Սփիւռքին պարզած գոյավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար՝ 2022-ն եւ 2023-ը, հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի»՝ լուսարձակի տակ բերելու համար աշխարհացրիւ հայ գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տագնապները: Անցնող տարուան ընթացքին շեշտուեցաւ սփիւռքեան հայ կեանքի ինքնաքննութիւնը։ Իսկ այս տարուան հայրապետական հռչակագրով, Վեհափառը կը նշէ, թէ քննարկումներէն անդին՝ պէտք է քննարկել գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն կարելիութիւնները, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս:
Այս ծիրէն ներս, օգտուելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հոսուապետական այցելութենէն Յունաստանի թեմին, Կիրակի, 12 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներուն մէջ, Վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Թեմական Երեսթոխանական ժողովի յատուկ նիստ՝ քննարկելու համար վերակազմակերպման գործընթացքը: Ժողովին մասնակցեցան Յունաստանի թեմին Ազգ. երեսփոխանական ժողովը, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Ժողովին բացումը կատարեց թեմական Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Սրբազան հայրը նախ ընթերցեց Վեհափառ հայրապետին 2022-ի սկիզբը հրապարակած «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրէն Սփիւռքի ներկայ վիճակը բնորոշող, դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ առնող եւ վերակազմակերպման ընթացքին գործուն ու ներդաշնակ աշխատանք կատարել թելադրող հատուածները: Ապա, լայն շրջագծով ներկայացուց ներկայ տարուան հռչակագիրը:
Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելով թեմին մէջ գործող մարմիններն ու կազմակերպութիւնները՝ ըսաւ, թէ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակն է մեր թեմերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները լսել եւ վերանորոգման գործընթացք միասնաբար ծրագրել: Հայրապետը խօսելով Սփիւռքի վերակազմակերպման մասին, յայտնեց, թէ վերակազմակերպում ըսելով պէտք է հասկնալ վերանորոգում, վերակենսաւորում ու վերաշխուժացում: Ան ընդգծեց, թէ թեմերը հայ գաղութներուն առանցքն են: Իւրաքանչիւր թեմ, տեղական պայմաններուն բերումով, իւրայատուկ մտածելակերպ ու գործելակերպ ունի:
Կարելի չէ միատեսակ լուծում որդեգրել, այլ հարկ է իւրաքանչիւր թեմ վերակազմակերպման ու վերանորոգման գործընթացքը ի՛նք ծրագրէ: Վեհափառ հայրապետը հայ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերին անդրադառնալով ըսաւ, թէ երբ թեմ կ՚ըսենք՝ կը հասկնանք եկեղեցի: Հայ եկեղեցին հայ կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւած է: 1915-ին, ցեղասպանութենէն ետք, հայ ժողովուրդը ուր որ ալ հաստատուեցաւ՝ նախ եկեղեցի կառուցեց եւ անոր շուրջ հաւաքուեցաւ: Հետեւաբար, կարելի չէ զայն ձգել իր ներկայ վիճակին մէջ, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք եկեղեցին ներկայ պայմաններու համահունչ դարձնել: Եւ այս պատճառով, Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքները պիտի սկսինք թեմերէն, ըսաւ Վեհափառը։
Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման: Ո՛չ Սփիւռքը, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ Արցախը ինքնակեդրոն իրականութիւններ են, այլ իրենց տարբերութիւններով հանդերձ, մէկ ամբողջութիւն են: Մեր տարբերութիւնները՝ տարբեր դերերով ու տարբեր շեշտաւորումներով ներդաշնակութեամբ միասին պէտք է գործեն մէկ կամարի տակ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակած շրջանային թէ միջազգային սերտ յարաբերութիւնները պիտի օգնեն Հայաստանին ու Արցախին:
Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հայու ինքնութեան հարցին, ըսելով՝ «Այսօր պայմանները փոխուած են: Կարելի չէ հին մտայնութեան հետեւելով հայու ինքնութիւնը որոշել: Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը ընտրութեան հարց է: Մենք հայ մնալու համար կը տագնապինք ու կը պայքարինք: Ուստի, մենք մեր ինքնութիւնը բնորոշելու համար աւելի լայն չափանիշներու պէտք ունինք»:
Վեհափառը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ արծարծուած բոլոր հարցերը, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առնչուած են հայ երիտասարդութեան: Հիմնական մտահոգութիւնը երիտասարդութիւնն է: Փաստօրէն երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ մեզմէ, ամէն տեղ:
Վերջին հարիւր տարիներուն երիտասարդութիւնը կազմակերպեցինք, սակայն այսօր պայմանները տարբեր են. մեր երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները փոխուած են: Ուստի, մեր կառոյցները պէտք է գրաւիչ դարձնել հայ երիտասարդութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ այսօր մեր ժողովէն կը պակսին երիտասարդները. «մեր փափաքն է, որ յառաջիկայ ժողովներուն ներկայ ըլլան անոնք, իրենց սպասումները արտայայտեն գաղութի ղեկավար մարմիններուն», շեշտեց Հայրապետը:
Վեհափառի խօսքէն ետք, ժողովականները խօսք առին եւ քննարկումներու ոււ առաջարկներու ճամբով ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք վերակազմակերպման աշխատանքին գծով իրենց ունեցած պատկերացումները:
Վեհափառը ամփոփելով լսուած մտածումները յայտնեց, թէ վերակազմակրպման գործընթացը շարունակական է եւ կ՚անցնի զցանազան հանգրուաններէ։
Ժողովին մէջ լսուած տեսակէտները պէտք է շարունակութիւն ունենան քննարկման եւ գործնական միջոցի վերածելու պայմանով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմի Թեմական երեսփոխանական ժողովին