Ուր­բաթ՝ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը Ա­թէնք ժա­մա­նեց՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի հրա­ւէ­րին։
Ա­թէն­քի օ­դա­կա­յա­նին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ու կրօ­նա­կան դա­սին, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նին, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ու Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին կող­մէ։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի հետ, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան մէջ։
­Յա­ջորդ օ­րե­րուն, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը պի­տի մաս­նակ­ցի ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին, որ յատ­կա­ցո­ւած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս այժ­մու ըն­կե­րու­թեան մէջ կրօն­նե­րու ու մշա­կոյթ­նե­րու հա­մա­կե­ցու­թեան ու երկ­խօ­սու­թեան։ ­Հա­մա­գու­մա­րին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի կող­քին ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։
Այս ա­ռի­թով, ­Կի­րա­կի՝ 29 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը իր պատ­գա­մը պի­տի ուղ­ղէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան եւ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րուն հետ։