ հանդէս եկաւ Հայաստանի ազգային նուագախումբը եւ ներկաներուն հրամցուց Արամ Խաչատուրեանի հրաշալի ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Նշենք նաեւ, որ նուագախումբին միացաւ դաշնակահար Սէրգէյ Պապայեան եւ ունեցաւ նաեւ առանձին բաժիններ, որոնցմով հիացուց ներկաները:
Ելոյթի աւարտին, հայր սուրբը, ատենապետը եւ պատուոյ հիւպատոսը անձամբ տեսակցեցան նուագախումբի ղեկավարին հետ, որուն փոխանցեցին սրտէ բխած շնորհաւորութիւններ եւ քաջալերական խօսքեր:
ԹՂԹԱԿԻՑ