Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 200-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ ու­ղար­կեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սին եւ ­Յու­նաս­տա­նի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սին։
Իր նա­մակ­նե­րուն մէջ, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը նշէ, թէ յոյ­նե­րու ապս­տամ­բու­թիւնն ու հե­րո­սա­կան պայ­քա­րը Օս­մա­նեան թուր­քե­րու հզօր ու­ժե­րուն դէմ հան­դի­սա­ցաւ փա­րոս ու օ­րի­նակ բո­լոր այն ազ­գե­րուն հա­մար, ո­րոնք ճա­շա­կե­ցին Օս­մա­նեան լու­ծը։ ­Յու­նա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ու­ղեր­ձը ներշն­չեց նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ 19-րդ ­դա­րուն իր ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը մղեց թրքա­կան լու­ծին դէմ։
«­Յոյ­նե­րը եւ հա­յե­րը միա­սին ճեղ­քե­ցին դա­րե­րու եր­թը եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կը բաժ­նեն նոյն սկզբունք­ներն ու ար­ժէք­նե­րը։ ­Հայ­րե­նի­քին ու հա­ւատ­քին հա­մար մղո­ւած պայ­քար­նե­րուն մէջ, քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը ե­ղաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յե­նա­րա­նը, Ե­կե­ղե­ցին գործ­նա­պէս ու­ղե­կից եւ սա­տար հան­դի­սա­ցաւ բո­լոր պայ­քար­նե­րուն։
­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն հետ միաս­նա­բար կը մաս­նակ­ցինք ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դի տա­րե­դար­ձին։
Վս­տահ ենք, որ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ հա­ւատ­քով, ­Յոյն ժո­ղո­վուր­դը, ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց յաղ­թա­կան եր­թը ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց», նշեց հայ­րա­պե­տը ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին յղած նա­մա­կին մէջ։
Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս յա­տուկ կեր­պով բարձր ար­ժե­ւո­րեց յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի յա­ջող պսա­կու­մին մէջ։