­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 Ապ­րիլ 2018ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Վա­տի­կա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Նո­րին Սր­բու­թիւն Ֆ­րան­սիս ­Պա­պի հետ։ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս նախ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Պա­պին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, ինչ­պէս նաեւ ­Լի­բա­նա­նի գծով իր ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։ Ա­պա՝ ­Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ հար­ցե­րը Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց.-
1) ­Պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով ե­կե­ղե­ցի­ներ՝ Գ­րի­գո­րեան եւ ­Յու­լեան տօ­նա­ցոյց­նե­րու հե­տե­ւե­լով՝ Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան տօ­նը տար­բեր թո­ւա­կան­նե­րու կը նշեն։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ յիշեալ հար­ցը աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան բնոյթ չու­նի, այլ միայն տո­մա­րա­կան է, անհ­րա­ժեշտ է, որ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ խորհըր­դակ­ցա­բար մէկ թո­ւա­կան մը ճշդո­ւի որ­պէս ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն։
2) ­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­կե­րա­բա­րո­յա­կան հար­ցե­րը սկսած են ներ­քին բա­ժա­նում­ներ յա­ռա­ջաց­նել թէ՛ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս եւ թէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ ե­կե­ղե­ցի­ներ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տան յի­շեալ հար­ցե­րուն, քան ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գո­ւած դա­ւա­նա­բա­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք փաս­տօ­րէն սկսած են դառ­նալ ժա­մա­նա­կավ­րէպ։
3) Ընդ­հան­րա­պէս միջ-կրօ­նա­կան, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար քրիս­տո­նեայ-իս­լամ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, երկ­խօ­սու­թիւնն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դար­ձած են հրա­մա­յա­կան։ Ս­պա­սե­լի է, որ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յեն այս մար­զին՝ միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան ծի­րէն ներս:
4) Ք­րիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս սկսած է նո­ւա­զիլ։ Ս­պա­սե­լի է, որ ­Վա­տի­կան յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յէ շրջա­նէն ներս քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ քրիս­տո­նեայ-իս­լամ գո­յակ­ցու­թեան։ Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը հա­մա­ձայն գտնո­ւե­ցաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին մատ­նան­շած հար­ցե­րուն եւ յայտ­նեց, որ այս ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի ­Վա­տի­կա­նի կող­մէ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով խնդրոյ ա­ռար­կայ հար­ցե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Հայ­րա­պե­տը ­Վա­տի­կան մեկ­նած էր՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի հրա­ւէ­րին՝ ներ­կայ ըլ­լա­լու ­Վա­տի­կա­նի պար­տէ­զին մէջ Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի ար­ձա­նի զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ար­ձա­նը նո­ւի­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սար­գի­սեա­նի կող­մէ։ ­Պա­պը նաեւ յա­տուկ հրա­ւէր­ներ ու­ղար­կած էր նա­խա­գահ ­Սար­գի­սեա­նի, ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ հայ կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւոր տի­րոջ Գ­րի­գոր ­Պետ­րոս Ի. ­Պատ­րիար­քին։ Ար­ձա­նի բա­ցու­մէն ետք, եր­կու ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը եւ ­Հո­գե­ւոր ­Տէ­րը ճա­շի հիւ­րը ե­ղան ­Պա­պին՝ ի­րենց պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց ան­դամ­նե­րուն հետ, իսկ ե­րե­կո­յեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ի պա­տիւ Հ.Հ. նա­խա­գա­հին ­Վա­տի­կա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Մի­քա­յէլ ­Մի­նա­սեա­նի կազ­մա­կեր­պած ճաշ­կե­րոյ­թին։ Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին Օ­շա­կան Արք. ­Չո­լո­յեան՝ ա­ռաջ­նորդ հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ա­րե­ւե­լեան թե­մին, ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան՝ ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին եւ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեան՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ։