ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Հայ­կա­կան մա­մու­լը իր է­ջե­րուն վրայ տե­ղադ­րեց ար­դէն եւ հա­մա­ցան­ցի վրայ շրջա­գա­յե­ցաւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­ձեռ­նած այն խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որ նո­ւի­րո­ւած էր սփիւռ­քի այժ­մու եւ վա­ղո­ւան սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան քննարկ­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս այն ստո­րո­գե­լի­նե­րուն, ո­րոնք յե­նա­սիւ­նը կը կազ­մեն ինք­նու­թեան մշա­կու­մին:
Այդ ա­ռի­թով անդ­րա­դարձ մը՝ չորս կէ­տե­րու մէջ խտա­ցո­ւած.
1. Ա­ռօ­րեայ-կեն­ցա­ղա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, յա­ճախ նաեւ մա­մու­լի մէջ ե­րեւ­ցող գրա­ռում­նե­րով, շա­տեր հար­ցա­կա­նի տակ կը դնեն նմա­նօ­րի­նակ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւ­նը՝ ա­ռար­կե­լով, թէ քա­նի որ ա­նոնք զուրկ ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան հան­գա­ման­քէ ու կա­ռու­ցա­յին խա­րիս­խէ, ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու-գոր­ծադ­րե­լու ո՛չ լիա­զօ­րու­թիւ­նը ու­նին եւ ոչ ալ՝ մե­քե­նա­կա­նու­թիւ­նը: ­Պար­զա­պէս մաս­նա­կից ժո­ղո­վա­կան­նե­րը քով-քո­վի կու­գան, կը մէկ­տե­ղո­ւին ժո­ղո­վաս­րա­հի մէջ եւ մտա­ծում­ներ կը փո­խա­նա­կեն ու վերջ: ­Յե­տո՞յ…:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւած իր այս պար­զու­նակ դրո­ւած­քով՝ թե­րեւս ի­րա­ւա­ցի հա­մա­րո­ւի ա­ռար­կու­թիւ­նը:
­Բայց…
­Հո­յա­կապ է այս ի­մաս­տով մեր անն­ման յե­ղա­փո­խա­կա­նին կար­գա­խօ­սը, թէ՝ «խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է»:
Անդ­րա­դառ­նանք սա­կայն. ի զուր չէ, որ կար­գա­խօ­սը կը շեշ­տէ «գործ»ին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, բայց ա­նի­կա կը պայ­մա­նա­ւո­րէ «խօսք»ով: Ո­րով­հե­տեւ ա­ռաջ քան ա­մե­նայն ծնունդ կ­՚առ­նէ մտա­ծու­մը, այ­սինքն՝ խօս­քը: Մ­տա­ծու­մի բա­նա­ձե­ւու­մէն կ­՚ա­ռա­ջա­նայ գա­ղա­փա­րը, ո­րու ընդ­հան­րա­ցու­մէն ու ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցու­մէն ետք է միայն, որ կը յղա­ցո­ւի, կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի ու կը յա­ջո­ղի գոր­ծը: Ու­րեմն, նա՛խ խօս­քը, ա­պա՛ գոր­ծը:
Այս­պէ՛ս ե­ղած է բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, այս­պէ՛ս է հի­մա բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ու աշ­խա­տան­քի բո­լո՛ր մար­զե­րուն մէջ՝ ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­քա­կան, միու­թե­նա­կան թէ կու­սակ­ցա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան կամ պե­տա­կան կեան­քի մէջ…:
­Կը նշա­նա­կէ, թէ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը տո­ւեալ խնդիր­նե­րու մա­սին բազ­մա­կող­մա­նի մտա­ծում­նե­րը ներ­դաշ­նա­կե­լով գա­ղա­փար­ներ կը բիւ­րե­ղաց­նեն, եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կը բա­նա­ձե­ւեն եւ ա­տով իսկ պատ­րաս­տած կ­՚ըլ­լան գոր­ծին են­թա­հո­ղը:
2. Ընդգ­ծե­լի է, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով գո­յա­ւո­րո­ւած հայ­կա­կան սփիւռ­քի հա­յօ­ճախ­նե­րուն ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի իբ­րեւ ղե­կա­վար ու կեդ­րո­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն, ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը թե­րեւս միակն է, որ իր գա­հա­կա­լին՝ Ա­րամ Ա.ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, տար­բեր տա­րի­քի եւ տար­բեր դա­ւա­նան­քի ու գա­ղա­փա­րի պատ­կա­նող մտա­ւո­րա­կան­ներ թէ հան­րա­յին գոր­ծիչ­ներ իր հո­վա­նիին տակ հա­մախմ­բե­լով խորհր­դա­ժո­ղով­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ՝ քննու­թեան են­թար­կե­լու հա­մար սփիւռ­քեան խնդիր­ներ, ո­րոնք տա­րի­նե­րուն հետ ա­ւե­լի հրա­տապ կը դառ­նան՝ սպառ­նա­լով սփիւռ­քա­հա­յու տո­կու­նու­թեան, ո­րով եւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան:
