«­Հա­յաս­տա­նը կը պար­պո­ւի, իսկ սփիւռ­քը կը մա­շի.
ախ­տա­ճա­նա­չու­մը պէտք է ճիշդ կա­տա­րել»

­Ջեր­մօ­րէն կ’ող­ջու­նենք «­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք 6-րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վ»ը «­Փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն, միաս­նա­կա­նու­թիւն եւ­ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն» խո­րագ­րին տակ դնե­լու ճիշդ ո­րո­շու­մը. եւ կը յու­սանք, որ ներ­կայ հա­մա­ժո­ղո­վը կը դառ­նայ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք ի­րա­պաշտ երկ­խօ­սու­թեան եւ հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լուրջ քննարկ­ման ե­զա­կի ա­ռիթ։
Կ­’ող­ջու­նենք յատ­կա­պէս հա­մա­ժո­ղո­վի խո­րագ­րին մէջ կա­րե­ւոր տեղ գրա­ւած «վստա­հու­թիւն» բա­ռը։ Ար­դա­րեւ, որե­ւէ ձե­ւի ու բնոյ­թի գոր­ծակ­ցու­թիւն, ուր վստա­հու­թիւ­նը բա­ցա­կայ է, կը դառ­նայ կեղծ ու վնա­սա­բեր։ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն յե­տոյ եր­կուս­տեք սխալ­ներ ե­ղան։ ­Հա­յաս­տան եւ Ս­փիւռք զի­րար չէին ճանչ­նար, անվս­տա­հու­թեան մթնո­լորտ մը կար, որ իր բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­ցաւ հայ կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
Արդ, ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու մեր փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ, փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել հա­ւա­քա­կա՛ն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, գե­ղե­ցիկ լո­զուն­գէ ան­դին՝ կեան­քի պէտք է վե­րա­ծո­ւի՝ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի մի­ջեւ դե­րե­րու յստա­կե­ցու­մով, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու ճշդու­մով ու գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ո­րակ տա­լով։ Ա՛յս է մեր ազ­գը իր հայ­րե­նի­քով ու Ս­փիւռ­քով դէ­պի պայ­ծառ ա­պա­գայ ա­ռաջ­նոր­դող միակ ա­պա­հով ճամ­բան։ Ա՛յս գի­տակ­ցու­թեամբ հարկ է հա­մազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան մշա­կոյթ ստեղ­ծել, հա­ւա­քա­բար ծրագ­րել ու գոր­ծել։ Ա՛յս տես­լա­կա­նով հարկ է բա­ցո­ւիլ նոր հո­րի­զոն­նե­րու ու քա­ջօ­րէն դի­մագ­րա­ւել մեզ շրջա­պա­տող մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու տագ­նապ­նե­րը։
­Կը գտնո­ւինք մեր պատ­մու­թեան մէկ վճռադ­րոշմ խաչ­մե­րու­կին դի­մաց։ Ե­կէք ըլ­լանք ի­րա­պաշտ ու ան­կեղծ։ ­Հա­յաս­տա­նը կը պար­պո­ւի, իսկ Ս­փիւռ­քը կը մա­շի։ Այս վտան­գա­լից ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց պա­տա­հա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ չեն կրնան մեր տագ­նապ­նե­րը լու­ծել եւ վէր­քե­րը դար­մա­նել։ ­Ժա­մա­նա­կի նշան­նե­րը պէտք է ճիշդ կար­դալ, ախ­տա­ճա­նա­չու­մը պէտք է ճիշդ կա­տա­րել եւ հա­մա­պա­տաս­խան կողմ­նո­րո­շում­ներ ճշդել ու ազ­դու մի­ջոց­նե­րու դի­մել։ Անհ­րա­ժեշտ է ­Հա­յաս­տան-Սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դուրս բե­րել պա­տա­հա­կան տնտե­սա­կան ներդ­րում­նե­րու ու թու­րիս­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծէն եւ զայն դարձ­նել մեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր հիմ­քե­րէն մէ­կը։ Ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը ու­նե­նա­լով մեր ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հիմ­քը ու նպա­տա­կը, ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառ­նան մեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ու մար­տա­վա­րա­կան ու­ղե­ցոյ­ցը։ Ազ­գա­յին այս գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ ու տես­լա­կա­նով ամ­րագ­րո­ւած ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­կաս­կած իր շուրջ պի­տի հա­մախմ­բէ մեր ազ­գին բո­լոր զա­ւակ­նե­րը, մար­դուժն ու նե­րու­ժը, միա­ժա­մա­նակ մղիչ ու­ժը դառ­նա­լով հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան կազ­մա­ւոր­ման ու գոր­ծե­լա­կեր­պի զար­գաց­ման։
