Յունաստանի Հայոց ազգային Առաջնորդարանի դիւանէն կը տեղեկանանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ուղարկած է Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսին՝ բարի ապաքինում մաղթելով «Քորոնա» ժահրի վարակումէն, որով ան ստիպուեցաւ երկար խնամք ստանալ հիւանդանոցին մէջ։
Նամակին մէջ, մասնաւորապէս նշում կ՚ըլլայ Արցախի վրայ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական պատերազմին, որուն մասին Վեհափառ Հայրապետը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ յոյն եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի զօրակցութեան համար Արցախի տարապող հայութեան։ Վեհափառը կը շեշտէ, որ հայ եւ յոյն եկեղեցիները ունին հասարակաց հարց՝ որն է արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան վերականգնման պայքարը։
Նշենք նաեւ, որ Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւս, յանուն ազգային իշխանութիւններուն, բարի ապաքինման նամակ ղրկած է յոյն արքեպիսկոպոսին։
Առաւել, Յունաստանի եկեղեցւոյ ս. Սինոդը, Չորեքշաբթի՝ 16 Դեկտեմբերի իր հերթական նիստի ընթաքին, դատապարտեց Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած շարունակական ոճիրները հայ քրիստոնեաներուն վրայ։