Ազ­գա­յին տե­սա­կէ­տէ հետզ­հե­տէ ա­հագ­նա­ցող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու մա­սին մօ­տա­ւոր գա­ղա­փար մը տա­լու հա­մար կը բա­ւեն հե­տա­գայ մէջ­բե­րում­նե­րը՝ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի եօ­թը մե­քե­նա­գիր է­ջե­րու տա­րած­քով ներ­կա­յա­ցու­ցած խո­րա­թա­փանց, այ­լեւ ա­հա­զան­գիչ նե­րա­ծա­կա­նէն: ­Շեշ­տե­լէ ետք ինք­նու­թեան բարդ ու զգա­յուն եւ այժ­մէա­կան բնոյ­թը, կը դնէր հար­ցա­կա­նը, թէ՝ «ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հայ ըլ­լալ սփիւռ­քի մէջ. ի՞նչ են հայ մար­դուն հա՚յ ըլ­լա­լու ցու­ցա­նի­շե­րը ու հայ նկա­տո­ւե­լու չա­փա­նի­շե­րը…»: Ա­պա կ­՚ա­ւելց­նէր, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այս հար­ցադ­րում­նե­րը տե­սա­կան, նոյ­նիսկ տա­րօ­րի­նակ պի­տի նկա­տո­ւէին, մինչ­դեռ այ­սօր այդ­պէս չէ…: ­Կը մատ­նան­շէր «մնա­յուն գու­նա­թա­փու­մի մէջ գտնո­ւող սփիւռ­քի պար­զած ներ­կայ մտա­հո­գիչ պատ­կե­րը» եւ քիչ ան­դին կը նշէր, թէ՝ «…­Հա­յու ինք­նու­թիւ­նը կազ­մա­ւո­րող (ե­րէ­կի) հնոց­նե­րը եւ զայն պաշտ­պա­նող ամ­րոց­նե­րը սկսած են կորսնց­նել ի­րենց հմայքն ու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը: ­Հա­յու ինք­նու­թեան կերտ­ման ու պահ­պան­ման մէջ կեն­սա­կան դեր ու­նե­ցած մեր պատ­մա­կան դէպ­քերն ու դէմ­քե­րը սկսած են սպա­ռել ի­րենց նե­րու­ժը՝ հետզ­հե­տէ դուրս մնա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թե­նէն…»: Այլ տեղ, հաս­տա­տե­լէ ետք «ազ­գի մը ինք­նու­թեան ա­մուր կռո­ւան­նե­րէն մէ­կը լե­զո՚ւն է», հարց կու տար.- «հայ կեան­քէն ներս օ­տար լե­զո­ւի ա­ճող ներ­կա­յու­թեան դի­մաց, ար­դեօք հայ լե­զուն պէ՞տք է նկա­տել ինք­նու­թեան էա­կան յատ­կա­նիշ թէ՝ որ­պէս հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց…»:
­Վե­հա­փա­ռին նե­րա­ծա­կա­նէն մէջ­բե­րո­ւած վե­րի հաս­տա­տում­նե­րը, եւ՝ ի­րենց մէջն իսկ պա­տաս­խան­նե­րը պար­փա­կող հար­ցադ­րում­նե­րը մօ­տա­ւոր պատ­կե­րա­ցու­մը կու տան սփիւռ­քի ներ­կայ դժո­ւար կա­ցու­թեան, ո­րու պայ­ման­նե­րու մէջ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ (պի­տի ըլ­լա՞յ) մշա­կե­լու նո­րա­հաս սե­րուն­դին ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը…: Ա­հա՛ գե­րա­կայ խնդի­րը եւ լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը:
3. ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին հինգ մտա­ւո­րա­կան­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն, ինչ­պէս նաեւ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­հին: Ա­ւար­տին, ա­նոնց­մէ մէ­կը քա­ղած տպա­ւո­րու­թիւ­նը յայտ­նեց դի­պուկ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը, ո­րուն միտք բա­նին մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տե­ւեալն էր. « Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ կը գտնո­ւիմ սփիւռ­քի հար­ցեր քննար­կող հա­ւա­քի մը մէջ: Ես բո­լո­րո­վին տար­բեր ըն­կա­լում ու­նէի սփիւռ­քի մա­սին եւ ըստ այնմ նաեւ՝ ակն­կա­լու­թիւն­ներ: Կ­՚են­թադ­րեմ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս ըն­կա­լումն ալ ի­մի­նէս տար­բեր պի­տի չըլ­լայ: Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վէն վերջ սա­կայն կը գի­տակ­ցիմ, որ իմ ըն­կա­լու­մէս տար­բեր ու մեծ չա­փե­րու վրայ կը գե­րակշ­ռեն սփիւռ­քի խնդիր­նե­րը, տագ­նապ­նե­րը, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը…»:
­Կը մտա­ծեմ. որ­քան բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ կ­՚ու­նե­նա­յինք հա­յօ­ճախ­նե­րու մէջ, ե­թէ ա­նոնց ղե­կա­վար տար­րին գի­տակ­ցու­թեան մէջ տի­րա­պե­տէր եւ ա­ռաջ­նոր­դող ուժ ըլ­լար ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան ըմբռ­նու­մը:
4. ­Թե­լադ­րա­կան է Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին նե­րա­ծա­կա­նը, որ սփիւռ­քեան խնդիր­նե­րուն հա­մար լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու ճի­գին մէջ կը յանձ­նա­րա­րէ հե­ռու մնալ «կա­ցու­թիւն­նե­րը վար­դա­գոյն տես­նե­լու ռո­ման­թիք հա­կում­նե­րէ» եւ «ըլ­լալ ի­րա­տես, թէ­կուզ եր­բեմն յո­ռե­տես…»:
­Հա­յօ­ճախ­նե­րու (հա­յա­գա­ղութ­նե­րու) ղե­կա­վար տար­րին հա­մար իբ­րեւ ան­յե­տաձ­գե­լի ու այժ­մէա­կան եւ ա­ռաջ­նոր­դող մտա­ծում­ներ՝ կ­՚ար­ժէ, նոյ­նիսկ անհ­րա­ժեշտ է քննու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել ­Վե­հա­փա­ռին նե­րա­ծա­կան խօս­քը եւ ա­նոր հի­մամբ տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի խորհր­դա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պել ու աշ­խա­տան­քի յայ­տա­գիր մշա­կել:
Ա­թէնք, 20 ­Յու­լիս 2017