Շր­ջա­փա­կու­մի են­թար­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նը պա­տե­րազ­մի մնա­յուն վտան­գին դի­մաց է։ Արդ, ­Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը հա­մազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է, եւ սա ա­ռա­ջին հեր­թին կը պա­հան­ջէ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­մուր կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը իր հո­ղին։ ­Հայ­րե­նի­քը հող ու ժո­ղո­վուրդ է՝ պե­տու­թիւն ու տնտե­սու­թիւն ըլ­լա­լէ ա­ռաջ։ ­Հա­ւա­տար­մու­թիւնը հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ վեր է ա­մէն տե­սակ նկա­տում­նե­րէ։ ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է եւ ան­յե­տաձ­գե­լի՝ ար­տա­գաղ­թը նո­ւա­զեց­նե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թո­ւա­յին ա­ճը ա­պա­հո­վե­լու ձգտող քոնք­րէթ մի­ջոց­նե­րու կի­րառու­մը։ ­Հարկ է ըլ­լալ զգոյշ։ Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը ըն­թա­նայ համ­րա­քայլ եւ փտա­ծու­թեան ա­ռաջ­քը առ­նե­լը դառ­նայ դժո­ւար, եւ միւս կող­մէ՝ ե­թէ ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­մա­կար­դա­կը չդառ­նայ գո­հա­ցու­ցիչ, ար­տա­գաղ­թը նոյն թա­փով կրնայ շա­րու­նա­կո­ւիլ եւ աղ­քա­տու­թիւ­նը դառ­նալ աղ­բիւր ա­մէն տե­սակ ըն­կե­րա­յին ու բա­րո­յա­կան չա­րիք­նե­րու։
­Դիւ­րին է այս հար­ցե­րուն մա­սին խօ­սի­լը, գի­տե՛նք. հեշտ է նաեւ քննա­դա­տե­լը, դար­ձեա՛լ գի­տենք. էա­կա­նը մեր ցա­ւե­րուն դար­ման ո­րո­նե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը, կամքն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ու­նե­նալն է։ Արդ, սպա­սե­լի է, որ բա­րե­փո­խեալ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ դէ­պի կա­ռա­վար­ման ա­ւե­լի թա­փան­ցիկ ու հա­շո­ւե­տու կա­ռոյց­ներ ու գոր­ծըն­թաց­ներ ըն­թա­ցող ­Հա­յաս­տա­նը կա­րե­նայ, նաեւ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­ձե­ռած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ճիշդ օգ­տա­գոր­ծու­մով, լու­ծում­ներ ո­րո­նել յի­շեալ եւ այլ հիմ­նա­հար­ցե­րուն։
­Հա­յաս­տան եւ Ս­փիւռք սոսկ գոր­ծըն­կեր­ներ կամ գոր­ծա­կից­ներ չեն սո­վո­րա­կան ա­ռու­մով, այլ՝ նո՛յն ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­ներ։ Ա՛յս հա­յե­ցա­կէ­տով պէտք է ծրագ­րո­ւի ու հու­նա­ւո­րո­ւի ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ 27 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր ժո­ղո­վուր­դի եր­կու հա­տո­ւած­նե­րուն մի­ջեւ զար­գա­ցած կա­պե­րը, ի­րենց դրա­կան թէ բա­ցա­սա­կան ե­րես­նե­րով, մեզ պէտք է մղեն տար­բեր ո­րակ ու ա­րե­ւե­լում տա­լու մեր գոր­ծակ­ցու­թեան։ ­Տեղ­քայ­լը նա­հանջ է, իսկ նա­հան­ջը ար­տօ­նե­լի չէ տագ­նապ­նե­րով ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած մեր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին հա­մար։
