«­Մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը» խո­րագ­րով հա­մա­գու­մար եւ քա­ղա­քա­կան շփում­ներ Յու­նաս­տա­նի մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ եր­կօ­րեայ հա­մա­գու­մար մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ 13-15 ­Մարտ 2017ին։
Ա­ռա­ջին ե­լոյ­թը՝ ժո­ղովր­դա­կան հա­ւաք մըն էր, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի օր, 13 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Թ. եւ Ռ. Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, բեր­նէ բե­րան լե­ցուն սրա­հի մը մէջ։
Երկ­րոր­դը՝ ­Պե­ղո­պո­նէ­զի հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին բա­ժան­մուն­քի պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ մըն է՝ որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այ­սօր, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մարտ 2017ին, ­Բան­տիօ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց պատ­կա­նող Փ­լա­քա շրջա­նին մէջ ու­սում­նա­հաս­տա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց խոր­հուր­դի սրա­հին մէջ, ա­ւե­լի՝ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան ուղ­ղո­ւած եւ նա­խա­րա­րի խօս­քի ուղ­ղա­կի թարգ­մա­նու­թեամբ եւ նիւթ ու­նե­նա­լով «­Կով­կա­սի կա­յու­նու­թիւ­նը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ներ­կայ եւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րը»։
­Կազ­մա­կեր­պո­ւած եր­կօ­րեայ ե­լոյթ­նե­րը կը կրէին «­Մեր հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը» ընդ­հա­նուր խո­րա­գի­րը։
Եր­կու ե­լոյթ­նե­րուն ալ գլխա­ւոր խօ­սո­ղը ե­ղաւ Ար­ցա­խէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան։

***

Ձեռ­նար­կը սկսաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան քայ­լեր­գի ունկնդ­րու­թեամբ, յու­զում պատ­ճա­ռե­լով ներ­կա­նե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար բեմ բարձ­րա­ցան Հ. Կ. ­Խա­չի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նի Դ. եւ Ե. դա­սա­րան­նե­րու երկ­սեռ ա­շա­կերտ­նե­րը աս­մուն­քով ու եր­գով։
Ա­նոնք խրոխտ ձայ­նով եւ ե­րաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մեկ­նա­բա­նե­ցին հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խին ձօ­նո­ւած յե­ղա­փո­խա­շունչ բո­վան­դա­կու­թեամբ կտոր մը, ա­պա «­Գե­տա­շէն» մար­տա­կան եր­գը՝ «Ար­ցա­խի դար­պասն ու դու քաջ ­Գե­տա­շէն»ը, օր մը մայր ­Հա­յաս­տա­նին միա­նա­լու ե­րա­զով ու յոյ­սով։

­Վի­տէօի ցու­ցադ­րու­թիւն

­Յու­զում, միա­ժա­մա­նակ յոյս եւ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռող մթնո­լոր­տի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խեան ներ­կան ու ա­պա­գան պատ­կե­րող տե­սաե­րիզ մը, որ բա­ցար­ձա­կա­պէս կապ չու­նէր պա­տե­րազ­մի հետ, այլ կը հան­դի­սադ­րէր այ­սօ­րո­ւան Ար­ցա­խեան հայ­րե­նի­քը իր սքան­չե­լի բնու­թեամբ, վան­քե­րով-ե­կե­ղե­ցի­նե­րով ու յու­շար­ձան­նե­րով, որ­պէս պատ­մա­կան վկան ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի հե­րո­սա­պա­տում­նե­րու, ա­ւե­լին՝ վար­ժա­րա­նա­յին կեան­քը, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ու տնտե­սա­կան վե­րել­քը (գորգ, հիւ­սո­ւա­ծե­ղէն, պտղա­ռա­տու­թիւն, հիւթ, գի­նի, ըմ­պե­լի), տա­րածք այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջու­թեան ան­հա­մե­մատ աճ։
Ա­յո՛, է­ջը դար­ձած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար. մար­դիկ այ­լեւս կը նա­յին դէ­պի ա­պա­գայ, ե­կող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար նոր ու խա­ղաղ կեանք մը պար­գե­ւե­լու հե­ռան­կա­րով ու տես­լա­կա­նով։

