Այցելութիւն Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարանները
Երկուշաբթի, 13 Մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իր շքախումբը այցելեցին Գոքինիոյ «Զաւարեան», ապա Ֆիքսի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ու «Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանները։ Վեհափառը արժանացաւ ջրմ դիմաւորումի վարժարանի ուսուցաչական կազմերուն եւ աշակերտութեան կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցիչները։
վարժարաններու աշակերտութիւնը հայ երգերով, ասմունքներով ու պարերով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին: Յայտագիրի աւարտին, թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայրապետին մօտէն ծանօթացուց վարժարանին կատարած աշխատանքները ու յետագայ ծրագիրները:
Վեհափառը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը՝ իրենց ազգանուէր գործունէութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է. հետեւաբար, գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մտնենք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Հայրապետը հայակերտման անհրաժեշտութիւնը վեր առնելով՝ շեշտեց, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ։ Հայ դպրոցը սրբավայր է՝ հայը ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն հայ դարձնելու լծուած: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայօրէն կը կազմաւորուի: Ահա թէ ինչու դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ջարդերէն ետք, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Ուստի, ամէն գնով պէտք է կենսունակ ու աշխոյժ պահել հայ դպրոցը:
Այցելութիւն կաթողիկ եւ աւետարանական համայնքներուն
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան եւ հանդիպեցաւ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, ապա անդարադառնալով Յունաստանի հայ երեք համայնքներուն միջեւ գոյացած գործակցական սերտ յարաբերութեանց՝ ըսաւ. «այստեղ, Յունաստանի մէջ, մեր երեք համայնքները ոչ միայն սովորական իմաստով յարաբերութիւն մշակած են իրարու հետ, այլ եղբայրական ջերմ սիրով ու սերտ գործակցութեամբ կ՚աշխատին՝ ի խնդիր գաղութի ծաղկման ու հզօրացման: Հետեւաբար, կ՚ողջունենք երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն կատարած եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը»:
Հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի կեդրոնը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վերապատուելի Վիգէն Չոլագեան, Նորին Ս. Օծութեան պարզեց համայնքին ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Վեր. Չոլագեանի աշխոյժ ու գործօն ծառայութիւնը հայ գաղութի կեանքին մէջ:
Հանդիպում Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ
Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսին հետ
Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոսին կողմէ:
Վեհափառ hայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր, սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ բաժնեցին մեր եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ մենք որդեգրեցինք նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառը ըսաւ, թէ այսօր մենք կը գործակցինք մեր հաւաքական արժէքներուն եւ Ցեղասպանութեան առնչուած մեր դատին գծով: Մեր սերտ գործակցութիւնը միայն չէ սահմանափակուած Յունաստանի սահմաններէն ներս, այլ գոյութիւն ունի հոն՝ ուր հայ եւ յոյն գաղութներ կան: Հայրապետը յիշելով անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած շոգեկառքի արկածը՝ իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց արք. Իէրոնիմոսին: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ hայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ յոյն եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան ու նախանձախնդրութեան համար:
Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, յատուկ կերպով ողջունեց Վեհափառ hայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Ան յիշեց Հայրապետին դերը միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս եւ աստուածաբանական երկխօսութեանց զարգացման մէջ: Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեանց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն: Խօսելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու մասին՝ ան յիշեց, որ պատմական կապերով ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց յունահայութեան բերած դրական մասնակցութեան Յունաստանի զարգացման ու յառաջդիմութեան: Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Կէսօրին Վեհափառը հայրապետը եւ իր շքախումբը ճաշի հիւրը եղան յոյն արքեպիսկոպոսին։