Լ.ՂՀ. պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, Փետրուար 8ին, ժամը մօտ 11:00ին, թշնամիին կողմէ զինադադարի խախտման հետեւանքով՝ մահացու վէրք ստացած է Պ.Բ. պայմանագրային զինծառայող, 1979ի ծնունդ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Նոյն օրը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մէկ այլ (Մարտակերտ) ուղղութեամբ, ժամը մօտ 12:00ին, կրկին թշնամիին կողմէ զինադադարի խախտման հետեւանքով՝ ծանր վիրաւորուած է Պ.Բ. ժամկէտային զինծառայող, 1988ի ծնունդ Կորիւն Կամոյի Կիրակոսեան:
Կը կատարուի քննութիւն:
Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Արցախի մէջ զոհուած է զինուոր մը
Արցախի մէջ զոհուած է զինուոր մը. նաեւ՝ զինուոր մը ծանր վիրաւոր է