17 ­Մա­յիս 2017ի ա­ռա­ւօ­տուն Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս այ­ցե­լեց ­Քո­ւէյ­թի իշ­խա­նին ա­պա­րան­քը, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ շէյխ ­Սա­պահ Ահ­մէտ ­Ժա­պեր ­Սա­պահ իշ­խա­նին հետ: ­Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին ­Քո­ւէյ­թի եւ շրջա­կա­յից թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Մա­սիս Ծ. Վրդ. ­Զօ­պու­յեան եւ ­Քո­ւէյ­թի մէջ ­Լի­բա­նա­նի դես­պան ­Մա­հեր ­Խէյր:
­Սի­րա­լիր մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իշ­խա­նին ­Քո­ւէյ­թի հա­յու­թեան նկատ­մամբ իր ցու­ցա­բե­րած հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեան հա­մար: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յի­շեց, որ հա­կա­ռակ գա­ղու­թին պակ­սող կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, այ­սօր շնոր­հիւ իր զա­ւակ­նե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին ու նո­ւի­րու­մին, գա­ղու­թը օժ­տո­ւե­ցաւ սե­փա­կան նոր ե­կե­ղե­ցիով ու նոր ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով: Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ա­ւել­ցուց, որ ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նու­թիւ­նը, ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն մա­նա­ւանդ, պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն մըն է քրիս­տո­նէու­թեան նկատ­մամբ ­Քո­ւէյ­թի պե­տու­թեան ու­նե­ցած լայ­նա­խոհ ո­գիին:
Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս նաեւ հա­կիրճ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Քո­ւէյ­թի մի­ջեւ զար­գա­ցող քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Ան յի­շեց, որ ­Քո­ւէյ­թը յա­տուկ տեղ ու­նի լի­բա­նան­ցի­նե­րու սիր­տին մէջ, եւ քո­ւէյթ­ցի­նե­րը կը սի­րեն յատ­կա­պէս ա­մա­ռը ան­ցը­նել ­Լի­բա­նա­նի գե­ղա­ծի­ծաղ ա­փե­րը եւ լեռ­նա­յին զով գիւ­ղե­րուն մէջ: Իր խօս­քի ա­ւար­տին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, որ ­Քո­ւէյ­թի պե­տու­թիւ­նը իր բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ա­ռըն­թեր նաեւ նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կէ ­Քո­ւէյ­թի հայ գա­ղու­թին` ե­կե­ղեց­ւոյ ու ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի շի­նու­թեան գծով կա­տա­րո­ւած հսկայ ծախ­սե­րուն բե­րե­լով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:
­Քո­ւէյ­թի իշ­խա­նը, իր իսկ բա­ռե­րով, եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով ըն­դու­նեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, յի­շեց վեց տա­րի­ներ ա­ռաջ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Քո­ւէյթ, գնա­հա­տեց միջ-կրօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան մէջ ա­նոր բե­րած նպաս­տը, բարձր գնա­հա­տան­քով խօ­սե­ցաւ ­Քո­ւէյ­թի հա­յու­թեան մա­սին` ը­սե­լով, թէ ո՛չ մէկ հայ ա­պօ­րէն ու սխալ ըն­թաց­քի մէջ ե­ղած է ­Քո­ւէյ­թի մէջ, ընդ­հա­կա­ռակն` հա­յե­րը ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թեամբ ու աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ կա­րե­ւոր նպաստ բե­րած են ­Քո­ւէյ­թի զար­գաց­ման: Իշ­խա­նը նաեւ ող­ջու­նեց վե­րա­կանգ­նու­մի ու յա­ռաջ­դի­մու­թեան մէջ ե­ղող ­Լի­բա­նա­նը, յի­շեց իբ­րեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ­Լի­բա­նան եւ վստա­հե­ցուց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, որ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի շի­նու­թեան ծախ­սե­րուն իր նպաս­տը պի­տի բե­րէ:
­Սի­րա­լիր հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հրա­ւի­րեց ա­ռաջ­նորդ ­Հայր ­Սուր­բը, որ գա­ղու­թին կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նէ իշ­խա­նին, ինչ­պէս նաեւ ­Լի­բա­նա­նի դես­պա­նը, որ ող­ջու­նէ ­Լի­բա­նա­նի ու ­Քո­ւէյ­թի եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը:
­Յայտ­նենք, որ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հիւրն է ­Քո­ւէյ­թի պե­տու­թեան եւ կը վա­յե­լէ բարձ­րաս­տի­ճան օ­տար հիւ­րե­րուն վե­րա­պա­հո­ւած բո­լոր պա­տիւ­նե­րը: