­Կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը՝ ար­տա­սա­նո­ւած ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ կա­ռու­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կի յու­շա­կո­թո­ղի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 21 ­Մարտ 2018ին, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի, ­Հա­յաս­տա­նէն եւ սփիւռ­քի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ժա­մա­նած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­յին հոծ բազ­մու­թեան։ ­Յու­շա­կո­թո­ղին ծախ­սե­րը հո­գա­ցին ­Զո­ւի­ցե­րիա­յէն ազ­գա­յին բա­րե­րար տէր եւ տի­կին Ա­լեք­քօ եւ Ա­նի ­Պէ­զի­քեան։

­Ցե­ղաս­պան թուր­քին եա­թա­ղա­նին դի­մաց, ան­մա­հա­նուն ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ա­մուր վճռա­կա­մու­թեամբ ու ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հա­ւատ­քով զինք ծնող ժո­ղո­վուր­դին կը խոս­տա­նար ը­սե­լով՝

«­Մե՛նք, զա­ւակ­ներդ օ­գոս­տա­փառ,
­Պի­տի կեր­տենք նո՜ր Ար­շա­լոյս…»։

Եւ չու­շա­ցաւ «նո՜ր ար­շա­լոյ­սը» հայ ժո­ղո­վուր­դին…։
Ա­ւե­լի քան հինգ դա­րեր ստրկու­թիւն ու հա­լա­ծանք, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ու աք­սոր ապ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հայ­րե­նի դա­րա­ւոր հո­ղին վրայ ­Մա­յիս 28, 1918ին կեր­տեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը, իր կեան­քի «նո՜ր ար­շա­լոյ­սը»։
­Ճի՛շդ է, պայ­ման­նե­րը պար­տադ­րե­ցին, որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եր­կար կեանք չու­նե­նայ. սա­կայն «թշո­ւառ ու ան­տէր» դար­ձած հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ծա­ծա­նե­ցաւ ե­ռա­գոյ­նը՝ դրօ­շը ան­կա­խու­թեան։
­Դա՛ր­ձեալ ճիշդ է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­կար­գը փո­խուե­ցաւ. սա­կայն հա­կա­ռակ ա­հա­ւոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, հայ ժո­ղո­վուր­դը մնաց հա­ւա­տար­մօ­րէն կառ­չած իր սրբա­զան հո­ղին ու մշա­կոյ­թին՝ ան­կա­խու­թեան ե­րա­զը իր սրտին։
«Ե­թէ Աս­տո­ւած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մե­զի հա­կա­ռակ ըլ­լալ» (Հ­ռոմ. Ց։ 31),- ը­սած է Ա­ռա­քեա­լը։ Աս­տո­ւած իր ճամ­բէն ա­ռա­ջին քա­լող ժո­ղո­վուր­դին հետ ե­ղաւ։ ­Սեպ­տեմ­բեր 21, 1991ին հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ կեր­տեց իր «նոր ար­շա­լոյ­սը», այս ան­գամ Ար­ցա­խի բարձ­րաթ­ռիչ լեռ­նե­րէն մին­չե՜ւ Ա­րա­րա­տեան դաշտ։
­Մարդ­կա­յին դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ՝ ազ­գե­րու ան­կա­խու­թիւ­նը կը նո­ւա­ճո­ւի հա­ւա­քա­կան հա­ւատ­քով ու ա­րիւ­նով եւ կը պա­հո­ւի հա­ւա­քա­կան քրտին­քով ու կամ­քով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տո­ւե­թան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քէն ներս կանգ­նած այս յու­շա­կո­թո­ղը՝ «Անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն» է՝ ի լուր հա­մայն հա­յու­թեան ու մարդ­կու­թեան ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին յաղ­թա­նա­կը ա­ւե­տող։
­Սի­րոյ ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խորհր­դա­նիշ է՝ այն բո­լոր յայտ­նի թէ ան­յայտ հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ա­րիւ­նը թա­փե­ցին հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ։
