Ե­րեք­շաբ­թի՝ 31 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Մե­ծի Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­թէն­քէն վե­րա­դար­ձաւ Ան­թի­լիաս։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը վեր­ջին օ­րե­րուն Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ՝ ­Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար որ­պէս գլխա­ւոր բա­նա­խօս­նե­րէն մէ­կը՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հար­ցե­րուն նո­ւի­րո­ւած ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան մեծ թի­ւով կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր։
Օ­դա­կա­­յանի դահ­լի­ճին մէջ, ­Վե­հա­փա­ռին բա­րի երթ մաղ­թե­լու հա­մար ներ­կայ ե­ղան Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կրօ­նա­կան դա­սը։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ յու­նա­հա­յու­թեան մօտ ըլ­լա­լու եւ իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­լու բո­լո­րին,  ա­պա մաղ­թեց որ ա­ռա­ւել յանձ­նառու­թեամբ հա­մայն­քի մար­մին­նե­րը եւ կա­ռոյց­նե­րը ծա­ւա­լեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ի սպաս ժո­ղո­վուր­դի եւ հա­մայն­քի ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր եւ ըն­կե­րա­յին կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման։
­Յա­ջոր­դա­բար, հրա­ժեշտ առ­նե­լով ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի օ­դա­նաւ ու մեկ­նե­ցաւ դէ­պի ­Պէյ­րութ։