Հանդիպում Յունաստանի վարչապետին հետ
Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին միջեւ: Հինէն ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Վեհափառը անդրադարձաւ չորս մարզերու.- ա) Յունաստանի հայ գաղութ, բ) Լիբանանի այժմու կացութիւն՝ յատկապէս նախագահական ընտրութիւն, գ) Յունաստանի դերը արաբական-իսլամական աշխարհէն ներս՝ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս եւ դ) Արցախի շրջափակում ու Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ: Իւրաքանչիւր մարզին շուրջ Հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ եղան տեղեկութիւններու, տեսակէտներու եւ մտահոգութիւններու փոխանակում:
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ հայրապետը վարչապետին յանձնեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի բնագրին բազմապատկուած մէկ օրինակը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ցուցակը:
Յունաստանի մէջ Հայաստանի եւ
Լիբանանի դեսպաններուն հետ
Չորեքշբաթի, 15 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեմակալ առաջնորդին, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ Ազգային վարչութեան ատենապետին, այցելութիւն կատարեցին Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստան-Յունաստան բարեկամական սերտ յարաբերութիւնը, տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց դեսպանատուներուն եւ Սփիւռքի թեմական ու քաղաքական կառոյցներուն կարեւոր դերը՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան գծով: Նաեւ կատարուեցաւ այցելութիւն Լիբանանի դեսպանութեան եւ հանդիպում դեսպան Ղատի Ալ-Խուրիի հետ։
Հանդիպում Յունահայ գաղութի կառոյցներուն հետ
Չորեքշբաթի, 15 Մարտի երեկոյեան երեկոյեան, Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատասխանատու մարմինին հետ, ապա յունահայ գաղութէն ներս գործող միութիւններու վարչական մարմիններուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Սփիւռքի վերակազմակերպման ուղղութեամբ կառոյցներուն հետ գործակցական աշխատանքներու լայն շրջագիծ մը: Այս առիթով, Նորին Վեհափառը իր տեսակէտները պարզեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ուղղութեամբ՝ միշտ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը պահել աւելի ամուր:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի դասախօսութիւնը
Աթէնքի համալսարանին մէջ
Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Աթէնքի համալսարանին Աստուածաբանական ճիւղի համալիրին մէջ։ Համալսարանի նախագահի եւ մեծ թիւով փրոֆէսորներու, յոյն բարձրաստիճան եկեղեցականներու, ուսանողներու եւ բազմութեան ներկայութեան Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վրայ: Հայրապետի դասախօսութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ակադեմական շրջանակին կողմէ։