­Նո­յեմ­բեր 13-ին Ա­րամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը Ի­րա­նի նա­խա­գահ` ­Հա­սան ­Ռու­հա­նիին ուղ­ղած իր նա­մա­կով, յա­նուն ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու յատ­կա­պէս Ի­րա­նի հայ հա­մայն­քին, իր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Քեր­ման­շահ նա­հան­գին մէջ պա­տա­հած երկ­րա­շար­ժին ա­ռի­թով:
Իր ցա­ւակ­ցա­կան նա­մա­կին մէջ վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց նա­խա­գա­հին, որ կը բաժ­նէ իր եւ Ի­րա­նի ժո­ղո­վուր­դին ու յատ­կա­պէս երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն խոր ցա­ւը` մաղ­թե­լով խա­ղաղ ու ա­պա­հով կեանք շրջա­նի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: