Կիրակի՝ 28 Յունիս 2020ի առաւօտեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու։
Ս. եւ անմահ Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Քարոզէն առաջ, տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25րդ տարեդարձի առիթով։
Ապա հայր սուրբը մեծ դրուատիքով խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետի արժանիքներուն եւ բազմատաղանդ արժանիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անցնող 25 տարիներու ընթացքին թէ՛ Կաթողիկոսարանէն, թէ՛ Թեմերէն եւ թէ միջազգային բեմահարթակներու վրայ կատարած մեծ իրագործումներուն համար։ Հոգշ. հայր սուրբը Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին թարգմանը հանդիսանալով, շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը եւ մաղթեց առողջութիւն, երկա՜ր կեանք եւ ընդերկա՜ր Գղգահակալութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ, Դարաւոր եւ Պատմական Աթոռին վրայ։
Յայտնենք, որ 28 Յունիսէն 1 Յուլիս 1995 տարին երկարող տեւողութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար անկիւնադարձային թուական մը եղաւ, երբ Կիլիկեան Ս. Աթոռին վրայ բազմեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
Հայրերու օրուան նշում՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի, 21 Յունիս 2020ի առաւօտեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ Պատարագ, ներկայութեամբ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու։ Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Զուգադիպելով հայրերու օրուան, հոգշ. հայր սուրբը օրուան աւետարանական հատուածը բացատրելէ ետք, խօսեցաւ նաեւ հայրութեան վեհ գաղափարին ու անոր ստանձնած ընտանեկան պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ հայրական բարձր խնամքով, հոգատարութեամբ եւ մեծ սիրով Յունաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն անխտիր իր բարձրագոյն նուիրուածութեամբ կը ծառայէ եւ իր առաջնորդութեամբ մեզ կ’ուղղէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Հոգշ. հայր սուրբը շնորհաւորեց նաեւ բոլոր հայրերը, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն, երկա՜ր կեանք եւ երջանիկ օրեր։