­Հինգ­շաբ­թի՝ 19 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ գտնո­ւող Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ, ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­կան Գ­րա­սե­նեա­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին իր պատ­գա­մը ուղ­ղե­լով՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս խիստ կեր­պով քննա­դա­տեց Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին հապ­ճեպ ու ա­նար­դար մօ­տե­ցու­մը՝ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տին գծով:
Ար­դա­րեւ, ե­րեք կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած իր պատ­գա­մին սկիզ­բը, ­Վե­հա­փա­ռը շեշ­տեց, որ հա­կա­ռակ թրքա­կան պե­տու­թեան զօ­րեղ ու նոյ­նիսկ սպառ­նա­ցող հա­կազ­դե­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ կարգ մը եր­կիր­նե­րու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէ մեկ­նած վե­րա­պա­հու­թեան, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին ըն­թաց­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի: Երկ­րորդ կէ­տով՝ ­Հայ­րա­պե­տը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման հար­ցին: ­Յի­շե­լով մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը այս գծով՝ ան յայտ­նեց, որ ճա­նա­չում կ­՛են­թադ­րէ նաեւ հա­տու­ցում: Ան ը­սաւ, որ ներ­կայ ­Թուր­քիան շա­րու­նա­կու­թիւնն է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան. հե­տե­ւա­բար, ա­նի­կա չի՛ կրնար ու­րա­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ան­տե­սել հա­տու­ցու­մը:
Իր պատ­գա­մի եր­րորդ կէ­տին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տը թրքա­կան պե­տու­թեան մօտ՝ պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը: Ան նախ յայտ­նեց, որ քա­նի մը տա­րի­ներ ա­ռաջ նա­մակ գրած էր նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին՝ պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը իր ի­րա­ւա­տի­րոջ՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան: Իր նա­մա­կը ան­պա­տաս­խան մնա­լով՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ դատ բա­ցաւ: ­Վեր­ջինս մեր­ժեց քննել դա­տը՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թուր­քիոյ ար­դա­րու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան թե­լադ­րան­քին՝ ա­ռանց փաս­տի ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով: ­Հե­տե­ւա­բար, «ստի­պո­ւած ե­ղանք դի­մե­լու Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան, որ­պէս­զի մեկ­նե­լով իր սկզբունք­նե­րէն ա­նի­կա ար­դար լու­ծում մը տայ մեր դա­տին:
Ա­պա՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սը ը­սաւ.- «­Մեծ ե­ղաւ մեր եւ մեր ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նակն­կա­լը, երբ