«Ար­ցա­խը Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք»

­Վե­րո­յի­շեալ ե­լոյ­թին ընդ­հա­նուր թի­ւով ներ­կայ ե­ղան՝ նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը, Սր­բա­զան հայ­րը, ­Գե­րա­պայ­ծա­ռը, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լին, Կ­րօ­նա­կան դա­սը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան-միու­թե­նա­կան ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րու վար­չու­թիւն­ներ ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ըն­կեր­ներ, ըն­կե­րու­հի­ներ։

­Հայ ­Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի խօս­քը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի խօս­քով պար­զո­ւե­ցաւ նա­խա­րա­րի ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գիրն ու նպա­տա­կը։ Այ­սօր ­Չո­րեք­շաբ­թի օր, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս ծրագ­րո­ւած են քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­ներ, «­Սի­րի­զա», «­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա», «­Փա­սօք» եւ ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեանց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու հետ։ ­Յա­ջոր­դա­բար՝ նա­խա­րա­րը հար­ցազ­րոյց­ներ պի­տի ու­նե­նայ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հետ։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ­կա­կան բաժ­նին, ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ նա­խա­րա­րը ար­դէն իսկ այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս՝ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան, Հ. Կ. ­Խա­չի Ազ­գա­յին «­Զա­ւա­րեան» եւ «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րան­նե­րու նա­խակր­թա­րան­ներն ու «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ար­թա­քի ­Գալ­փա­քեան» նա­խակր­թա­րա­նը, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ման­կա­պար­տէ­զը, ինչ­պէս նաեւ «­Խա­ծի­քի­րիա­քիօ» բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, ուր տա­րի­նե­րէ ի վեր կը հիւ­րըն­կա­լո­ւին Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք ա­մառ­նե­րը ­Յու­նաս­տան կ­’այ­ցե­լեն ­Սի­րոս կղզիին մէջ ի­րենց ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը վա­յե­լե­լու հա­մար։
Այ­ցե­լու­թեանց ծի­րէն ներս նաեւ՝ ­Նէա Զ­միռ­նիի Ե­ղեռ­նի ­Հայ­կա­կան ­Յու­շար­ձան, ա­պա հան­դի­պում շրջա­նի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քի­սին հետ։

­Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի ե­լոյ­թը

Պրն. նա­խա­րա­րը դի­տել տո­ւաւ թէ՝ Ար­ցա­խի հար­ցը մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 տա­րի­նե­րէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը, սկիզբ առ­նե­լով 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, երբ Ատր­պէյ­ճա­նէն եւ ան­կեալ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ակն­կա­լու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ իր ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը պա­հան­ջե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։
­Մեր այս վճռա­կա­նու­թեան մէջ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ջին օ­րէն զգաց, որ ա­ռան­ձինն չէր ու իր կող­քին ու­նէր ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը։
Այս ա­ռի­թով, նա­խա­րա­րը ե­րախ­տա­գի­տա­կան ան­կեղծ խօսք ուղ­ղեց յու­նա­հա­յու­թեան, որ պայ­քա­րի ա­ռա­ջին օ­րէն, ցոյ­ցե­րով, պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ, նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս կանգ­նե­ցաւ, ու մին­չեւ օրս ան­նա­հանջ ո­գիով կը կանգ­նի Ար­ցա­խեան հայ­րե­նի­քի ու մեր ժո­ղո­վուր­դի կող­քին։
­Յու­նա­հա­յու­թեան, ինչ­պէս նաե այլ հա­յա­գա­ղութ­նե­րու այս կե­ցո­ւած­քը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ։
­Նա­խա­րա­րը մատ­նան­շեց, որ ինչ որ կ­’ըլ­լայ Ար­ցա­խի մէջ, մի­՛այն տեղ­ւոյն վրայ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դին հա­մար չէ, այլ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­մայն հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար, քա­նի որ մեր սահ­ման­նե­րը հո­գե­կան ու միա­ցեալ սահ­ման­ներ են, որ բո­լո­րիս կը պատ­կա­նին։
Այս պա­տե­րազ­մի թե­լադ­րա­կա­նու­թե­նէն բխող ի­րա­տես պատ­գա­մը այն ե­ղաւ, որ մենք մեր անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու շնոր­հիւ ոչ միայն յաղ­թե­ցինք, այլ պե­տա­կա­նու­թիւն կազ­մե­լու ճամ­բուն վրայ գտնո­ւե­լով հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­ցինք։