­Յար­գան­քի ու գնա­հա­տան­քի շօ­շա­փե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն է՝ այն բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնք ա­նանձ­նա­կան նո­ւի­րու­մով ու ամ­բող­ջա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծե­ցին ու ծա­ռա­յե­ցին՝ ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման։
­Դի­տե­ցէ՛ք պահ մը ձեր շուր­ջը…։
­Մայր ­Տա­ճա­րի ա­ջին գտնո­ւող ­Նա­հա­տա­կաց ­Մա­տու­ռը յի­շե­ցում մըն է՝
­Հա­յու­թեան ու հա­մայն մարդ­կու­թեան, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին պա­հա­նա­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, պէ՛տք է շա­րու­նա­կո­ւի, որ­պէս նո­ւի­րա­կան կտա­կը մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, մին­չեւ մեր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­ցու­մը։
­Մայր տա­ճա­րի ձա­խին գտնո­ւող այս յու­շա­կո­թո­ղը կոչ մըն է՝
— ­Հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան, ամ­րօ­րէն կառ­չած մնա­լու մեր հե­րոս­նե­րուն ա­րիւ­նով ու սուր­բե­րուն ա­ղօթ­քով շա­ղա­խո­ւած հայ­րե­նի սրբա­զան հո­ղին։
— Ար­ցա­խի հա­յու­թեան, քա­ջօ­րէն պաշտ­պա­նե­լու մեր պատ­մա­կան հո­ղը ու ինք­նո­րոշ­ման ար­դար ի­րա­ւուն­քը։
— Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան, գործ­նա­պէս մաս­նա­կից դառ­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Նա­յե­ցէք այս ­Յու­շա­կո­թո­ղին… ան կազ­մո­ւած է ե­րեք ամ­րա­կուռ սիւ­նե­րէ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ եւ ՍՓԻՒՌՔ, ո­րոնք միաս­նա­բար, որ­պէս ան­բա­ժան ու ան­բա­ժա­նե­լի եր­րոր­դու­թիւն, կը բարձ­րա­նան դէ­պի եր­կինք, դէ­պի ան­մա­հու­թիւն, դէ­պի յաղ­թա­նակ։
Ա­հա՛ կեն­դա­նի խորհր­դա­նի­շը ա­մա­բող­ջա­կան, միա­ցեալ ու միա­կամ հա­յու­թեան։
Այս յու­շա­կո­թո­ղը յու­շա­րար մըն է, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան ու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի, պէ՛տք է շա­րու­նա­կո­ւի, մին­չեւ վե­րա­կանգ­նու­մը ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նին՝ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեամբ։
­Սո­վո­րա­կան յու­շա­կո­թող մը չէ սա. այլ յուշ առ­թող, հա­ւատք ներշն­չող ու կամք կռա­նող յա­ւեր­ժա­խօս պատ­գամ է՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­դերք­նե­րէն ժայթ­քող ու մեզ լու­սա­պայ­ծառ ա­պա­գա­յին բա­ցող։
­Սո­վո­րա­կան յու­շա­կո­թող մը չէ սա. այլ ուխ­տա­վայր է՝ մեր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին գե­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րուն ու ձգտում­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րե­լու մեր ուխտն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ամ­րաց­նող։
Այս խոր գի­տակ­ցու­թեամբ ու պայ­ծառ տես­լա­կա­նով հարկ է մօ­տե­նալ այս յու­շա­կո­թո­ղին ու վե­րա­նո­րո­գո­ւիլ ա­նոր խոր­հուր­դով ու պատ­գա­մով։
­Փա՜ռք ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան,
­Փա՜ռք ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան,
­Փա՜ռք ան­կա­խու­թիւն կեր­տող հայ ժո­ղո­վուր­դին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Ան­թի­լիաս, 21 ­Մարտ 2018