­Սի­րե­լի՛ հա­յոր­դի­ներ, ­Հա­յաս­տա­նը զբօ­սա­վայր չէ՛, պիզ­նե­սի շու­կայ չէ՛, ան­ցա­գիր չէ՛. վա՜յ մե­զի երբ միայն այս­պէ՛ս մօ­տե­նանք ­Հա­յաս­տա­նին։ ­Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հի վրայ ինք­զինք հայ դա­ւա­նող հա­յուն տո՛ւնն է՝ ան­ցեա­լի, ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի տու­նը։ ­Մեր հա­ւա­քա­կան տան նկատ­մամբ ը­նե­լիք ու ը­սե­լիք ու­նինք եւ պէտք է ու­նե­նանք։ ­Պի­տի հզօ­րաց­նենք ու ծաղ­կեց­նենք ­Հա­յաս­տա­նը մեր ողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ։ ­Սա իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն սրբա­զան ուխ­տը պէտք է դառ­նայ։
Արդ, մէկ կող­մէ՝ բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծե­րով, եւ միւս կող­մէ՝ «ե­կէք պիզ­նես ա­րէք» ը­սե­լով, որ­քան ալ գնա­հա­տե­լի ըլ­լան նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ու կո­չեր, չենք կրնար հզօր ­Հա­յաս­տան կեր­տել։ Ս­փիւռ­քը պա­տա­հա­կան ներդ­րում­նե­րէն ան­դին կո­չո­ւած է լայ­նա­ծա­ւալ ու եր­կա­րա­շունչ ծրա­գիր­նե­րով մաս­նա­կից դառ­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան աճ­ման։ Ս­փիւռ­քի տնտե­սա­կան նե­րու­ժի ար­դիւ­նա­ւէտ օգ­տա­գոր­ծու­մը եւ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ծա­ւա­լու­մը կ’են­թադ­րէ գոր­ծակ­ցու­թեան տի­նա­միք մե­քա­նիզմ­նե­րու ստեղ­ծում՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած տնտե­սու­թեան ըն­ձե­ռած լայն մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով։
­Սա­կայն ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը միայն տնտե­սա­կան շրջագ­ծէն ներս պէտք չէ դի­տել։ Ս­փիւռ­քի դե­րը ­Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ սոսկ պիզ­նես ը­նել չէ։ Ս­փիւռ­քը մաս­նա­գի­տու­թեամբ թրծո­ւած հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թիւն է. Ս­փիւռ­քը պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիով շա­ղա­խո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թիւն է. Ս­փիւռ­քը բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­զան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած հա­րուստ շտե­մա­րան է։ Ս­փիւռ­քը ան­բա­ժան ու ան­բա­ժա­նե­լի մասն է հա­յու­թեան։ ­Հե­տե­ւա­բար, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ այլ մար­զե­րէն ներս ծրագ­րո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան կող­քին, անհ­րա­ժեշտ է նաեւ լրջօ­րէն մտա­ծել Ս­փիւռ­քի փոր­ձա­գէտ­նե­րը ու մաս­նա­գէտ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վար­ման կա­ռոյց­նե­րուն գործ­նա­պէս մաս­նա­կից դարձ­նե­լու մի­ջոց­նե­րուն մա­սին։ Այս մօ­տե­ցու­մով միայն ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը իր լիար­ժէք ի­մաս­տը կը ստա­նայ։
Ար­ցա­խը, բնա­կա­նա­բար նաեւ ­Հա­յաս­տա­նը, կը գտնո­ւին ո՛չ պա­տե­րազմ եւ ո՛չ խա­ղա­ղու­թիւն ի­րա­վի­ճա­կի մէջ։ Այս ա­նո­րոշ կա­ցու­թեան եր­կա­րաձ­գու­մը լուրջ վտանգ մըն է ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ ­Թե­րեւս այս­պէ՛ս կ­՚ու­զեն թէ՛ մեր բա­րե­կամ­նե­րը եւ թէ ոչ-բա­րե­կամ­նե­րը՝ մեկ­նե­լով շրջա­նի ի­րենց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէն։ ­Մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին փրկու­թիւ­նը մեր հա­ւա­քա­կան ու­ժին մէջն է եւ մեր հա­ւա­քա­կան ու­ժին ու վճռա­կա­մու­թեան հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տի­չը հա­յոց ա­րի բա­նակն է։ Իւ­րա­քան­չիւր հայ զի­նո­ւոր մըն է հա­յոց բա­նա­կին. զի­նո­ւոր՝ նիւ­թա­պէս նե­ցուկ դառ­նա­լով ա­նոր զօ­րաց­ման եւ ի պա­հան­ջեալ հար­կին՝ իր ա­րիւ­նը թա­փե­լով ի խնդիր հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան։
Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ Ը­սած ենք ու կը կրկնենք.- Ս­փիւռ­քի հզօ­րա­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նի հզօ­րա­ցումն է, եւ՝ փո­խա­դար­ձա­բար։ ­Հարկ է ըլ­լալ ի­րա­տես ու հե­ռա­տես։ Ե­թէ բազ­մե­րանգ ու բազ­մա­շերտ դար­ձած Ս­փիւռ­քը իր նե­րու­ժի ներ­դաշ­նակ­ման ա­ռաջ­նոր­դող հա­ւա­քա­կան ու­ղե­գի­ծեր չճշդէ, հետզ­հե­տէ պի­տի ըն­թա­նայ դէ­պի կազ­մա­լու­ծում ու մա­շում։
­Հա­յաս­տա­նը կա­րե­ւոր դեր ու­նի կա­տա­րե­լիք Ս­փիւռ­քի հա­յօ­րէն վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման, յատ­կա­պէս մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան մար­զե­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գծով։ Ար­դա­րեւ, Ս­փիւռ­քի հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե­լը կա­րե­ւոր քայլ մըն էր։
­Լուրջ տագ­նա­պի մէջ գտնո­ւող գա­ղու­թի մը, օ­րի­նակ ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան նկատ­մամբ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ցու­ցա­բե­րած քա­ղա­քա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այ­լա­պէս կա­րե­ւոր քայլ մըն էր։
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի հռչա­կա­գի­րը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր։ Անհ­րա­ժեշտ է մէկ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը ամ­րագ­րող քոնք­րէթ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կել նո՛յն ո­գիով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ։ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կի հա­մա­հայ­կա­կան նշու­մը, վստա­հա­բար, նոր շեշտ պի­տի տայ մեր ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան։ Եւ ա­ւե­լի՛ն, փո­խա­դարձ զի­ջում­նե­րով միա­ցեալ ուղ­ղագ­րու­թեան հաս­տա­տու­մը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան գծով ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ան­կաս­կած պի­տի դառ­նան մեր միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րա­կուռ սիւ­նե­րը։
­Սա­կայն չմոռ­նանք եր­բեք, որ ազգ մը միաց­նո­ղը, ամ­րաց­նո­ղը ու յա­ւեր­ժաց­նո­ղը իր հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն են։ ­Հե­տե­ւա­բար, թոյլ չտանք, որ մեր ազ­գին ար­ժէք­նե­րը ա­պա­կա­նին, մեր ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գը խախ­տի։ Ար­դա­րեւ, մեր ազ­գին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը լուրջ քննար­կու­մի ու հա­մա­կար­գու­մի են­թար­կող եւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան տե­սա­նե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն տո­ւող ­«հա­մազ­գա­յին ­խորհ­րու­դ»ի մը ստեղ­ծու­մը կը նկա­տենք ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան։
Այ­սօ­րը ծրագ­րել կը նշա­նա­կէ վա­ղըն ե­րաշ­խա­ւո­րել։ Ազ­գին տան հիմ­քը ամ­րաց­նե­լը կ’են­թադ­րէ ազ­գին բե­կոր­նե­րը ի մի խմբող վստա­հու­թիւ­նը ամ­րապն­դել ու նե­րու­ժը զօ­րա­շար­ժի են­թար­կել։ Այ­լա­պէս՝ սոսկ լո­զունգ­ներ հնչեց­նե­լով՝ փակ օ­ղակ­նե­րու մէջ պի­տի մնանք։ Չվս­տա­հինք աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ու­րիշ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան։ Վս­տա­հինք մեր սե­փա­կան ու­ժին ու միաս­նա­կա­նու­թեան, մեր հա­ւատ­քին ու վճռա­կա­մու­թեան։ Յ. ­Շի­րա­զի բա­ռե­րով՝ «­Բա՛ւ է հա­յեր ցրո­ւած մնաք մատ­նե­րիս պէս. բռունց­քո­ւելն է՝ յա­ւեր­ժու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի»։ Ա՛յս է դա­րե­րէն ե­կող ու դա­րե­րուն գա­ցող պատ­գա­մը հա­յոց պատ­մու­թեան։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