Չորեքշաբթի՝ 14 Յունիս 2017ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատիս։ Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի արտաքին գործոց, ներքին գործոց, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ՝ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը։ Նորին Սրբութեան կողքին ընդունելութեան ներկայ էին Օշական Արք. Չօլոյեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Շահան Արք. Սարգիսեան, Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Ներկայ էին նաեւ պետական երկու նախարարներ՝ Աւետիս Կիտանեան (զբօսաշրջութեան նախարար) եւ Ժան Օղասափեան (կնոջական հարցերու նախարար), եւ երեսփոխաններ՝ Յ. Բագրատունի, Արթիւր Նազարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն Սարգիսեան եւ Վիգէն Գասապեան, հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ՝ Մարտիրոս Ժամկոչեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Յ. Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) եւ Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.)։
Ողջունելով Կիպրոսի նախագահին ներկայութիւնը` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Պատմական կապեր ունեցած են մեր երկու ազգերը, եկեղեցիները եւ երկիրները։ Այդ կապերը աւելի շեշտուեցան Կիլիկեան շրջանին, յատկապէս քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս»,- յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը։ «Մեր երկու ժողովուրդներուն գործակցութիւնը տնտեսական շահերու վրայ չէ հիմնուած, այլ հաւաքական արժէքներու, սկզբունքներու եւ ձգտումներու վրայ հիմնուած է»,- ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ապա՝ ան յայտնեց, որ մենք հաւաքական դատ ունինք. Կիպրական Դատ եւ Հայ Դատ։ «Այս երկու դատերը նոյն նպատակը ունին՝ արդարութիւն, եւ նո՛յն հասցէն՝ Թուրքիա։ Ցեղասպան նոյն Թուրքիան մեր երկու ժողովուրդները ջարդած է եւ արմատախիլ դարձուցած մեր հողերէն։ Մենք պիտի շարունակենք միասին աշխատիլ միջազգային ընտանիքէն ներս, որպէսզի արդարութիւն կատարուի մեր երկու ժողովուրդներուն»,- շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ողջունեց Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական ու դիւանագիտական կապերը։ Հուսկ՝ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիպրուսի նախագահին՝ կիպրահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ինչպէս իր նախորդներուն, նաեւ նախագահ Անասթասիատիսի այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանք, աւելի պիտի ամրապնդէ մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական բարեկամութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին՝ Հայրապետը արծաթապատ կողքով «Նարեկ» մը նուիրեց Կիպրոսի նախագահին։ Իր կարգին խօսք առնելով՝ նախագահ Անասթասիատիս ուրախութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ներս։ Ան անդրադարձաւ յոյն եւ հայ ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ու Կիպրոսի միջեւ զարգացող գործակցութեան։ Նախագահը յիշեց իր կատարած այցելութիւնը Հայաստան եւ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի այցելութիւնը՝ Կիպրոս։ Պրն. նախագահը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերը միջ-կրօնական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ Արամ Ա.ի ցուցաբերած զօրակցութիւնը Կիպրական Հարցին։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Կիպրոսի նախագահը
«Կիպրական ու Հայկական Դատերը նոյն նպատակը ունին՝ արդարութիւն, եւ նո՛յն հասցէն՝ Թուրքիա»