­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն

­Նա­խա­րա­րը այս ա­ռի­թով խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մա­սին, որ ժո­ղովր­դա­յին քուէար­կու­թեամբ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։
­Բա­ցատ­րեց, թէ երկ­րորդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը չնա­խա­ձեռ­նո­ւե­ցաւ ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջի­նը յա­ջող չէր, այլ ա­տոր հար­կը զգա­ցո­ւե­ցաւ ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խո­ւին, կը հա­սուն­նան, ա­ւե­լին՝ եր­կի­րը մուտք գոր­ծած է պե­տա­կա­նու­թեան ամ­բող­ջաց­ման գոր­ծըն­թաց­քի մը մէջ, ուս­տի եւ անհրա­ժեշտ կը նկա­տո­ւէր գո­հաց­նել պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան ու ամ­բող­ջաց­ման կա­րիք­նե­րը։ Ն­շեց, թէ այս նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մշա­կո­ւե­ցաւ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ա­պա­գա­յին որ­պէս ու­րոյն ու լիար­ժէք ու­ղե­ցոյց հա­սա­րա­կա­ցօ­րէն օգ­տա­գոր­ծո­ւե­լու հե­ռան­կա­րով։
­Հան­րա­քո­ւէին ներ­կայ ե­ղան 30 տար­բեր եր­կիր­նե­րէ 100 դի­տորդ­ներ, ո­րոնք հան­րա­քո­ւէի ա­ւար­տին ար­դար ու անս­տո­ւեր բնո­րո­շե­ցին ընտ­րա­կան ձե­ւա­կեր­պու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ ­Դի­տորդ­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը նո­ւի­րո­ւած է պե­տա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րին ու ի գին ա­մէն ին­չի կ­’ու­զէ յա­ջողց­նել այդ մէ­կը։
Իսկ օ­տար պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ըն­դու­նո­ւե­ցան նա­խա­գա­հի ու իմ կող­մէ՝ ան­վե­րա­պահ գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ա­նոր ժո­ղովր­դա­վար գոր­ծե­լա­ձե­ւին մա­սին, յայտ­նե­լով թէ Ար­ցա­խի ընտ­րու­թիւն­նե­րը նա­խան­ձե­լիք բան չու­նին յա­ռա­ջա­դէմ այլ եր­կիր­նե­րու քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րէն։

Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը

­Շա­րու­նա­կե­լով իր զե­կու­ցա­կան խօս­քը, յայտ­նեց թէ՝ Ար­ցա­խը ճա­կա­տագ­րա­կան օ­րեր կ­’ապ­րի։ ­Քա­ռօ­րեայ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մը միաս­նա­կա­նու­թեան ու խի­զա­խու­մի օ­րեր էին՝ ա­զա­տու­թեան ճա­նա­պար­հը ընտ­րած ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար, որ վճռած է չկա­սեց­նել իր ա­զա­տագ­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան եր­թը։
­Մե­զի հա­սած ա­մէ­նա­փոքր օգ­նու­թիւնն ալ մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ եւ ա­մէն ա­ռիթ գնա­հա­տան­քով նշո­ւե­ցաւ։
­Յա­տուկ յար­գան­քով կը նշո­ւի ու կը վկա­յա­կո­չո­ւի մեր հե­րոս մար­տիկ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ ­Գոր­ծո­ւած սխալ­նե­րը կը սրբագ­րո­ւին ու ոչ ար­դիւ­նա­ւոր բա­նե­րէն դա­սեր կը քա­ղենք։
­Ներ­կա­յի տո­ւեալ­նե­րով կը հաս­տա­տենք, թէ այ­սօ՛ր, հայ զի­նո­ւո­րը լիո­վին կը վե­րահս­կէ թշնա­միի ո­րե­ւէ տե­ղա­շարժ ու ոտնձ­գու­թիւն։ Այդ մէ­կը յա­ջողց­նե­լու հա­մար զո­հեր ու­նե­նա­լը ան­խու­սա­փե­լի բան է։
­Լաւ ի­մա­նանք, եզ­րա­փա­կեց նա­խա­րա­րը, պան­ծա­լի ա­զա­տու­թեան հա­մար մա­հը զուր չէ։ Այդ զո­հե­րու շնոր­հիւ է, որ այ­սօր Ար­ցախ, ­Հա­յաս­տան ու Ս­փիւռք ու­նինք։
­Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ մենք կը մտա­ծենք խա­ղա­ղու­թեան եւ ոչ թէ պա­տե­րազ­մի մա­սին։ ­Կը կազ­մա­կեր­պենք եր­կի­րը, աշ­խա­տան­քի դաշ­տե­րը կ­’ընդ­լայ­նենք, շի­նա­կան­նե­րուն գոր­ծի ծրա­գիր­ներ կը հայ­թայ­թենք, դպրոց­նե­րը սե­րունդ կը պատ­րաս­տեն, տնտե­սու­թիւ­նը կ­’ամ­րապն­դո­ւի, որ­պէս­զի Ար­ցա­խեան հրաշ­քը կազ­մա­ւո­րէ ու բիւ­րե­ղաց­նէ մեր ե­րի­տա­սարդ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Ար­ցա­խը կը ներգ­րա­ւէ հա­յեր

Իր խօս­քի ա­ւար­տին, նա­խա­րա­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մագ­նի­սա­կան դաշտ դար­ձած է այլ եր­կիր­նե­րէ հա­յե­րու, ո­րոնք կու­գան հոն, կը ճանչ­նան, կը ներգ­րա­ւո­ւին ու կը հաս­տա­տո­ւին այդ հո­ղին վրայ ի­րենց կեանքն ու ա­պա­գան հոն շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։
Այս­պէս, Ա­րցա­խեան հայ­րե­նիք հաս­տա­տո­ւած են ­Սու­րիա­հա­յեր, ­Յոր­դա­նա­նէն, Ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րէ, Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան տե­ղե­րէ, ինչ­պէս Ֆ­րան­սա։
Ա­նոնք բո­լորն ալ Ար­ցա­խի մէջ կը գտնեն այն՝ որ ու­րիշ տեղ չեն գտներ։

­Հար­ցում — պա­տաս­խան

Իր խօս­քի ա­ւար­տին, նա­խա­րա­րը պա­տաս­խա­նեց 6-7 հար­ցում­նե­րու, ո­րոնք մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ըն­կա­լուե­ցան հա­մա­գու­մա­րեալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։
Կ’ամ­փո­փենք ու խտա­ցած ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նենք ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թիւ­նը.-

— ­Հար­ցու­մի մը, թէ ­Լա­չի­նէն ու ­Վար­դե­նի­սէն զատ՝ ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ հա­ղոր­դակ­ցե­լու-ճա­նա­պար­հոր­դե­լու այլ մի­ջոց­ներ նա­խա­տե­սո­ւա՞ծ են, նա­խա­րա­րը խօ­սե­ցաւ ­Մար­տա­կեր­տի բա­ցո­ւած ճա­նա­պար­հին մա­սին, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը մին­չեւ ա­շուն ա­ւար­տած պի­տի ըլ­լան, քա­նի Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն Ե­րե­ւան եր­թա­լու հա­մար ե­թէ 4-5 ժամ անհ­րա­ժեշտ է, իսկ շա­հա­գործ­ման յանձ­նո­ւե­լիք նոր ճա­նա­պար­հէն հա­զիւ 4 ժա­մէն, ինչ որ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րէն կը նա­խընտ­րո­ւի յատ­կա­պէս ի­րենց ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը Ե­րե­ւան հասց­նել ու վա­ճա­ռել նա­խա­տե­սող գոր­ծը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար։

