Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տեն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան «­Պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն» պե­տա­կան ոչ ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն (Պ.Ո.Ա.Կ.) գոր­ծա­ռոյթ­նե­րէն մէ­կը պահ­պա­նո­ւող հնա­վայ­րե­րու տա­րածք­նե­րուն մէջ պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նելն է: 2005-էն հնա­գի­տա­կան մե­ծա­ծա­ւալ պե­ղում­ներ կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւին ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ, ա­ւե­լի ա­ռաջ սկսած են ­Հադ­րու­թի շրջա­նի Ա­զո­խի քա­րան­ձա­ւի պե­ղում­նե­րը: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, հնա­գի­տա­կան պե­ղում­ներ կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւին նաեւ ­Կար­կա­ռի, ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի Ար­ծո­ւա­շէն հա­մայն­քի մօտ, ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի ­Նոր ­Հայ­կա­ջուր հա­մայն­քի եւ Ա­մա­րա­սի վան­քի տա­րածք­նե­րուն մէջ: ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան «­Պահ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն» Պ.Ո.Ա.Կ.ի հա­ղորդ­մամբ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան «­Պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն» Պ.Ո.Ա.Կ.ի գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու գծով փոխտ­նօ­րէն Նժ­դեհ Ե­րա­նեան ը­սած է, որ Ար­ցա­խի տա­րած­քին հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ֆի­նան­սա­ւոր­մամբ: Այս տա­րի եւս պե­ղում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի ­Նոր ­Կար­մի­րա­ւան գիւ­ղին մէջ: 2016-ի վեր­ջին ­Նոր ­Կար­մի­րա­ւա­նի մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած են Ք.ա. ա­ռա­ջին հա­զա­րա­մեա­կով թո­ւագ­րո­ւող մար­դա­կերպ կո­թող­ներ:
Ան յոյս յայտ­նած է, որ այս տա­րի պի­տի կա­րե­նան շա­րու­նա­կել նաեւ Ա­զո­խի քա­րան­ձա­ւի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը: ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի եւ ­Նոր ­Կար­մի­րա­ւա­նի մէջ պի­տի աշ­խա­տին տե­ղա­կան, իսկ Ա­զո­խի քա­րան­ձա­ւին մէջ` մի­ջազ­գա­յին ար­շա­ւա­խում­բե­րը: