29-31 Հոկտեմբեր 2017ին գումարուեցաւ Աթէնքի 2րդ միջազգային համագումարը՝ «Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն» վերնագիրով։ Համագումարի հրաւէրը եւ կազմակերպումը ստանձնած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Միջազգային սոյն համագումարին, գլխաւոր բանախօսներու կարգին, հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ իր արտասանած խօսքին յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը: Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.
1.Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է: Մարդը կոչուած է պահելու եւ պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, կեանքը ապականելու ձգտող որեւէ արարք մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ: Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն:
2.Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է: Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ:
3.Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ: Որեւէ կրօն իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու: Արժէքներու եւ աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան:
4.Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ:
Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ուժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած են շրջանին մէջ` հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը: Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, եթէ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը:
Համագումարին մասնակցութեան հրաւէրով՝ Յունաստանի հայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ներկայ գտնուեցան համագումարի աշխատանքներուն, միաժամանակ մաս կազմելով Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան։
Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան` իբրեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ:
Համագումարի նախօրեակին, Կիրակի՝ 29 Հոկտեմբեր 2017ին, երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետը ներկայ գտնուեցան պաշտօնական ընթրիք ընդունելութեան։
Այս առիթով հանդիպումներ ունեցան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխ-նախարարներու եւ կրօնական հարցերու պատասխանատու Եաննի Ամանաթիտիիի եւ Թերենս Քուիքի հետ։ Նաեւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ Աղեքսանդրիոյ յոյն Թէոտորոս Պատրիարք, Սերպիոյ ուղղափառ Պատրիարք, Ալպանիոյ Անասթասիոս Արքեպիսկոպոս, Յունաստանի եկեղեցւոյ Ս. Սինոտի ընդհանուր քարտուղար, Աթէնքի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Երկուշաբթի՝ 30 Հոկտեմբեր 2017ին համագումարի պաշտօնական բացումը կատարեց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս։
Համագումարի օրակարգին վրայ դրուած նիւթին վերաբերեալ գլխաւոր բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետը Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցան կէսօրուան պաշտօնական ճաշին, իսկ երեկոյեան նոյնպէս յատուկ հրաւէրով Յունաստանի վարչապետի ընթրիքին, Աքրոփոլիի թանգարանի սրահին մէջ։