— ­Հար­ցու­մի մը, ե­թէ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նը կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւի, պրն. ­Միր­զո­յեան բա­ցատ­րեց թէ, օ­դա­կա­յա­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կը գոր­ծէ ու ներ­քին կա­րիք­ներ կը գո­հաց­նէ։ Ա­պա­գա­յին լիար­ժէք պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի ար­տա­սահ­մա­նեան ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ թռիչք­նե­րու հա­մար եւս։
Այս մա­սին խօ­սո­ւած է նաեւ Ար­ցա­խի հար­ցով զբա­ղո­ւող հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ ալ։ «­Մենք հրա­ժա­րած չենք այդ ծրագ­րէն եւ այդ քայ­լին պի­տի դի­մենք ան­պայ­ման» եզ­րա­փա­կեց նա­խա­րա­րը։

— ­Հար­ցու­մի մը, թէ ի՞նչ է բնակ­չու­թեան թի­ւը Ար­ցա­խի մէջ այ­սօր, նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցուց բնակ­չու­թեան թո­ւա­յին ներ­կայ պատ­կե­րը։
Ար­ցա­խի թի­ւը կը կազ­մէ 151.000 բնա­կիչ։ Ար­տաք­նայ աշ­խա­տան­քի պատ­ճա­ռով, այդ թի­ւը սահ­մա­նա­փա­կո­ւած է 140.000ի, ըստ վեր­ջին մեր մար­դա­հա­մա­րին։ Բ­նակ­չու­թիւ­նը դան­դաղ կեր­պով կ­’ա­ճի, բայց կ­’ա­ճի՜։
Ար­ցա­խի մէջ այ­լազ­գի­ներ ալ կ­’ապ­րին, ինչ­պէս սլա­ւո­նա­կան ծա­գում ու­նե­ցող­ներ, ռու­սեր, ուք­րա­նա­ցի­ներ, պե­լո­ռուս­ներ, ֆրան­սա­ցի­ներ, յոյ­ներ՝ ծա­գու­մով պոն­տոս­ցի­ներ, ո­րոնք ան­ցեա­լին մե­ծա­թիւ հա­մայնք մը կը կազ­մէին, սա­կայն պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով օգ­տո­ւե­ցան յու­նա­կան օ­րէնք­նե­րէ եւ ե­կան հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տան։ ­Կան նաեւ ա­զե­րի­ներ։
­Մեր մօտ ազ­գա­յին խտրա­կա­նու­թիւն չկայ. ո՛վ որ կ­’ըն­դու­նի մեր ար­ժէք­նե­րը կրնայ ապ­րիլ մեր մօտ։

— ­Հար­ցու­մի մը, ե­թէ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը ինչ­պէ՞ս կը զար­գա­նայ, նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ ճա­նա­չու­մը կը կազ­մէ Ար­ցա­խի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։
­Ճա­նա­չու­մի գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւե­լի դիւ­րին կը յա­ջո­ղո­ւի ե­թէ երկ­րէն ներս խա­ղա­ղու­թիւն ու կա­յու­նու­թիւն հաս­տա­տո­ւի։ ­Մեր կար­գին, կը հա­ւա­տանք, որ երկ­րի կա­յու­նու­թիւ­նը կրնայ ազ­դել Ար­ցա­խի հար­ցի լուծ­ման։ Իսկ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը եր­կա­րար­տեւ եւ լա­րո­ւած աշ­խա­տանք կ­’ու­զէ։
Ե­թէ երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը բա­րե­լա­ւո­ւի ու բար­գա­ւա­ճի, ա­ւե­լի շուտ կը հաս­նինք այդ նպա­տա­կին։

