Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Ազգային Վարչութեան։ Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Թեմին յառաջիկայ աշխատանքները, ծրագիրները ու առաջնահերթութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով եւ գնահատելով Առաջնորդի ու Վարչութեան ընտրութենէն անցնող կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կատարուած աշխատանքները՝ յորդորեց առավել եւս վճռական կամքով, սիրով ու գործակցական ոգիով շարունակել Թեմի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման յոյժ կարեւոր աշխատանքը։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Ազգային Վարչութեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Ազգային Վարչութեան հետ
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան հետ