­Յու­նո­ւար 18ին, Ե­գիպ­տո­սի մէջ Ե­րու­սա­ղէ­մի հար­ցին շուրջ կազ­մա­կեր­պո­ւած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րի ա­ռա­ջին նիս­տին խօսք առ­նե­լով` ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը շեշ­տեց, թէ «անհ­րա­ժեշտ է յար­գել մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տո­ւեալ­նե­րը ու պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին նուի­րա­գոր­ծո­ւած ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մը նկա­տե­լով սուրբ քա­ղաք միաս­տո­ւա­ծեան ե­րեք կրօն­նե­րու»։
Ա­պա` ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ 7 կէ­տե­րուն մէջ ամ­փո­փեց իր տե­սա­կէ­տը.-
1) ­Հարկ է մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին յի­շեց­նել, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի գրա­ւու­մը Իս­րա­յէ­լի կող­մէ լայն չա­փով այ­լա­փո­խեց Ե­րու­սա­ղէ­մի նկա­րա­գի­րը ու ներ­քին դրո­ւած­քը, յա­ռա­ջաց­նե­լով իս­լամ ու քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան մօտ ար­տա­գաղթ ու նոյ­նիսկ խախ­տե­լով յի­շեալ եր­կու կրօն­նե­րու ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը սրբա­տե­ղի­նե­րուն առնչութեամբ, հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին ու ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն։
2) ­Միա­կող­մա­նի ո­րո­շում­ներ ու մե­նա­տի­րա­կան տե­սա­կէտ­ներ Ե­րու­սա­ղէ­մի գծով՝ Ե­րու­սա­ղէ­մը Իս­րա­յէ­լի մայ­րա­քա­ղաք նկա­տող եւ քրիս­տո­նէու­թեան ու իս­լա­մու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը հար­ցա­կա­նի տակ դնող, եր­բեք չեն նպաս­տեր շրջա­նէն ներս ամ­բող­ջա­կան ու մնա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լու ձգտող ճի­գե­րուն։
3) Ե­րու­սա­ղէ­մի նկատ­մամբ քա­ղա­քա­կան ո­րե­ւէ մօ­տե­ցում կրնայ ա­ւե­լի բար­դաց­նել ու սրել ներ­կայ տագ­նա­պը։
­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նաց­նել Ե­րու­սա­ղէ­մի հար­ցը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մը նկա­տե­լով մայ­րա­քա­ղա­քը միաս­տո­ւա­ծեան ե­րեք կրօն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաք՝ իս­րա­յէ­լեան ու պա­ղես­տի­նեան վար­չա­կան միա­ցեալ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող։
4) Ե­րու­սա­ղէ­մը դա­րե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած է ե­րեք միաս­տուա­ծեան կրօն­նե­րու հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան քա­ղաք։
Հա­կա­ռակ եր­բեմն յա­ռա­ջա­ցող ներ­քին զգայ­նու­թիւն­նե­րու՝ սրբա­տե­ղի­նե­րու նկատ­մամբ ա­նոնց ու­նե­ցած ի­րա­ւա­սու­թեանց շրջագ­ծէն ներս, ա­նոնք միշտ յանձ­նա­ռու ե­ղած են մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող ի­րենց ի­րա­ւա­սու­թեանց ի­րա­վի­ճա­կին պահ­պան­ման։
Արդ, ինչ ալ ըլ­լայ Ե­րու­սա­ղէ­մի նկատ­մամբ առ­նո­ւե­լիք ո­րո­շու­մը խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծառոյթի ծի­րէն ներս, ե­րեք կրօն­նե­րու ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը ճշդող ի­րա­վի­ճա­կը պէտք է պա­հել։