— ­Հար­ցու­մի մը, թէ լա­րո­ւա­ծու­թիւնը ի՞նչ ձե­ւով կ­’ազ­դէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջաց­ման, նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը սկսած է 2004-2005էն։
Ս­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին յա­ճախ խօ­սած ենք միջ­նորդ­նե­րուն հետ ու նկա­տել տո­ւած ի­րենց որ աչք գո­ցե­լը, կամ ան­հաս­ցէ կո­չե­րը չեն նպաս­տեր լա­րո­ւա­ծու­թեան լուծ­ման, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ կը նպաս­տեն սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծա­ւալ­ման։
Ի դէպ, միջ­նորդ­նե­րը հա­մո­զո­ւած են թէ Ար­ցա­խի հար­ցը միայն խա­ղա­ղու­թեան ճամ­բով կը լու­ծո­ւի եւ ոչ թէ պա­տե­րազ­մով։

— ­Հար­ցու­մի մը, թէ ին­չո՞ւ մեր դէմ գոր­ծո­ւած յար­ձա­կում­նե­րուն, կամ խժդժու­թիւն­նե­րուն, ա­ւե­լի խիստ վե­րա­բե­րում չենք դրսե­ւո­րեր, նա­խա­րա­րը յստա­կա­ցուց, թէ պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը գոր­ծադ­րո­ւին ու կը հրա­պա­րա­կո­ւին մեր կող­մէ, մինչ­դեռ Ատր­պէյ­ճան, որ բռնա­տի­րա­կան եր­կիր մըն է, գաղտ­նի կը պա­հէ շատ բան, նոյ­նիսկ՝ պատ­ժիչ ա­րարք­նե­րը չի հրա­պա­րա­կեր, զոհ զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն դրամ կու­տայ ու կը ստի­պէ, որ հրա­պա­րա­կաւ չխօ­սին։
­Հա­յաս­տա­նի հե­տա­խու­զու­թիւ­նը շատ լաւ կ­’աշ­խա­տի. այլ մար­մին­ներ ալ փայ­լուն գոր­ծու­նէու­թիւն կ­’ու­նե­նան։

— ­Հար­ցու­մի մը, թէ Ապ­րի­լեան ի­րա­վի­ճա­կը ին­չո՞ւ ա­նակն­կա­լի մատ­նեց բա­նա­կը, նա­խա­րա­րը վեր­լու­ծեց, թէ ինչ­պէս կ­’ըն­կա­լո­ւի ռազ­մա­կան տոքթ­րի­նը յա­ճախ հա­մա­պա­տաս­խան պէտք է ըլ­լայ ռազ­մա­կան կա­նոն­նե­րու։
Ին­քը՝ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մը կը հաս­տա­տէ, թէ յաղ­թա­նակ մըն էր հա­յոց բա­նա­կին հա­մար, իսկ այդ խօս­քե­րը, թէ ին­չո՞ւ չի վե­րագ­րա­ւեր գրա­ւո­ւած ո­րոշ վայ­րե­րը, դի­տել տո­ւաւ թէ ա­նոնք վե­րագ­րա­ւե­լը կա­րե­լի է, սա­կայն Ար­ցախ խա­ղա­ղու­թեամբ կ­’ու­զէ շա­րու­նա­կել իր կեան­քը եւ ոչ թէ պա­տե­րազ­մով։
­Կը փա­փա­քի, որ մեր զի­նո­ւոր­նե­րը ապ­րին, ըն­տա­նիք կազ­մեն, շա­րու­նա­կեն ի­րենց կեան­քը յա­նուն հայ­րե­նի­քի ու մարդ­կու­թեան։
­Բայց գիտ­նանք նաեւ, որ միշտ ալ «խեն­թեր» կան ու շնոր­հիւ այդ «խեն­թե­րուն» Ար­ցա­խը ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ։ Այդ ի­մաս­տով ալ կար­դա­ցէք ու սի­րե­ցէք մեր ան­զու­գա­կան գրող ­Րաֆ­ֆիի պատ­մա­վէ­պը՝ «­Խեն­թը» ը­սաւ։