Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ա­մուր հիմքն ու ա­նոր հզօ­րու­թեան աղ­բիւ­րը հան­դի­սա­ցող Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն յա­րու­թիւ­նը վճռա­կան հանգ­րո­ւան մըն է` ­Բեթ­ղե­հէ­մով սկսած Ք­րիս­տո­սի փրկա­գոր­ծա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ:
Ար­դա­րեւ, մա­հո­ւան վրայ Աս­տո­ւա­ծոր­դուն տա­րած յա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով՝ ա­նոնք, ո­րոնք տա­կա­ւին կաս­կած ու­նէին Ք­րիս­տո­սի մա­սին, վկա­յե­ցին ա­նոր աս­տո­ւա­ծու­թիւ­նը: Ա­նոնք, ո­րոնք ու­րա­ցած էին Ք­րիս­տոս, վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց հա­ւատ­քը: Ա­նոնք, ո­րոնք կը խոր­հէին, թէ Ք­րիս­տո­սի գե­րեզ­ման էջ­քով՝ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պի­տի գե­րեզ­մա­նո­ւէր, փաս­տե­ցին հա­կա­ռա­կը:
­Գող­գո­թան վեր­ջա­լոյ­սը չե­ղաւ Ք­րիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թեան, այլ` յա­րու­թեամբ բա­ցո­ւող ար­շա­լոյ­սը նոր ա­ռա­քե­լու­թեան, ա­ռա­քեալ­նե­րով շա­րու­նա­կո­ւող ու ե­կե­ղե­ցիով տա­րա­ծո­ւող: ­Յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տոս ազ­դան­շա­նը տո­ւաւ նոր ա­ռա­քե­լու­թեան` իր ա­շա­կերտ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով.- «­Գա­ցէ՛ք ամ­բողջ աշ­խար­հը եւ բո­լոր մար­դոց քա­րո­զե­ցէ՛ք Ա­ւե­տա­րա­նը» (Մրկ. 16.15): Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ իր մղու­մը առ­նող նոր ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տակն էր` ապ­րի՛լ ու վկա­յե՛լ Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը: Ա՛յս է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին էու­թիւ­նը, եւ հրա­մա­յա­կա­նը: Ա՛յս է քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լու ճշմա­րիտ ճամ­բան:
­Դիւ­րին չե­ղաւ եր­բեք Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը կեան­քի ու վկա­յու­թեան վե­րա­ծե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: «­Գործք ա­ռա­քե­լոց»ը եւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն նա­մակ­նե­րը, ո­րոնք գրո­ւած են ա­ռա­ջին դա­րու երկ­րորդ կէ­սին, յստա­կօ­րէն կը պար­զեն ի­րենց կեան­քով ու վկա­յու­թեամբ Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւե­լու ուխ­տը կա­տա­րած քրիս­տո­նեա­նե­րուն կրած հա­լա­ծան­քը, բան­տար­կու­թիւ­նը եւ նա­հա­տա­կու­թիւ­նը: ­Հա­կա­ռակ այս դառն ի­րո­ղու­թեան, յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­մէ­նու­րեք: Ե­կե­ղե­ցի­ներ հիմ­նո­ւե­ցան Ե­փե­սո­սի, Ե­րու­սա­ղէ­մի, Ան­տիո­քի, Հ­ռո­մի, ­Մա­կե­դո­նիոյ, ­Կիպ­րո­սի, ­Կոր­թո­սի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Ա­թէն­քի, ­Փի­լիպ­պէի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հին աշ­խար­հի այլ շրջան­նե­րուն մէջ: Իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ դար­ձաւ ա­ռա­քեալ` Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը ապ­րե­լու ու վկա­յե­լու կո­չո­ւած, կեն­դա­նի թէ ա­րեան նա­հա­տա­կու­թեամբ: Ու այս­պէս, Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ զօ­րա­ցած ու կեն­սա­ւո­րո­ւած ե­կե­ղե­ցին մնաց կան­գուն պատ­մու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րուն դի­մաց:
Այ­սօր, հրա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան տօ­նին, Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ իր կեան­քը շա­ղա­խած եւ ա­նոր զօ­րու­թեամբ դա­րեր շա­րու­նակ զինք շրջա­պա­տող չա­րերն ու չա­րիք­նե­րը յաղ­թա­հա­րած, հայ ե­կե­ղե­ցին հե­տե­ւեալ յի­շե­ցու­մը կը կա­տա­րէ իր ժո­ղո­վուր­դին.-
1) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ՝ նոր կեան­քի պար­գե­ւին ար­ժա­նա­ցանք: Իր մեղ­քին պատ­ճա­ռով՝ մար­դուն մէջ մե­ռած էր աս­տո­ւա­ծա­տուր կեան­քը: Ք­րիս­տոս ո՛չ միայն ցոյց տո­ւաւ մար­դուն ճշմա­րիտ կեան­քը, ո՛չ միայն յի­շե­ցուց, թէ ինք աշ­խարհ ե­կած էր, որ­պէս­զի կեանք ու­նե­նանք (Ա. ­Թես. 5.10), այ­լեւ՝ մե­զի հա­մար նոյ­նիսկ մե­ռաւ, որ­պէս­զի իր­մով կեա՛նք ու­նե­նանք: Ք­րիս­տո­սի մա­հո­ւան ու յա­րու­թեան հա­ղոր­դա­կից դար­ձանք, որ­պէս­զի նո­րո­գո­ւած կեան­քով ապ­րինք (Հ­ռոմ. 6.5):
2) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ՝ հաշ­տո­ւե­ցանք Աս­տու­ծոյ հետ (Հ­ռոմ. 5.11): ­Հե­ռա­ցած էինք Աս­տուծ­մէ. դա­ւա­ճա­նած էինք մեր երկ­նա­տուր կո­չու­մին ու դար­ձած գե­րին երկ­րա­ւոր կեան­քի մո­լու­թիւն­նե­րուն: ­Մա­հուան խոր­տա­կու­մով մօ­տե­ցանք Աս­տու­ծոյ, հաշ­տուե­ցանք մեր երկ­նա­ւոր ­Հօր հետ ու դար­ձանք ա­նոր որ­դե­գիր զա­ւակ­նե­րը: ­Հե­տե­ւա­բար, Աս­տու­ծոյ որ­դե­գիր զա­ւա­կը ըլ­լա­լու խոր գի­տակ­ցու­թեամբ պէտք է մեր կեանքն ու գոր­ծը ի­մաս­տա­ւո­րենք, ո­րով­հե­տեւ Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ միա­ցած ենք դէ­պի Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թիւն ըն­թա­ցող երկ­նա­յին թա­փօ­րին:
3) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գո­ւած՝ այ­լեւս օ­րէն­քի տի­րա­պե­տու­թեան տակ չենք, այլ շնորհ­քի (Հ­ռոմ. 6.14): Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ յաղ­թե­ցինք չա­րին, վա­նե­ցինք մեր կեան­քէն ի­րենց տի­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տած մո­լու­թիւն­ներն ու չա­րիք­նե­րը եւ դար­ձանք նոր մարդ: Ք­րիս­տոս իր ա­րիւ­նով ու յա­րու­թեամբ մե­զի վերս­տին ծնունդ պար­գե­ւեց: ­Հե­տե­ւա­բար, կո­չո­ւած ենք հե­տե­ւե­լու մե­զի նոր կեան­քի շնորհ­քին ար­ժա­նա­ցու­ցած Ք­րիս­տո­սի` իբ­րեւ ա­ռանց­քը եւ նպա­տա­կը մեր կեան­քին:
4) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ զօ­րա­ցած պէտք է պայ­քա­րինք մո­լո­րե­ցու­ցիչ ու­սու­ցում­նե­րուն դէմ: ­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ հե­րե­տի­կո­սու­թիւն­ներ փոր­ձե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ վկա­յու­թիւ­նը լռեց­նել: Ի­րենք լռե­ցին: Ճշ­մար­տու­թիւ­նը կա­րե­լի է հա­լա­ծել, նոյ­նիսկ խա­չել, բայց կա­րե­լի չէ գե­րեզ­մա­նել: Այ­սօր եւս շրջա­պա­տո­ւած ենք տե­սա­նե­լի եւ ոչ-տե­սա­նե­լի հե­րե­տի­կո­սու­թիւն­նե­րով: Ք­րիս­տո­նեան պի­տի մեր­ժէ չա­րը եւ դառ­նայ գոր­ծա­կի­ցը բա­րիին, պի­տի մեր­ժէ խա­ւա­րը եւ դառ­նայ ա­ռա­քեա­լը լոյ­սին, պի­տի մեր­ժէ կեղ­ծը եւ դառ­նայ դրօ­շա­կի­րը ճշմա­րի­տին:
5) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ զի­նո­ւած՝ կո­չո­ւած ենք հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­գա­մին: Ա­ւե­տա­րա­նը ու­սու­ցում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մը չէ, ան «յայտ­նու­թիւնն է Աս­տու­ծոյ փրկու­թեան ծրա­գի­րին» (Հ­ռոմ. 16.25): ­Հե­տե­ւա­բար, պէտք է քա­ջօ­րէն վկա­յել այս մա­սին, վկա­յել մեր կեան­քով ու գոր­ծով, վկա­յել ի պա­հան­ջել հար­կին` ինք­նըն­ծա­յու­մով: Այս­պէ՛ս ը­րին ա­ռա­ջին դա­րե­րու քրիս­տո­նեա­նե­րը եւ նա­հա­տա­կու­թեամբ կնքե­ցին ի­րենց երկ­րա­ւոր կեան­քը: Այս­պէս ը­րաւ նաեւ աշ­խար­հի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուր­դը` հայ ժո­ղո­վուր­դը, եւ իր ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը դար­ձաւ նա­հա­տա­կու­թիւն:
6) Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ մեր հա­ւատ­քը վե­րա­նո­րո­գած՝ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լանք Ք­րիս­տո­սի երկ­րորդ գալս­տեան: Իր խոս­տու­մին հա­մա­ձայն, Ք­րիս­տոս դար­ձեալ պի­տի գայ: ­Տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ դա­տաս­տան ու հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն եւ մե­ռել­նե­րու յա­րու­թիւն: Այս սպա­սու­մով քրիս­տո­նեան պէտք է ապ­րի ու գոր­ծէ, Ա­ռա­քեա­լին թե­լադ­րան­քով` «հա­ւատ­քի եւ սի­րոյ զրա­հը հա­գած, եւ փրկու­թեան յոյ­սի սա­ղա­ւար­տը դրած մեր գլխուն» (Ա. ­Թես. 5.8):
Ք­րիս­տոս ան­ցեա­լին չի պատ­կա­նիր, ան կ­՛ապ­րի իր խորհր­դա­կան մարմ­նոյն` ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բով: Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան յաղ­թա­կան եր­թը, փրկու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ճամ­բով, կը շա­րու­նա­կո­ւի: Ա­ւե­տա­րա­նի մե­ծա­գոյն քա­րո­զի­չը` ­Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կ­՛ը­սէ, թէ` Ք­րիս­տոս զինք կան­չեց իր ա­ռա­քեա­լը ըլ­լա­լու եւ իր Ա­ւե­տա­րա­նին վկան դառ­նա­լու (Հ­ռոմ. 1.1): Այ­սօր եւ միշտ Ք­րիս­տոս մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը կան­չէ իր ա­ռա­քեա­լը ըլ­լա­լու, այլ խօս­քով` Ա­ւե­տա­րա­նը ապ­րե­լու ու ա­նոր վկան դառ­նա­լու: ­Պատ­րա՞ստ ենք երկ­նա­յին շնորհ­քին ար­ժա­նա­նա­լու…

* * *

Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ եւ քրիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով կ­՛ող­ջու­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ նո­րին վսե­մու­թիւն ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը` մաղ­թե­լով ար­դիւ­նա­շատ գոր­ծու­նէու­թիւն` ի սպաս մեր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քին: ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ­՛ող­ջու­նենք նաեւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վսե­մա­շուք նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նը` մաղ­թե­լով նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ծա­ռա­յու­թիւն` ի խնդիր Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին:
Եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ­՛ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը` մաղ­թե­լով ե­կե­ղե­ցա­շէն ի­րա­գոր­ծում­նե­րով եր­կար գա­հա­կա­լու­թիւն: Կ­՛ող­ջու­նենք նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեա­նը եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Մես­րոպ Արք. ­Մու­թա­ֆեա­նը` ի­րենց մաղ­թե­լով բեղմ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նին մէջ:
­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու հայ­րա­կան սի­րով կ­՛ող­ջու­նենք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու միու­թիւն­նե­րը եւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը: Կ­՛ա­ղօ­թենք առ Աս­տո­ւած, որ յա­րու­ցեալ Փրկ­չին յաղ­թա­նա­կով զօ­րա­ցած ի­րենց կեան­քը ապ­րին մեր ժո­ղո­վուր­դին սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

­Սուրբ ­Զա­տիկ
Ապ­րիլ 2017 Ան­թի­լիաս, ­Լի­բա­նան