Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը՝ գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար Կարէն Աթոյեանի, Երեքշաբթի՝ 9 Մայիսի առաւօտուն այցելած է Անթիլիասի մայրավանք եւ վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:
Հրամանատար Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձած է ջոկատի անդամներուն առաքելութեան՝ նշելով, որ անոնք մասնակցած են տարբեր զօրավարժութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանողական գործողութիւններու:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է «հայոց բանակի քաջ զինուորները, որոնք հպարտութիւն կ՛առթեն հայրենիքին ու համայն հայութեան եւ կը հանդիսանան հայրենիքի հզօրութեան ու յաւերժութեան երաշխիքը»: Ան հաստատած է, որ բանակը հայրենիքին առանցքն է, հզօրութեան աղբիւրը, անսասանութեան երաշխիքը: Այսօր Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, ունին բազում կարիքներ. հայոց բանակը կոչուած է զօրեղ ու կենսունակ պահելու հայրենիքը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ուրախութիւն յայտնած է եւ փառք տուած Աստուծոյ, որ հայութիւնը ունի հզօր բանակ, որ որակ է՝ քանակ ըլլալէ առաջ, եւ հայկական բանակին որակը անպայման արդիական սպառազինութիւն, մասնագիտական զէնքեր ունենալով չի բնորոշուիր, այլ ծառայութեան ոգիով, նուիրումով, հաւատքով, վճռականութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ:
Կաթողիկոսը յիշեցուց Վարդանանց ճակատամարտը, ուր փիղերու ներկայութիւնը վտանգ կը հանդիսանար եւ սարսափ կ՛ազդէր՝ դիտել տալով, որ այսօր չկան փիղեր, սակայն կայ սպառնալիքը, կայ դաւադիր թշնամին, որուն դէմ մղուած պայքարը եւ հայրենիքը անկէ պաշտպանելը սրբազան առաքելութիւն են ու կոչում:
Վեհափառը հաստատեց, որ Հայաստանն ու հայութիւնը միշտ ենթակայ եղած են տարբեր տեսակի պատերազմներու, սակայն միշտ ալ հայոց բանակը իր արեան գնով պաշտպանած է հայրենիքն ու անոր անկախութիւնը: Այսօր եւս նման կացութեան դիմաց կը գտնուի մեր ժողովուրդը, այս պայքարին մէջ իւրաքանչիւր հայ զինուոր է, իսկ հայկական բանակի իւրաքանչիւր անդամ՝ յառաջապահ:
Անդրադառնալով հայ զինուորներուն Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու հանգամանքին՝ Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է այս գծով, որովհետեւ հայութիւնը խաղաղութիւն սիրող եւ խաղաղութեան հաստատման մասնակից դարձող ազգ է, բացի երբ փորձ կատարուած է խլելու իր իրաւունքները: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք զինուորները Հայաստան կը վերադառնան վերանորոգ կամքով ու կորովով:
Վեհափառը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հայկական ջոկատին այցելութիւնը Անթիլիասի մայրավանք կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակին: Ան շեշտեց, թէ Շուշին խորհրդանիշ է՝ ազատագրութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին ու հայրենիքին համար իր արիւնը թափելու յանձնառութեան:
Վեհափառը կոչ ուղղած է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կարելին կատարեն՝ մասնակցելու հայոց բանակին առաւել հզօրացման աշխատանքին՝ եզրակացնելով, թէ հզօր բանակ կը նշանակէ հզօր հայրենիք, հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր Սփիւռք:
Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնած է Վեհափառին՝ ընդունելութեան, քաջալերական ու գօտեպնդիչ խօսքերուն համար: Ան վստահեցուցած է, որ զինուորները ո՛ւր ալ գտնուին նոյն ոգիով ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ հաստատելով, որ Վեհափառին պատգամն ու օրհնութիւնը տարբեր խորհուրդ ու կարեւորութիւն պիտի ունենան անոնց համար:
Աւարտին վեհափառը խաչեր ու աղօթագիրքեր նուիրած է իւրաքանչիւր զինուորի:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց հայկական ջոկատը
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանան տեղակայուած խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը