Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Ժը­նե­ւի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վ. Պ­րուլ­հար­թի հետ: ­Վեր­ջինս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նա­տա­րը ե­ղած է, իսկ այժմ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րարն է եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հար­ցե­րու կար­գին ­Սու­րիոյ առն­չո­ւած հար­ցե­րու գծով կը գոր­ծակ­ցի Մ.Ա.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Տը ­Միս­թու­րա­յի հետ:
­Յայտ­նենք նաեւ, որ Պ­րուլ­հարթ միա­ժա­մա­նակ զո­ւի­ցե­րիա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ յատ­կա­պէս ­Սու­րիոյ ըն­կե­րա­յին ու մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն է :Ա­ւե­լի քան ժամ մը տե­ւած հան­դի­պու­մին, ներ­կայ գտնո­ւած են ­Տը ­Միս­թու­րա­յի օգ­նա­կան Ա. ­Լահ­համ, Ար­մե­նո­ֆա­սի նա­խա­գահ փրոֆ. ­Թե­նի ­Սի­մո­նեան եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նուէ­լեան:
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: ­Կեդ­րո­նա­նա­լով ­Սու­րիոյ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին վրայ` ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է հայ հա­մայն­քին ու մա­նա­ւանդ վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Պ­րուլ­հարթ իր կար­գին ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հար­ցե­րուն գծով իր վեր­լու­ծում­նե­րը կա­տա­րած է` մեկ­նե­լով շարք մը տո­ւեալ­նե­րէ, եւ իր պատ­կե­րա­ցու­մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է յատ­կա­պէս ­Սու­րիոյ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ու ա­պա­գա­յի հե­ռանկար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Ան նաեւ մօ­տէն հե­տաքրք­րո­ւե­լով սու­րիա­հայ հա­մայն­քին վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րով՝ ա­ռա­ջար­կած է ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, որ այս ուղ­ղու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րո­ւած ծրա­գիր­ներ ներ­կա­յա­ցո­ւին ի­րեն: ­Յայտ­նենք, որ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 7 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ սու­րիա­կան տագ­նա­պին հար­ցով Մ.Ա.Կ.ի յա­տուկ պա­տո­ւի­րակ ­Տը ­Միս­թու­րա­յի հետ: