Արամ Ա. Կաթողիկոս վաւերացուց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը

0
204

Եր­կու­շաբ­թի, 1 ­­­Յու­լիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Հա­յոց ­­­Թե­մի Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը ար­տա­կարգ նիստ գու­մա­րեց՝ օ­րա­կարգ ու­նե­նա­լով նոր ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւն։
Ա­րամ Ա. ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կը, ուղ­ղո­ւած ժո­ղո­վին, ըն­թեր­ցո­ւե­լէ ետք, ժո­լո­վին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­րին կող­մէ ղրկո­ւած ընտ­րե­լի­նե­րու ցան­կը՝ բաղ­կա­ցած ե­րեք միա­բան հայ­րե­րէ։ Ա­պա կա­յա­ցաւ ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւն եւ ձայ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ­­Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­­Գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան:
Ար­դա­րեւ, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­­Ժո­ղո­վի դի­ւա­նը պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով մը ­­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը տե­ղեակ պա­հեց ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին՝ հայ­ցե­լով նոր ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թեան վա­ւե­րա­ցու­մը։ Այս ա­ռի­թով, Ա­րամ Ա. ­­Կա­թո­ղի­կոս ­­Հայ­րա­պե­տա­կան 1 ­­Յու­լիս պաշ­տօ­նագ­րով իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը տուաւ ժո­ղո­վա­կան ան­դամ­նե­րուն եւ վա­ւե­րաց­նե­լով ա­ռաջ­նոր­դա­կան ընտ­րու­թիւ­նը՝ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բին եւ թե­մին կող­մէ ի­րա­գոր­ծե­լի ծրա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տանք­նե­րուն։