«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կո­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս, ­Կի­րա­կի՝ 8 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն եւ զրոյց։
­Ժա­պա­ւէ­նը յե­նո­ւած է հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ­ներ եւ հայ շա­րա­կան­նե­րու ա­ւան­դա­կան մեկ­նա­բա­նող­ներ Ա­րամ եւ ­Վիր­ճի­նիա ­Քե­րով­բեան­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­րո­նում­նե­րուն վրայ։ ­Քե­րով­բեան ա­մո­լը ­Փա­րի­զի մէջ հիմ­նած է «ԱԿՆ» հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան կեդ­րո­նը (Center for Armenian Modal Chant Studies AKN), որ նպա­տակ ու­նի փրկել, ու­սու­ցա­նել եւ տա­րա­ծել հայ ա­ւան­դա­կան եւ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս՝ հայ­կա­կան խա­զե­րու եւ ա­ւան­դա­կան ձայ­նագ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մով։
­Փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին մէջ կը տես­նենք «Երգ աք­սո­րեալ» նիւ­թով ներ­կա­յաց­ման մը պատ­րաս­տու­թիւ­նը, նո­րա­րար «­Զա­թոֆս­քի-­Զար թատ­րոն» գե­ղա­րու­սե­տա­կան խում­բին կող­մէ։ ­Քե­րով­բեան ըն­տա­նի­քը եւ թա­տե­րա­կան խում­բի ան­դամ­նե­րը շրջապ­տոյտ­ներ կը կա­տա­րեն ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ այ­ցե­լե­լով լքո­ւած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ վան­քե­րը։ ­Նիւ­թը դի­տե­լով, հան­դի­սա­տե­սը կը հիա­նայ հայ ժո­ղո­վու­դի հո­գե­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան վրայ, միա­ժա­մա­նակ դառ­նու­թեամբ կը վկա­յէ ա­նոնց կա­ցու­թիւ­նը եւ կորս­տեան վտան­գը։ «Ակն» կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր­ներ Ա­րամ եւ ­Վիր­ճի­նիա ­Քե­րով­բեան այ­սօր կը նկա­տո­ւին հայ ա­ւան­դա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան եւ եր­գա­սա­ցու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ։ Ա­նոնք, ի­րենց եր­կա­րա­մեայ գի­տա­կան աշ­խա­տան­քով եւ ե­րաժշ­տա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րու վրայ կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով մե­ծա­պէս սա­տա­րած են հո­գե­ւոր եր­գե­ցո­ղու­թեան պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման։
«Ակն» կեդ­րո­նը բազ­մա­թիւ գիր­քեր եւ ձայ­նապ­նակ­ներ հրա­տա­րա­կած է, ո­րոնք առն­չո­ւած են հայ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րու ա­ւան­դա­կան ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րու եւ գրու­թիւն­նե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան հետ։ Ա­րամ ­Քե­րով­բեան ­Փա­րի­զի հայ­կա­կան մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւագ դպիրն է եւ իր լայն փոր­ձառու­թեամբ ու հմտու­թեամբ, ան կը ծաղ­կեց­նէ դպրաց դա­սու եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը։
­Ժա­պա­ւէ­նի ներ­կա­յա­ցու­մին յա­ջոր­դեց զրոյց ­Քե­րով­բեան ա­մո­լին հետ, ո­րոնք պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն եւ լսո­ւե­ցան շա­հե­կան տե­սա­կէտ­ներ։