Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մա­րի մուտ­քե­րուն եւ ել­քե­րուն (ծախ­սե­րուն) վե­րա­բե­րեալ ընդ­հան­րա­կան հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը՝ 2017ի ­Յու­նո­ւար 1ի դրու­թեամբ: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «Ար­մէնփ­րես»՝ վկա­յա­կո­չե­լով Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժի­նը:
Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.
«2016ի Ապ­րիլ 4էն մին­չեւ 2017ի ­Յու­նո­ւար 1, 7903 ֆի­զի­քա­կան եւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ան­ձե­րու կող­մէ կա­ռա­վա­րու­թեան յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մա­րին փո­խան­ցո­ւած է, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, 5.484.130.100 Հ.Հ. դրամ: Ըստ ար­ժոյ­թի՝ փո­խան­ցում­նե­րը բաշ­խո­ւած են հե­տե­ւեալ կեր­պով.- 2.519.339.800 Հ.Հ. դրամ, 5.032.601 ա­մե­րի­կեան տո­լար, 180.428 եւ­րօ եւ 62.631.827 ռուբ­լի:
­Սոյն թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար 1ի դրու­թեամբ՝ հա­ւա­քագ­րո­ւած գու­մար­նե­րէն եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­պիւտ­ճէա­կան հա­շի­ւէն, տար­բեր նշա­նա­կու­թեան ծախ­սեր կա­տա­րո­ւած են՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, 6.003.654.100 դրա­մի չա­փով, ո­րոնք ար­տա­յայ­տո­ւած են հե­տե­ւեալ ընդ­հան­րա­կան տո­ղե­րով.
— ­Փո­խան­ցում Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան՝ 1.359.862.200 Հ.Հ. դրամ: Այդ մի­ջոց­նե­րը տնօ­րի­նած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը՝ ըստ իր կա­րիք­նե­րուն եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն:
— ­Ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան սար­քա­ւո­րում­նե­րու ձեռք­բե­րում՝ 1.458.724.500 Հ.Հ. դրամ:
Ա­ռաջ­նա­գի­ծի ամ­բողջ եր­կայն­քով տե­ղադ­րո­ւած այդ­պի­սի սար­քա­ւո­րում­նե­րը բարձ­րա­ցու­ցած են դիր­քե­րու պաշտ­պա­նու­նա­կու­թեան մա­կար­դա­կը, ինչ­պէս նաեւ՝ թշնա­միին տե­ղա­շար­ժի վե­րահսկ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ թէ՛ մեր­ձա­կայ եւ թէ հե­ռու տա­րա­ծու­թիւն­նե­րու վրայ, թէ՛ ցե­րե­կա­յին եւ թէ գի­շե­րա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ:
— Երկ­րա­չա­փա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու կա­տա­րում՝ 1.144.556.400 Հ.Հ. դրամ: Այս աշ­խա­տանք­նե­րը նե­րա­ռած են ե՛ւ ա­ռաջ­նա­գի­ծի, ե՛ւ թի­կուն­քա­յին ամ­րու­թիւն­նե­րու կա­ռու­ցում եւ բա­րե­կար­գում:
— Պ.Բ. կա­րիք­նե­րուն հա­մար են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու, փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի ու կա­պի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ ընդ­հա­նուր ծախ­սե­րու ի­րա­կա­նա­ցում՝ 1.012.035.600 Հ.Հ. դրամ: Այս ծախ­սե­րուն մի­ջո­ցով բա­րե­լա­ւո­ւած են ա­ռաջ­նա­գի­ծին սպա­սար­կող են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը եւ ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած են կա­պի մի­ջոց­նե­րը:
— ­Զօ­րա­կո­չո­ւած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րուն դրա­մա­կան ա­ջակ­ցու­թեան տրա­մադ­րում՝ 1.028.476.400 Հ.Հ. դրամ: Տն­տե­սա­վար­կա­յին ա­ջակ­ցու­թիւն տրո­ւած է Լ.Ղ.Հ. գրան­ցում ու­նե­ցող այն կա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք կա՛մ գոր­ծա­զուրկ-ինք­նազ­բա­ղո­ւած էին եւ ո­րոշ ե­կա­մուտ կորսն­ցու­ցած կա­մա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին, կա՛մ հաս­տա­տագ­րո­ւած գու­մա­րի չա­փէն պա­կաս աշ­խա­տա­վարձ կը ստա­նա­յին:
Ն­շենք, որ ընդ­հա­նուր առ­մամբ յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մա­րին մէջ հա­ւա­քո­ւած մի­ջոց­նե­րէն ծախ­սո­ւած է շուրջ 520 մի­լիոն դրամ յա­ւե­լեալ գու­մար, որ ուղ­ղո­ւած է կա­ռա­վա­րու­թեան ար­տա­պիւտ­ճէա­կան հա­շի­ւէն:
­Բա­ցի կա­ռա­վա­րու­թեան յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մա­րին մէջ հա­ւա­քո­ւած գու­մար­նե­րով կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րէն, տար­բեր ֆի­զի­քա­կան եւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ան­ձեր եւս ա­ռան­ձին ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են յատ­կա­պէս ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րու, մե­քե­նա­նե­րու եւ անհ­րա­ժեշտ այլ պա­րա­գա­նե­րու տրա­մադր­ման տես­քով: Իսկ երկ­րա­չա­փա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն զգա­լի մա­սը կա­տա­րած են շի­նա­րա­րա­կան մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը՝ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ի­րենց ծախ­սե­րու մաս­նա­կի հա­տու­ցու­մով:
­Տե­ղե­կաց­նենք, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պաշտ­պա­նու­թեան, անվ­տան­գու­թեան եւ օ­րի­նա­պահ­պա­նու­թեան մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին եւ խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է ա­ւե­լի ման­րա­մասն հա­շո­ւե­տուու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը նե­րա­ռեն նաեւ հան­գա­նա­կո­ւած գու­մար­նե­րու ծախ­սին վե­րա­բե­րեալ գաղտ­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ:
­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով հնա­րա­ւոր դար­ձու­ցած են ներ­կա­յա­ցո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը: ­Մենք մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր կը հա­մա­րենք մեր գոր­ծու­նէու­թեան թա­փան­ցի­կու­թիւնն ու հա­շո­ւե­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ պատ­րաստ ըլ­լա­լով հնա­րա­ւո­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու հան­րու­թեան յա­տուկ հա­շո­ւե­հա­մա­րի մի­ջոց­նե­րը ծախ­սե­լու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը: